Judges 13
Joshua « Judges 12 ‹ Judges 13 › Judges 14 » Ruth
ՍԱՄՓՍՈՆԻ ԾՆՈՒՆԴԸ
1Իսրայէլի որդիները Տէրոջ 1առջեւ վերստին չարիք գործեցին. ուստի Տէրը զանոնք քառասուն տարի Փղշտացիներուն ձեռքը մատնեց։
2Դանի գերդաստանէն Մանուէ անունով սարաացի մարդ մը կար, որուն կինը ամուլ էր ու զաւակ չէր ծնաներ։
3Տէրոջ հրեշտակը այս կնոջ երեւցաւ եւ անոր ըսաւ. «Ահա՛ դուն այժմ ամուլ ես ու չես ծնանիր. բայց պիտի յղանաս եւ որդի մը պիտի ծնանիս։
4Ուստի հիմա 2զգուշացի՛ր որ գինի կամ օղի չխմես, ո՛չ ալ անմաքուր բան մը ուտես.
5արդարեւ ահա՛ պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս, եւ անոր գլուխին վրայ ածելի պիտի 3չանցնի, քանի որ այդ տղան իր մօր 4արգանդէն Աստուծոյ 5ուխտաւորը պիտի ըլլայ. ի՛նք պիտի սկսի Իսրայէլը ազատել Փղշտացիներուն ձեռքէն»։
6Յետոյ կինը գնաց ու իր ամուսինին պատմեց՝ ըսելով. «Աստուծոյ մարդ մը ինծի եկաւ. անոր տեսքը Աստուծոյ հրեշտակի տեսքին պէս յոյժ ահարկու էր. անոր ուրկէ՛ ըլլալը չհարցուցի, ո՛չ ալ ան իր անունը ինծի հաղորդեց։
7Բայց ինծի ըսաւ. “Ահա՛ պիտի յղանաս եւ որդի մը պիտի ծնանիս։ Ուստի հիմա գինի կամ օղի մի՛ խմեր, ու ո՛չ մէկ անմաքուր բան կեր. քանի որ այդ տղան իր մօր արգանդէն մինչեւ իր մահուան օրը՝ Աստուծոյ ուխտաւորը պիտի ըլլայ”»։
8Մանուէ Տէրոջ թախանձեց՝ ըսելով. «Ո՜վ Տէր, կ’աղերսե՛մ, այն Աստուծոյ մարդը՝ որ դո՛ւն ղրկեցիր, անգա՛մ մըն ալ մեզի թող գայ ու մեզի սորվեցնէ թէ այդ ծնելիք տղային ի՛նչ ընենք»։
9Աստուած Մանուէի խօսքը մտիկ ըրաւ, եւ Աստուծոյ հրեշտակը անգամ մըն ալ կնոջ եկաւ՝ երբ արտին մէջ նստած էր, բայց անոր ամուսինը՝ Մանուէ՝ իրեն հետ չէր։
10Կինը շուտով վազեց, ամուսինին պատմեց ու անոր ըսաւ. «Ահա՛ այն օրը ինծի եկող մարդը դարձեալ ինծի երեւցաւ»։
11Մանուէ կանգնեցաւ, իր կնոջ հետեւեցաւ, այն մարդուն քով եկաւ եւ անոր ըսաւ. «Այս կնոջ հետ խօսող մարդը դո՞ւն ես»։ Ան ալ ըսաւ. «Ես եմ»։
12Մանուէ ըսաւ. «Երբ քու խօսքդ իրագործուի, տղային կանոնը ի՞նչ պիտի ըլլայ, 6ի՞նչ ընելու է՝՝»։
13Տէրոջ հրեշտակը Մանուէի ըսաւ. «Կինը բոլոր ըսածներէս թող զգուշանայ.
147որթատունկէն ելած ո՛չ մէկ բան թող ուտէ, գինի կամ օղի թող չխմէ, ո՛չ մէկ անմաքուր բան թող ուտէ. ամէն ինչ որ իրեն պատուիրեցի՝ թող պահէ»։
15Մանուէ Տէրոջ հրեշտակին ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, քեզ մեր 8քով պահենք՝՝, մինչեւ որ քեզի այծերէն ուլ մը պատրաստենք»։
16Տէրոջ հրեշտակը Մանուէի ըսաւ. «Եթէ զիս քովդ պահես ալ՝ քու հացէդ պիտի չուտեմ. բայց եթէ ողջակէզ պիտի մատուցանես, զայն Տէրո՛ջ մատուցանէ»։ Արդարեւ Մանուէ չէր գիտեր թէ ան Տէրոջ հրեշտակն է։
17Մանուէ Տէրոջ հրեշտակին ըսաւ. «Անունդ ի՞նչ է, որպէսզի երբ խօսքդ իրագործուի՝ քեզ պատուենք»։
18Տէրոջ հրեշտակը անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ անունս այսպէս կը հարցնես. ան սքանչելի է»։
19Մանուէ 9ուլը եւ հացի ընծան առաւ, ու վէմին վրայ Տէրոջ մատուցանեց. հրեշտակն ալ սքանչելիք մը ըրաւ, մինչ Մանուէ եւ իր կինը կը նայէին։
20Արդարեւ երբ բոցը զոհասեղանէն դէպի երկինք կը բարձրանար, Տէրոջ հրեշտակն ալ զոհասեղանին բոցով բարձրացաւ. ասիկա տեսնելով՝ Մանուէ ու իր կինը երեսի վրայ գետին ինկան։
21Տէրոջ հրեշտակը ա՛լ Մանուէի եւ անոր կնոջ չերեւցաւ. այն ատեն Մանուէ հասկցաւ թէ ան Տէրոջ հրեշտակն էր։
22Մանուէ իր կնոջ ըսաւ. «Անշուշտ պիտի մեռնինք, որովհետեւ Աստուած տեսանք»։
23Իսկ իր կինը իրեն ըսաւ. «Եթէ Տէրը բաղձար մեզ մեռցնել, մեր ձեռքէն չէր ընդուներ ողջակէզն ու հացի ընծան. այս բոլոր բաները մեզի ցոյց չէր տար, եւ այս ատեն մեզի լսել չէր տար այսպիսի խօսքեր»։
24Կինը որդի մը ծնաւ, ու անոր անունը Սամփսոն կոչեց. տղան մեծցաւ, Տէրը զինք օրհնեց,
25եւ Տէրոջ Հոգին սկսաւ զինք մղել Սարաայի ու Եսթաւուղի մէջտեղ՝ 10Դանի բանակավայրին մէջ։