Judges 18
Joshua « Judges 17 ‹ Judges 18 › Judges 19 » Ruth
ՄԻՔԱ ԵՒ ԴԱՆԻ ՏՈՀՄԸ
1Այդ օրերը Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար. այդ օրերը Դանի տոհմը իրեն ժառանգութիւն մը կը փնտռէր՝ բնակելու համար, քանի որ մինչեւ այդ օրը՝ անոր բաւական ժառանգութիւն վիճակուած չէր Իսրայէլի տոհմերուն մէջ։
2Դանի որդիները իրենց գերդաստանէն եւ իրենց 1մէջէն՝ Սարաայէն ու Եսթաւուղէն՝ հինգ 2կտրիճ մարդ ղրկեցին, որպէսզի երկիրը լրտեսեն եւ հետազօտեն։ Անոնց ըսին. «Գացէ՛ք, երկիրը հետազօտեցէ՛ք»։ Անոնք Եփրեմի լեռնակողմը՝ Միքայի տունը հասան, ու հոն գիշերեցին։
3Երբ անոնք Միքայի տան քով էին, Ղեւտացի երիտասարդին ձայնը ճանչցան. ուստի դէպի հոն 3ուղղուեցան եւ ըսին. «Ո՞վ քեզ հոս բերաւ. դուն հոս ի՞նչ կ’ընես. 4ինչո՞ւ հոս կեցած ես՝՝»։
4Ինք ալ անոնց ըսաւ. «Միքա ինծի այսպէս եւ այսպէս ըրաւ, ու զիս վարձեց՝ որպէսզի իրեն քահանայ ըլլամ»։
5Անոր ըսին. «Այժմ Աստուծո՛յ հարցուր, որպէսզի գիտնանք թէ արդեօք մեր գացած ճամբային մէջ պիտի յաջողի՛նք»։
6Քահանան անոնց ըսաւ. «Խաղաղութեա՛մբ գացէք. ձեր երթալիք ճամբան Տէրոջ առջեւ հաճելի է»։
7Այս հինգ մարդիկը գացին, Լայիս հասան, եւ անոր մէջ եղող ժողովուրդը տեսան. անոնք Սիդոնացիներուն պէս ապահովութեան մէջ կը բնակէին, հանդարտ ու ապահով։ Այդ երկրին մէջ իշխանութեան տիրացած մէկը չկար, որ զիրենք խայտառակէր որեւէ բանով. Սիդոնացիներէն հեռու ըլլալով՝ ո՛չ մէկ մարդու հետ 5գործ ունէին։
8Այս հինգ մարդիկը Սարաա եւ Եսթաւուղ 6վերադարձան՝ իրենց եղբայրներուն. անոնց եղբայրները իրենց ըսին. «Դուք ի՞նչ լուր բերիք»։
9Իրենք ալ ըսին. «Կանգնի՛նք ու բարձրանա՛նք անոնց դէմ, քանի որ մենք երկիրը տեսանք, ահա՛ շատ լաւ է. իսկ դուք հանդա՞րտ կը կենաք։ Երթալու, մտնելու եւ երկրին տիրանալու համար ծոյլ մի՛ ըլլաք։
10Երբ հոն երթաք, ապահով ժողովուրդի մը քով պիտի հասնիք, որովհետեւ Աստուած զայն ձեր ձեռքը մատնած է։ Երկիրը շատ ընդարձակ է. այնպիսի տեղ մըն է, ուր երկրի վրայ եղող բոլոր բաներէն ոչինչ կը պակսի»։
11Անկէ, այսինքն՝ Սարաայէն ու Եսթաւուղէն, Դանի գերդաստանէն վեց հարիւր մարդիկ գացին, իրենց պատերազմական զէնքերով գօտեւորուած։
12Բարձրացան եւ Յուդայի Կարիաթ-Յարիմը բանակեցան. հետեւաբար այդ տեղը մինչեւ այսօր 7Մահանէ- Դան կը կոչուի. ահա՛ ան Կարիաթ-Յարիմի ետեւն է։
13Անկէ Եփրեմի լեռնակողմը անցան, ու Միքայի տունը հասան։
14Լայիսի երկիրը լրտեսելու գացող այն հինգ մարդիկը իրենց եղբայրներուն ըսին. «Գիտէ՞ք թէ այս տուներուն մէջ 8եփուտ, 9ընտանեկան կուռքեր՝՝, նաեւ քանդակուած ու 10ձուլածոյ կուռք՝՝ կայ. ուստի հիմա գիտցէ՛ք թէ ի՛նչ պիտի ընէք»։
15Անոնք ալ դէպի հոն 11ուղղուեցան, այն Ղեւտացի երիտասարդին տունը՝ այսինքն Միքայի տունը մտան, եւ անոր 12որպիսութիւնը հարցուցին։
16Դանի որդիներէն եղող այդ վեց հարիւր մարդիկը, իրենց պատերազմական զէնքերով գօտեւորուած, դրան մուտքը կայնեցան։
17Երկիրը լրտեսելու գացող հինգ մարդիկը բարձրացան, հոն մտան եւ 13քանդակուած կուռքը՝՝, եփուտը, ընտանեկան կուռքերն ու ձուլածոյ կուռքը առին. իսկ քահանան դրան մուտքը կայնած էր՝ իրենց պատերազմական զէնքերով գօտեւորուած այդ վեց հարիւր մարդոց հետ։
18Երբ անոնք Միքայի տունը մտան եւ քանդակուած կուռքը, եփուտը, ընտանեկան կուռքերն ու ձուլածոյ կուռքը առին, քահանան անոնց ըսաւ. «Ի՞նչ կ’ընէք»
19Անոնք ալ անոր ըսին. «Լռէ՛, ձեռքդ բերանի՛դ վրայ դիր, մեզի՛ հետ եկուր, եւ մեզի՛ հայր ու քահանայ եղիր։ Քեզի աւելի լաւ է մէ՞կ մարդու տան քահանայ ըլլալ, թէ Իսրայէլի մէկ տոհմին ու մէկ գերդաստանին քահանայ ըլլալ»։
20Քահանային սիրտը զուարթանալով՝ եփուտը, ընտանեկան կուռքերը եւ քանդակուած կուռքը առաւ, ու ժողովուրդին մէջ մտաւ։
21Անոնք դարձան ու գացին, իրենց առջեւ դնելով մանուկները, խաշինքն ու 14պատուական բաները։
22Երբ անոնք Միքայի տունէն հեռացան, Միքայի տան մօտ եղող տուներուն մարդիկը 15կանչուեցան եւ Դանի որդիներուն ետեւէն հասան։
23Երբ Դանի որդիներուն պոռացին, անոնք իրենց երեսը դարձուցին ու Միքայի ըսին. «Քեզի ի՞նչ եղաւ, որ այսպէս 16բազմութեամբ կու գաս՝՝»։
24Ան ալ ըսաւ. «Իմ շինած աստուածներս եւ քահանան առած էք ու կ’երթաք, ա՛լ ինծի ի՞նչ կը մնայ. եւ ի՞նչպէս ինծի կ’ըսէք. “Քեզի ի՞նչ եղաւ”»։
25Դանի որդիները անոր ըսին. «Մեր մէջ քու ձայնդ թող չլսուի, որ դառնահոգի մարդիկ վրադ չյարձակին, ու քու 17կեանքդ եւ ընտանիքիդ կեանքը 18չկորսնցնես»։
26Դանի որդիները իրենց ճամբան գացին։ Միքա, տեսնելով թէ անոնք իրմէ ուժեղ են, դարձաւ ու իր տունը 19գնաց։
27Անոնք Միքայի շինածները եւ անոր քահանան առին ու Լայիս հասան, հանդարտ եւ ապահով ժողովուրդի մը վրայ. զանոնք սուրի բերանէ անցուցին, ու քաղաքը կրակով այրեցին։
28Զայն ազատող մը չկար, քանի որ Սիդոնէն հեռու էր եւ ո՛չ մէկ մարդու հետ գործ ունէին. ան Բեթրոհոբի հովիտին մէջ էր։ Քաղաքը կառուցանեցին եւ անոր մէջ բնակեցան։
29Քաղաքին անունը իրենց հօր՝ Իսրայէլեան Դանի անունով Դան կոչեցին. բայց քաղաքին անունը նախապէս Լայիս էր։
30Դանի որդիները իրենց համար կանգնեցուցին քանդակուած կուռքը. ու 20Մանասէի որդիին՝ Գերսոնի որդին Յովնաթան, ինք եւ իր որդիները, մինչեւ երկրին տարագրութեան օրը՝ Դանի տոհմին քահանաները եղան։
31Անոնք իրենց համար դրին Միքայի քանդակուած կուռքը՝ որ ինք շիներ էր, որքան ժամանակ որ Աստուծոյ տունը Սելովի մէջ էր։