Numbers 8
Leviticus « Numbers 7 ‹ Numbers 8 › Numbers 9 » Deuteronomy
ԼԱՊՏԵՐՆԵՐՈՒՆ ԶԵՏԵՂՈՒՄԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
2«Խօսէ՛ Ահարոնի ու ըսէ՛ անոր. “Երբ ճրագները վառես, եօթը ճրագները աշտանակին առջե՛ւը թող լուսաւորեն”»։
3Ահարոն այնպէս ըրաւ. անոր ճրագները աշտանակին առջեւի կողմը վառեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։
4Աշտանակը սա՛պէս շինուած էր. 1կռածոյ ոսկիէ էր, իր բունէն մինչեւ իր ծաղիկները՝ կռածոյ էր։ Տէրոջ Մովսէսի ցոյց տուած 2կերպարին համաձայն շինեց աշտանակը։
ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՍՐԲԱԳՈՐԾՈՒՄԸ ԵՒ ՆՈՒԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄԸ
5Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
6«Իսրայէլի որդիներուն մէջէն ա՛ռ Ղեւտացիները ու մաքրէ՛ զանոնք։
7Զանոնք մաքրելու համար սա՛ ըրէ անոնց.— 3մաքրութեա՛ն ջուր սրսկէ անոնց վրայ, եւ անոնք իրենց ամբողջ մարմինը թող ածիլեն, իրենց հագուստները լուան ու մաքրուին։
8Յետոյ արջառներէն զուարակ մը թող առնեն, եւ անոր հացի ընծային համար՝ իւղով շաղուած նաշիհ. դուն ալ արջառներէն ուրի՛շ զուարակ մը առ՝ մեղքի պատարագի համար։
9Ղեւտացիները Հանդիպումի վրանին առջեւ մօտեցո՛ւր, ու Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքը համախմբէ՛։
10Ղեւտացիները Տէրո՛ջ առջեւ մօտեցուր, եւ Իսրայէլի որդիները իրենց ձեռքերը թող դնեն Ղեւտացիներուն վրայ։
11Իսկ Ահարոն Ղեւտացիները իբր երերցնելիք ընծայ թող 4մատուցանէ՝՝ Տէրոջ առջեւ՝ Իսրայէլի որդիներուն կողմէն, որպէսզի անոնք Տէրոջ պաշտամունքը կատարեն։
12Ղեւտացիները իրենց ձեռքերը թող դնեն զուարակներուն գլուխին վրայ, ու Ղեւտացիներուն քաւութիւն ընելու համար՝ մէկ զուարակը մատուցանէ՛ Տէրոջ իբր մեղքի պատարագ, իսկ միւսը՝ իբր ողջակէզ։
13Ղեւտացիները կայնեցո՛ւր Ահարոնի եւ անոր որդիներուն առջեւ, ու զանոնք մատուցանէ՛ Տէրոջ իբր երերցնելիք ընծայ։
14Այսպէս զատէ՛ Ղեւտացիները Իսրայէլի որդիներուն մէջէն, որպէսզի Ղեւտացիները իմս ըլլան։
15Ատկէ՛ ետք Ղեւտացիները թող մտնեն՝ Հանդիպումի վրանին ծառայութիւնը ընելու։ Այսպէս մաքրէ՛ զանոնք եւ մատուցանէ՛ զանոնք իբր երերցնելիք ընծայ,
16քանի որ անոնք ամբողջութեամբ ինծի տրուած են Իսրայէլի որդիներուն մէջէն։ Ինծի առի զանոնք՝ Իսրայէլի որդիներուն մէջ արգանդ բացող բոլոր անդրանիկներուն տեղը,
17որովհետեւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկները, թէ՛ մարդու եւ թէ՛ անասունի, իմս են. Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր անդրանիկները զարկած օրս՝ զանոնք սրբացուցի ինծի համար։
18Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկներուն փոխարէն Ղեւտացիները առի,
19ու Իսրայէլի որդիներուն մէջէն Ղեւտացիները 5ամբողջութեամբ տուի Ահարոնի եւ անոր որդիներուն, որպէսզի Հանդիպումի վրանին մէջ Իսրայէլի որդիներուն ծառայութիւնը ընեն ու Իսրայէլի որդիներուն համար քաւութիւն ընեն, որպէսզի Իսրայէլի որդիներուն վրայ հարուած չգայ՝ երբ Իսրայէլի որդիները սրբարանին մօտենան»։
20Մովսէս, Ահարոն եւ Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքը Ղեւտացիներուն ըրին Տէրոջ Մովսէսի բոլոր պատուիրածները՝ Ղեւտացիներուն մասին. Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին անոնց։
21Ղեւտացիները 6մաքրուեցան ու իրենց հագուստները լուացին. Ահարոն ալ զանոնք իբր երերցնելիք ընծայ մատուցանեց Տէրոջ առջեւ։ Ահարոն անոնց համար քաւութիւն ըրաւ՝ որպէսզի զանոնք մաքրէ,
22եւ ատկէ ետք Ղեւտացիները Հանդիպումի վրանը մտան՝ իրենց ծառայութիւնը ընելու Ահարոնի ու անոր որդիներուն առջեւ։ Ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր Ղեւտացիներուն մասին՝ ա՛յնպէս ըրին անոնց։
23Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
24«Ահա՛ւասիկ Ղեւտացիներուն կանոնը.— քսանհինգ տարեկանէն վեր եղողները սպասարկութեան մէջ թող մտնեն՝ Հանդիպումի վրանին մէջ ծառայելու համար,
25իսկ յիսուն տարեկան ըլլալէ ետք սպասարկութենէն թող դադրին, եւ ա՛լ թող չծառայեն։
26Իրենց եղբայրներուն հետ թող պաշտօն կատարեն Հանդիպումի վրանին մէջ՝ 7պաշտամունքին համար, բայց թող ծառայութիւն չընեն։ Ա՛յսպէս ըրէ Ղեւտացիներուն՝ իրենց 8պաշտօնին համար»։