Judges 17
Joshua « Judges 16 ‹ Judges 17 › Judges 18 » Ruth
1
Եփրեմի լեռնակողմէն Միքա անունով մարդ մը կար։
2Ան իր մօր ըսաւ. «Քեզմէ առնուած այն հազար հարիւր կտոր արծաթը, որուն համար անիծեցիր եւ ականջներուս ալ խօսեցար, ահա՛ այդ արծաթը իմ քովս է. զայն ե՛ս առեր էի»։ Մայրը անոր ըսաւ. «Օրհնեա՜լ ըլլաս Տէրոջմէն, որդեա՛կս»։
3Երբ հազար հարիւր կտոր արծաթը իր մօր վերադարձուց, մայրը ըսաւ. «Ես այդ արծաթը իմ ձեռքէս բոլորովին Տէրոջ 1ընծայեր էի՝ որդիիս համար, որպէսզի անով քանդակուած ու 2ձուլածոյ կուռք՝՝ շինուին. ուստի հիմա զայն քեզի կը վերադարձնեմ»։
4Երբ Միքա այդ արծաթը իր մօր վերադարձուց, մայրը երկու հարիւր կտոր արծաթ առաւ եւ զանոնք ձուլագործին տուաւ. ան ալ անոնցմով քանդակուած ու ձուլածոյ կուռք շինեց, եւ անոնք Միքայի տունը 3դրուեցան։
5Այս մարդը՝ Միքա աստուածներու տուն մը ունեցաւ, 4եփուտ եւ 5ընտանեկան կուռքեր՝՝ շինեց, ու իր որդիներէն մէկը նուիրեց, որ իր քահանան եղաւ։
6Այդ օրերը Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար. իւրաքանչիւրը իր աչքերուն ուղիղ եղածը կ’ընէր։
7Յուդայի գերդաստանէն եւ Յուդայի Բեթլեհէմէն երիտասարդ մը կար. ինք Ղեւտացի էր, ու հոն պանդխտացած էր։
8Այս մարդը Յուդայի Բեթլեհէմէն գնաց՝ որպէսզի ապրուստ գտած տեղը պանդխտանայ, ու ճամբորդելով՝ մինչեւ Եփրեմի լեռնակողմը, Միքայի տունը հասաւ։
9Միքա իրեն ըսաւ. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Ինք ալ անոր ըսաւ. «Ես Ղեւտացի եմ, Յուդայի Բեթլեհէմէն կու գամ, եւ ապրուստ գտած տեղս պանդխտանալու կ’երթամ»։
10Միքա իրեն ըսաւ. «Իմ քո՛վս բնակէ, ինծի հա՛յր ու քահանա՛յ եղիր, եւ քեզի ամէն տարի տասը կտոր արծաթ, ձեռք մը փոխելիք հագուստ ու ապրուստդ կու տամ»։
11Ղեւտացին գնաց։ Յետոյ Ղեւտացին հաւանեցաւ այդ մարդուն հետ բնակիլ, եւ այս երիտասարդը անոր որդիներէն մէկուն պէս եղաւ անոր։
12Միքա Ղեւտացին նուիրեց, ու երիտասարդը անոր քահանան եղաւ եւ Միքայի տունը 6բնակեցաւ։
13Միքա ըսաւ. «Հիմա լաւ գիտեմ թէ Տէրը ինծի բարիք պիտի ընէ, որովհետեւ Ղեւտացի մը ունիմ իբր քահանայ»։