Judges 14
Joshua « Judges 13 ‹ Judges 14 › Judges 15 » Ruth
ՍԱՄՓՍՈՆ ԵՒ ԹԱՄՆԱԹԱՑԻ ԱՂՋԻԿԸ
1Սամփսոն Թամնաթա իջաւ, եւ Թամնաթայի մէջ Փղշտացիներու աղջիկներէն կին մը տեսաւ։
2Երբ իր տունը բարձրացաւ, իր հօր ու մօր պատմեց, եւ ըսաւ. «Թամնաթայի մէջ Փղշտացիներու աղջիկներէն կին մը տեսայ. հիմա զայն ինծի՛ առէք՝ իբր կին»։
3Անոր հայրն ու մայրը իրեն ըսին. «Միթէ քու եղբայրներուդ աղջիկներուն մէջ, եւ իմ ամբողջ ժողովուրդիս մէջ կին չկա՞յ, որ դուն անթլփատ Փղշտացիներէն կին առնելու պիտի երթաս»։ Բայց Սամփսոն իր հօր ըսաւ. «Զա՛յն առ ինծի, քանի ան 1ինծի հաճելի՝՝ է»։
4Անոր հայրն ու մայրը չէին գիտեր թէ ասիկա Տէրոջմէն էր, քանի որ ան առիթ մը կը կը փնտռէր՝ Փղշտացիներուն դէմ կռուելու. այդ ատեն Փղշտացինե՛րը կը տիրէին Իսրայէլի վրայ։
5Սամփսոն իր հօր ու մօր հետ Թամնաթա իջաւ։ Երբ Թամնաթայի այգիները հասան, ահա՛ առիւծի կորիւն մը մռնչելով իրեն դէմ եկաւ։
6Տէրոջ Հոգին զինք համակեց, եւ ուլ մը ճեղքելու պէս՝ զայն ճեղքեց, թէպէտ ոչինչ ունէր ձեռքին մէջ. ըրածը իր հօր եւ մօր չպատմեց։
7Յետոյ իջաւ, կնոջ հետ խօսեցաւ, ու կինը Սամփսոնի 2հաճելի թուեցաւ՝՝։
8Ժամանակէ մը ետք, երբ վերադարձաւ 3կինը առնելու, առիւծին դիակը տեսնելու համար՝ իր ճամբայէն շեղեցաւ. եւ ահա՛ առիւծին մարմինին մէջ մեղուներու խումբ մը կար, նաեւ մեղր։
9Անկէ ափին մէջ առաւ եւ ուտելով կ’երթար. իր հօր ու մօր գնաց եւ անոնց ալ տուաւ, ու կերան. բայց անոնց չիմացուց թէ մեղրը առիւծին մարմինէն հաներ էր։
10Իր հայրը այդ կնոջ քով իջաւ, եւ Սամփսոն հոն խնճոյք մը սարքեց, քանի որ երիտասարդները այդպէս կ’ընէին։
11Երբ զինք տեսան, երեսուն ընկեր բերին՝ որ իրեն հետ ըլլան։
12Սամփսոն անոնց ըսաւ. «Այժմ ձեզի հանելուկ մը պիտի առաջարկեմ. եթէ զայն այս խնճոյքին եօթը օրուան մէջ ինծի բացատրէք եւ գտնէք, ես ալ ձեզի երեսուն 4շապիկ ու երեսուն փոխելիք հագուստ պիտի տամ։
13Բայց եթէ չկարենաք զայն ինծի բացատրել, դո՛ւք ինծի երեսուն շապիկ ու երեսուն փոխելիք հագուստ պիտի տաք»։ Անոնք ալ իրեն ըսին. «Առաջարկէ՛ մեզի հանելուկդ, որպէսզի լսենք»։
14Անոնց ըսաւ. «Ուտողէն ուտելիք ելաւ, եւ զօրեղէն քաղցրութիւն ելաւ»։ Անոնք այս հանելուկը երեք օրուան մէջ չկրցան բացատրել։
155Եօթներորդ օրը Սամփսոնի կնոջ ըսին. «Հրապուրէ՛ ամուսինդ՝ որ հանելուկը մեզի բացատրէ, որպէսզի քեզ ու հօրդ տունը կրակով չայրենք։ Մեզ թշուառացնելո՞ւ համար կանչեցիք. այդպէս չէ՞»։
16Սամփսոնի կինը անոր քով կու լար եւ կ’ըսէր. «Դուն զիս միայն կ’ատես, բնա՛ւ չես սիրեր. իմ ժողովուրդիս որդիներուն հանելուկ մը առաջարկեցիր, բայց ինծի չբացատրեցիր»։ Ինք ալ անոր կ’ըսէր. «Ահա՛ իմ հօրս եւ մօրս չբացատրեցի, ու քեզի՞ պիտի բացատրեմ»։
17Բայց ան իրենց խնճոյքին եօթը օրուան մէջ իր քով լացաւ. Սամփսոն եօթներորդ օրը անոր բացատրեց, քանի զինք կը տուայտեցնէր։ Ան ալ իր ժողովուրդին որդիներուն բացատրեց հանելուկը։
18Քաղաքին մարդիկը եօթներորդ օրը՝ արեւին մայր մտնելէն առաջ անոր ըսին. «Մեղրէն քաղցր եւ առիւծէն զօրեղ ի՞նչ կայ»։ Ինք ալ անոնց ըսաւ. «Եթէ դուք իմ երինջովս չհերկէիք, հանելուկս չէիք կրնար գտնել»։
19Տէրոջ Հոգին զինք համակեց, ու Ասկաղոն իջնելով՝ անոնցմէ երեսուն մարդ 6մեռցուց, անոնց 7հագուստները առաւ, եւ հանելուկը բացատրողներուն տուաւ իբր փոխնորդ։ Իր բարկութիւնը բորբոքած ըլլալով՝ իր հօր տունը բարձրացաւ։
20Իսկ Սամփսոնի կինը անոր ընկերին տրուեցաւ, որուն հետ բարեկամացեր էր։