Loading...

Judges 16

Joshua  «  Judges 15  ‹  Judges 16  ›  Judges 17  »  Ruth


ՍԱՄՓՍՈՆ ԳԱԶԱՅԻ ՄԷՋ

1

Սամփսոն Գազա գնաց, ու հոն պոռնիկ կին մը տեսաւ եւ անոր մտաւ։

2

Գազացիներուն ըսուեցաւ. «Սամփսոն հոս եկած է»։ Ուստի զինք շրջապատեցին, ու քաղաքին դուռը ամբողջ գիշերը անոր դէմ դարան մտան։ Ամբողջ գիշերը լուռ կեցան եւ ըսին. «Առտուն՝ երբ լոյս ըլլայ՝ զինք կը մեռցնենք»։

3

Սամփսոն մինչեւ կէս գիշեր պառկեցաւ. կէս գիշերին ելաւ, քաղաքին դրան փեղկերը երկու դրանդիներով բռնեց, զանոնք նիգով միասին փրցուց, եւ ուսերուն վրայ դնելով՝ զանոնք Քեբրոնի դիմացի լերան գագաթը բարձրացուց։


ՍԱՄՓՍՈՆ ԵՒ ԴԱԼԻԼԱ

4

Անկէ ետք Սովրեկի ձորին մէջ բնակող կին մը սիրեց. անոր անունը Դալիլա էր։

5

Փղշտացիներուն նախարարները կնոջ քով բարձրացան եւ անոր ըսին. «Հրապուրէ՛ զինք ու 1հասկցի՛ր թէ իր մեծ ոյժը ուրկէ՛ է, եւ թէ ի՛նչպէս կրնանք իրեն յաղթել, որպէսզի զինք կապենք ու զսպենք. եւ քեզի իւրաքանչիւրս հազար հարիւր կտոր արծաթ կու տանք»։

6

Ուստի Դալիլա Սամփսոնի ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, իմացո՛ւր ինծի թէ քու մեծ ոյժդ ուրկէ՛ է, ու քեզ զսպելու համար ինչո՛վ պէտք է կապուիս»։

7

Սամփսոն անոր ըսաւ. «Եթէ զիս եօթը չչորցած 2թարմ լարերով՝՝ կապեն, կը տկարանամ եւ ամէն մարդու պէս կ’ըլլամ»։

8

Փղշտացիներուն նախարարները անոր եօթը չչորցած թարմ լարեր 3բերին, ու զինք անոնցմով կապեց։

9

Անոր քով՝ ներքին սենեակին մէջ դարանակալներ կեցած էին. ան իրեն ըսաւ. «Սամփսո՛ն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան»։ Ինք ալ լարերը փրցուց, ինչպէս խծուծէ թելը կը փրթի 4կրակի հոտէն՝՝։ Հետեւաբար իր ոյժին գաղտնիքը չհասկցուեցաւ։

10

Դալիլա Սամփսոնի ըսաւ. «Ահա՛ զիս հեգնեցիր եւ ինծի սուտ խօսեցար. հիմա կ’աղերսե՛մ, իմացո՛ւր ինծի թէ ինչո՛վ պէտք է կապուիս»։

11

Ինք ալ ըսաւ. «Եթէ զիս նոր ու 5չգործածուած փոկերով լա՛ւ կապեն, կը տկարանամ եւ ամէն մարդու պէս կ’ըլլամ»։

12

Դալիլա նոր փոկեր առաւ, զինք անոնցմով կապեց եւ իրեն ըսաւ. «Սամփսո՛ն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան»։ (Ներքին սենեակին մէջ դարանակալներ կեցած էին։) Իսկ ինք զանոնք իր բազուկներէն դերձանի պէս փրցուց։

13

Դալիլա Սամփսոնի ըսաւ. «Մինչեւ հիմա զիս հեգնեցիր ու ինծի սուտ խօսեցար։ Իմացո՛ւր ինծի թէ ինչո՛վ պէտք է կապուիս»։ Ինք ալ անոր ըսաւ. «Եթէ գլուխիս եօթը 6գիսակները 7ազբով հիւսես»։

14

Ան այդպէս ըրաւ, ոստայնին սեպով ամրացուց, եւ իրեն ըսաւ. «Սամփսո՛ն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան»։ Ինք ալ քունէն արթնցաւ, ու 8ոստայնը, սեպը եւ ազբը փրցուց։

15

Ուստի Դալիլա իրեն ըսաւ. «Ի՞նչպէս կ’ըսես. “Քեզ կը սիրեմ”, մինչ սիրտդ ինծի հետ չէ։ Այս երեք անգամ է որ զիս հեգնեցիր, ու ինծի չիմացուցիր թէ քու մեծ ոյժդ ուրկէ՛ է»։

16

Քանի ան իր խօսքերով ամէն օր զինք կը տուայտեցնէր եւ զինք կը հարկադրէր, իր անձը մեռնելու աստիճան վհատեցաւ.

17

ուստի իր սիրտին մէջ ամբողջ եղածը անոր իմացուց, ու անոր ըսաւ. «Իմ գլուխիս վրայ ածելի 9անցած չէ, քանի մօրս 10արգանդէն ես Աստուծոյ 11ուխտաւոր եմ։ Եթէ ածիլուիմ, իմ ոյժս ինձմէ կ’երթայ, կը տկարանամ եւ ամէն մարդու պէս կ’ըլլամ»։

18

Երբ Դալիլա տեսաւ թէ ան իր սիրտին մէջ ամբողջ եղածը իրեն իմացուց, մարդ ղրկեց ու Փղշտացիներուն նախարարները կանչեց՝ ըսելով. «Այս անգամ բարձրացէ՛ք, քանի իր սիրտին մէջ ամբողջ եղածը ինծի յայտնեց»։ Ուստի Փղշտացիներուն նախարարները անոր քով բարձրացան, եւ արծաթն ալ իրենց 12հետ բերին։

19

Դալիլա զայն իր ծունկերուն վրայ քնացուց, մարդ մը կանչեց ու անոր գլուխին եօթը գիսակները ածիլել տուաւ, եւ սկսաւ զայն զսպել (անոր ոյժը իրմէ հեռացած էր)։

20

Կինը ըսաւ. «Սամփսո՛ն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան»։ Ինք ալ քունէն արթննալով՝ ըսաւ. «Միւս անգամներուն պէս դուրս պիտի ելլեմ ու թօթուուիմ»։ Սակայն չէր գիտեր թէ Տէրը իրմէ հեռացած էր։

21

Փղշտացիները զինք բռնեցին, իր աչքերը փորեցին եւ զինք Գազա իջեցուցին. պղինձէ շղթաներով կապեցին, ու բանտին մէջ 13աղօրիքի քար կը դարձնէր՝՝։


ՍԱՄՓՍՈՆԻ ՄԱՀԸ

22

Ածիլուելէն ետք՝ անոր գլուխին մազը սկսաւ բուսնիլ։

23

Փղշտացիներուն նախարարները հաւաքուեցան, որպէսզի իրենց աստուծոյն՝ Դագոնի մեծ զոհ մատուցանեն եւ ուրախանան, քանի որ կ’ըսէին. «Մեր աստուածը մեր ձեռքը մատնեց մեր թշնամին՝ Սամփսոնը»։

24

Երբ ժողովուրդը զինք տեսաւ, իրենց աստուածը գովաբանեցին, քանի որ ըսին. «Մեր աստուածը մեր ձեռքը մատնեց մեր թշնամին, մեր երկիրը աւերողը եւ մեզմէ շատեր մեռցնողը»։

25

Երբ անոնց սիրտը զուարթացած էր, ըսին. «Սամփսո՛նը կանչեցէք, որ մեզ զբօսցնէ»։ Ուստի Սամփսոնը բանտէն կանչեցին, ու զիրենք զբօսցուց. ապա զինք սիւներուն մէջտեղ 14տեղաւորեցին։

26

Սամփսոն իր ձեռքէն բռնող պատանիին ըսաւ. «Արտօնէ՛ ինծի, որ շօշափեմ սիւները՝ որոնց վրայ այս տունը հաստատուած է, եւ անոնց վրայ կռթնիմ»։

27

Տունը այր մարդիկներով ու կիներով լեցուած էր. Փղշտացիներուն բոլոր նախարարները հոն էին, եւ տանիքին վրայ երեք հազարի չափ մարդիկ ու կիներ կային, որոնք Սամփսոնի խեղկատակութիւնները կը դիտէին։

28

Սամփսոն Տէրոջ գոչելով ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Եհովա, կ’աղերսե՛մ, յիշէ՛ զիս. ո՛վ Աստուած, կ’աղերսե՛մ, միայն այս անգամ ալ ուժովցո՛ւր զիս, որպէսզի Փղշտացիներէն երկու աչքերուս վրէժը մէկ անգամէն առնեմ»։

29

Սամփսոն բռնեց երկու մէջտեղի սիւները՝ որոնց վրայ այդ տունը հաստատուած էր, մէկը իր աջ ձեռքով ու միւսը իր ձախ ձեռքով, եւ անոնց վրայ յենեցաւ։

30

Սամփսոն ըսաւ. «Իմ անձս Փղշտացիներուն հետ թող մեռնի», իր ամբողջ ոյժով ծռեցաւ, ու տունը՝ նախարարներուն եւ մէջը եղող ամբողջ ժողովուրդին վրայ ինկաւ. իր մեռած ատեն մեռցուցածները՝ իր ապրած ատեն մեռցուցածներէն աւելի էին։

31

Իր եղբայրներն ու հօր ամբողջ տունը իջան եւ զինք վերցուցին, ապա բարձրացան ու զինք իր հօր՝ Մանուէի գերեզմանը թաղեցին, Սարաայի ու Եսթաւուղի մէջտեղ։ Ան Իսրայէլի մէջ քսան տարի դատաւոր եղաւ։



1 Եբր.՝ տե՛ս
2 Կամ՝ դալար ոստերով
3 Եբր.՝ բարձրացուցին
4 Եբր.՝ կրակը հոտոտելով
5 Եբր.՝ ո՛չ մէկ գործի գործածուած
6 Այսինքն՝ մազի հիւսքերը
7 Այսինքն՝ ոստայնանկի թելաշարով
8 Այսինքն՝ ոստայնանկի գործիքը
9 Եբր.՝ բարձրացած
10 Եբր.՝ փորէն
11 Եբր.՝ անջատուած
12 Եբր.՝ ձեռքը
13 Եբր.՝ կ’աղար
14 Եբր.՝ կայնեցուցին