Loading...

Judges 19

Joshua  «  Judges 18  ‹  Judges 19  ›  Judges 20  »  Ruth


ՂԵՒՏԱՑԻՆ ԵՒ ԻՐ ՀԱՐՃԸ

1

Այդ օրերը՝ երբ Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար, Եփրեմի լեռնալանջը պանդխտացած Ղեւտացի մը կար, որ Յուդայի Բեթլեհէմէն հարճ մը առաւ իրեն։

2

Անոր հարճը իրեն դէմ 1շնութիւն ըրաւ՝՝, եւ իրմէ գնաց դէպի իր հօր տունը՝ Յուդայի Բեթլեհէմը, ու չորս ամիսի չափ հոն կեցաւ։

3

Ամուսինը կանգնեցաւ եւ անոր ետեւէն գնաց, որպէսզի 2քաղցրութեամբ խօսի անոր հետ, ու զայն վերադարձնէ։ Իրեն հետ իր սպասաւորը եւ զոյգ մը էշ առեր էր։ 3Ան զինք իր հօր տունը մտցուց, ու երբ երիտասարդուհիին հայրը զինք տեսաւ, ուրախութեամբ զինք դիմաւորեց։

4

Երիտասարդուհիին հայրը՝ իր աները՝ 4զինք քովը պահեց՝՝. երեք օր անոր մօտ մնաց. կերան, խմեցին, եւ հոն գիշերեցին։

5

Չորրորդ օրը, երբ առտուն՝ կանուխ ելան, Ղեւտացին կանգնեցաւ՝ որպէսզի երթայ. բայց երիտասարդուհիին հայրը իր փեսային ըսաւ. «Պատա՛ռ մը հաց կեր՝ որպէսզի սիրտդ կազդուրուի, յե՛տոյ գացէք»։

6

Նստան, ու երկուքը միասին կերան եւ խմեցին։ Երիտասարդուհիին հայրը այդ մարդուն ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, հաճէ՛ հոս գիշերել, ու սիրտդ թող զուարթանայ»։

7

Այդ մարդը կանգնեցաւ՝ որ երթայ, բայց իր աները զինք ստիպեց. ուստի դարձեալ հոն գիշերեց։

8

Հինգերորդ օրը, առտուն՝ կանուխ ելաւ, որպէսզի երթայ։ Երիտասարդուհիին հայրը ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, սի՛րտդ կազդուրէ». ուստի տնտնացին մինչեւ 5կէսօրուան անցնիլը՝՝, ու երկուքը միասին կերան։

9

Այդ մարդը կանգնեցաւ՝ երթալու համար, ինք, իր հարճը եւ սպասաւորը։ Բայց իր աները, երիտասարդուհիին հայրը, իրեն ըսաւ. «Ահա՛ օրը իրիկուն կ’ըլլայ. կ’աղերսե՛մ, հո՛ս գիշերեցէք։ Ահա՛ օրը կ’իջնէ, հո՛ս գիշերէ ու սիրտդ թող զուարթանայ. վաղը կանո՛ւխ 6ճամբորդեցէք, եւ վրա՛նդ գնա»։

10

Սակայն այդ մարդը գիշերել չուզեց. հապա կանգնեցաւ, գնաց, ու մինչեւ Յեբուսի՝ այսինքն Երուսաղէմի դիմաց հասաւ։ Իրեն հետ զոյգ մը համետուած էշ ունէր, եւ իր հարճն ալ իրեն հետ էր։

11

Երբ Յեբուսի մօտեցան, օրը շատ անցած էր. ուստի սպասաւորը իր տիրոջ ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, եկո՛ւր այս Յեբուսացիներուն քաղաքը 7ուղղուինք ու հոն գիշերենք»։

12

Բայց տէրը անոր ըսաւ. «Իսրայէլի որդիներէն չեղող օտարազգիներուն քաղաքը չուղղուինք, հապա մինչեւ Գաբաա անցնինք»։

13

Իր սպասաւորին ըսաւ. «Եկո՛ւր, այս տեղերէն մէկուն մօտենանք, եւ Գաբաայի կամ Ռամայի մէջ գիշերենք»։

14

Ուստի անցան, գացին, ու երբ Բենիամինի Գաբաային մօտեցան՝ արեւը մայր մտաւ։

15

Հոն ուղղուեցան, որպէսզի Գաբաա մտնեն եւ հոն գիշերեն։ Երբ մտաւ, քաղաքին հրապարակին մէջ կեցաւ, բայց ո՛չ մէկը զիրենք իր տունը 8ընդունեց՝ գիշերելու համար։

16

Ահա՛ իրիկունը արտէն ծեր մարդ մը եկաւ՝ իր գործէն վերադառնալով։ Ան Եփրեմի լեռնակողմէն էր, եւ Գաբաայի մէջ պանդխտացած էր. իսկ այդ տեղին մարդիկը Բենիամինեաններ էին։

17

Երբ ան աչքերը վերցուց ու ուղեւորը քաղաքին հրապարակին մէջ տեսաւ, ծեր մարդը ըսաւ. «Ո՞ւր կ’երթաս, եւ ուրկէ՞ կու գաս»։

18

Ան ալ իրեն ըսաւ. «Մենք Յուդայի Բեթլեհէմէն մինչեւ Եփրեմի լեռնալանջը կ’անցնինք։ Ես անկէ եմ. մինչեւ Յուդայի Բեթլեհէմը գացի, եւ հիմա Տէրոջ տունը կ’երթամ։ Ո՛չ մէկը զիս իր տունը կ’ընդունի,

19

թէպէտ մեր էշերուն համար յարդ ու ճարակ կայ, եւ ինծի համար, քու աղախինիդ համար, ու քու ծառաներուդ հետ եղող երիտասարդին համար հաց եւ գինի ունիմ. մեզի ոչինչ կը պակսի»։

20

Այդ ծեր մարդը ըսաւ. «Խաղաղութի՜ւն քեզի. քու բոլոր պէտքերդ 9ե՛ս կը հոգամ՝՝, միայն թէ հրապարակին մէջ մի՛ գիշերեր»։

21

Զայն իր տունը տարաւ, ու էշերուն կեր տուաւ. իսկ անոնք իրենց ոտքերը լուացին, կերան եւ խմեցին։

22

Մինչ անոնց սիրտը կը զուարթանար, ահա՛ քաղաքին մարդոցմէն 10անօրէն մարդիկ՝՝ տունը շրջապատեցին. դուռը զարկին, ու տան տիրոջ՝ այդ ծեր մարդուն ըսին. «Տունդ մտնող մարդը դո՛ւրս հանէ, որպէսզի զինք գիտնանք»։

23

Այդ մարդը, տան տէրը, դուրս ելաւ՝ անոնց քով, ու անոնց ըսաւ. «Ո՛չ, եղբայրներս. կ’աղերսե՛մ, չարիք մի՛ ընէք. այս մարդուն իմ տունս մտնելէն ետք՝ այս անզգամութիւնը մի՛ գործէք։

24

Ահա՛ իմ կոյս աղջիկս եւ այդ մարդուն հարճը այժմ ձեզի դուրս հանեմ. զանոնք լլկեցէ՛ք ու անոնց ըրէ՛ք ինչ որ 11ձեզի հաճելի թուի՝՝. բայց այս մարդուն այս անզգամութեան արարքը մի՛ գործէք»։

25

Բայց այդ մարդիկը չուզեցին անոր մտիկ ընել։ Ուստի այդ մարդը իր հարճը բռնեց, դուրս հանեց անոնց, եւ անոնք զայն գիտցան։ Ամբողջ գիշերը զայն անպատուեցին՝ մինչեւ առտու. երբ արշալոյսը 12ծագեցաւ, զայն արձակեցին։

26

Առտուան դէմ՝ այդ կինը գնաց եւ ինկաւ այն մարդուն տան մուտքը, ուր իր տէրը կը կենար, ու մինչեւ որ լուսցաւ՝ հոն մնաց։

27

Իր տէրը առտուն կանգնեցաւ, տան դռները բացաւ եւ դուրս ելաւ՝ որ իր ճամբան երթայ. բայց ահա՛ կինը՝ իր հարճը՝ տան մուտքը ինկած էր, ու ձեռքերը սեմին վրայ էին։

28

Անոր ըսաւ. «Կանգնէ՛, երթա՛նք». բայց ո՛չ մէկը պատասխանեց։ Այն ատեն զայն իր իշուն վրայ դրաւ եւ իր տեղը գնաց։

29

Երբ իր տունը հասաւ, դանակ մը առաւ, իր հարճը բռնեց ու զայն տասներկու կտորի բաժնեց՝ իր ոսկորներով, ու Իսրայէլի ամբողջ հողամասը ղրկեց։

30

Բոլոր տեսնողները կ’ըսէին. «Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսի երկրէն բարձրացած օրէն մինչեւ այսօր՝ այսպիսի բան ո՛չ եղեր է, ո՛չ ալ տեսնուեր է։ Ասոր մասին 13մտածեցէ՛ք, խորհրդակցեցէ՛ք եւ խօսեցէ՛ք»։



1 Եբր.՝ պոռնկեցաւ
2 Եբր.՝ սիրտին
3 Այսինքն՝ Հարճը
4 Եբր.՝ իրեն կառչեցաւ
5 Եբր.՝ օրուան դառնալը
6 Եբր.՝ ձեր ճամբան գացէք
7 Եբր.՝ շեղինք
8 Եբր.՝ հաւաքեց
9 Եբր.՝ իմ վրաս թող ըլլան
10 Եբր.՝ մարդիկ՝ Բելիարի որդիներ
11 Եբր.՝ ձեր աչքերուն լաւ ըլլայ
12 Եբր.՝ ելաւ
13 Եբր.՝ ձեր սիրտին մէջ դրէ՛ք