Loading...

Judges 15

Joshua  «  Judges 14  ‹  Judges 15  ›  Judges 16  »  Ruth


1

Ժամանակէ մը ետք, ցորենի հունձքի օրերը, Սամփսոն այծերէն ուլ մը առնելով իր կնոջ այցելեց, եւ ըսաւ. «Կնոջս քով պիտի մտնեմ՝ ներքին սենեակը»։ Բայց անոր հայրը իրեն չթոյլատրեց որ մտնէ։

2

Անոր հայրը ըսաւ. «Ի՛րապէս 1կարծեցի թէ դուն զայն բոլորովին ատեցիր. ուստի զայն ընկերիդ տուի։ Անոր պզտիկ քոյրը անկէ վայելչագեղ չէ՞. այժմ անիկա՛ քեզի կին թող ըլլայ՝ անոր տեղը»։

3

Սամփսոն 2անոնց ըսաւ. «Այս անգամ Փղշտացիներուն հանդէպ անմեղ պիտի ըլլամ, եթէ անոնց չարիք ընեմ»։

4

Սամփսոն գնաց, երեք հարիւր աղուէս բռնեց, ջահեր առաւ, եւ աղուէսները պոչ պոչի դարձնելով՝ երկու պոչերուն մէջտեղ ջահ մը դրաւ։

5

Ջահերը կրակով բռնկեցնելէն ետք՝ զանոնք Փղշտացիներու հասուն ցորենին մէջ արձակեց. թէ՛ խուրձերը, թէ՛ հասուն ցորենը այրեց, մինչեւ անգամ այգիներն ու ձիթենիները։

6

Փղշտացիները ըսին. «Այս բանը ո՞վ ըրաւ»։ Իրենց պատասխանեցին. «Թամնաթացիին փեսան՝ Սամփսոն. քանի որ անոր կինը առաւ եւ անոր ընկերին տուաւ»։ Փղշտացիները բարձրացան, ու կինը եւ անոր հայրը կրակով այրեցին։

7

Իսկ Սամփսոն անոնց ըսաւ. «Թէպէտ դուք այսպէս ըրիք, բայց ես վրէժս պիտի առնեմ ձեզմէ, յետոյ պիտի դադրիմ»։

8

Զանոնք մեծ 3հարուածով մը զարկաւ՝ սրունքէն մինչեւ ազդրը՝՝. ապա իջաւ Ետամ, ու ժայռին ծերպը բնակեցաւ։


ՍԱՄՓՍՈՆ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ

9

Փղշտացիները բարձրացան, Յուդայի մէջ բանակեցան եւ Լեքիի մէջ տարածուեցան։

10

Յուդայեանները ըսին. «Ինչո՞ւ մեզի դէմ բարձրացաք»։ Անոնք ալ պատասխանեցին. «Սամփսոնը կապելու համար բարձրացանք, որպէսզի իրեն ընենք ինչպէս որ մեզի ըրաւ»։

11

Յուդայէ երեք հազար մարդիկ Ետամ իջան՝ ժայռին ծերպը, ու Սամփսոնի ըսին. «Չե՞ս գիտեր թէ Փղշտացինե՛րը մեզ կը կառավարեն. ինչո՞ւ այս բանը մեզի ըրիր»։ Ինք ալ անոնց ըսաւ. «Անոնք ինծի ինչպէս ըրին, ես ալ անոնց այնպէս ըրի»։

12

Իրեն ըսին. «Մենք իջանք որ քեզ կապենք եւ Փղշտացիներուն ձեռքը յանձնենք»։ Սամփսոն անոնց ըսաւ. «Ինծի երդում ըրէք թէ դո՛ւք իմ վրաս պիտի չյարձակիք»։

13

Անոնք ալ իրեն ըսին. «Ո՛չ, քեզ պիտի չմեռցնենք. բայց քեզ պիտի կապենք եւ անոնց ձեռքը յանձնենք»։ Զինք երկու նոր փոկով կապեցին, ու ժայռէն դուրս 4հանեցին։

14

Երբ Լեքի հասաւ, Փղշտացիները գոռալով զինք դիմաւորեցին։ Տէրոջ Հոգին զինք համակեց, եւ իր բազուկներուն վրայ եղող փոկերը կրակէն այրուած վուշի պէս եղան, ու կապերը ձեռքերէն քակուեցան։

15

Յետոյ իշու թարմ ծնօտ մը գտնելով՝ ձեռքը երկարեց, զայն առաւ, եւ անով հազար մարդ 5մեռցուց։

16

Սամփսոն ըսաւ. «Իշու ծնօտով՝ մէկ զանգուած, երկու զանգուած, Իշու ծնօտով՝ հազար մարդ մեռցուցի»։

17

Երբ խօսիլը աւարտեց՝ ծնօտը ձեռքէն նետեց, եւ այդ տեղը 6Ռամաթ-Լեքի կոչեց։

18

Չափազանց ծարաւնալով՝ Տէրոջ գոչեց. «Դուն այս մեծ փրկութիւնը տուիր քու ծառայիդ ձեռքով. իսկ ես հիմա ծարաւէ՞ն պիտի մեռնիմ եւ անթլփատներուն ձե՞ռքը պիտի իյնամ»։

19

Աստուած 7Լեքիի մէջ եղող փոսը ճեղքեց ու անկէ ջուր ելաւ. Սամփսոն խմեց, հոգին իրեն վերադարձաւ, եւ վերապրեցաւ. հետեւաբար անոր անունը 8Ենգօրէ կոչուեցաւ, որ Լեքիի մէջ է մինչեւ այսօր։

20

Սամփսոն Փղշտացիներուն ժամանակ Իսրայէլի մէջ քսան տարի դատաւոր եղաւ։



1 Եբր.՝ ըսի
2 Կամ՝ անոնց համար
3 Այսինքն՝ պարտութեան մատնեց
4 Եբր.՝բարձրացուցին
5 Եբր.՝ զարկաւ
6 Այսինքն՝ ծնօտի բլուր
7 Կամ՝ ծնօտին
8 Այսինքն՝ կանչողին աղբիւրը