Loading...

Revelation 10

Jude  «  Revelation 9  ‹  Revelation 10  ›  Revelation 11


ՀՐԵՇՏԱԿԸ ԵՒ ԿՆՔՈՒԱԾ ԳՐՔՈՅԿԸ

1

Տեսայ ուրիշ հզօր հրեշտակ մը՝ որ կ’իջնէր երկինքէն։ Հագած էր ամպ մը, եւ ծիածան մը կար իր գլուխին վրայ։ Իր երեսը արեւի պէս էր, ու ոտքերը՝ կրակէ սիւներու պէս.

2

ձեռքին մէջ ունէր բացուած գրքոյկ մը։ Իր աջ ոտքը դրաւ ծովուն վրայ, իսկ ձախը՝ ցամաքին վրայ,

3

եւ բարձրաձայն աղաղակեց՝ առիւծի մը մռնչիւնին պէս։ Երբ աղաղակեց, եօթը որոտումները խօսեցան իրենց ձայներով։

4

Երբ եօթը որոտումները 1խօսեցան՝ ես պիտի գրէի, բայց լսեցի երկինքէն ձայն մը՝ որ 2կ’ըսէր. «Կնքէ՛ այն բաները՝ որ եօթը որոտումները խօսեցան, ու մի՛ գրեր զանոնք»։

5

Այն հրեշտակը որ տեսած էի՝ կայնած ծովուն վրայ եւ ցամաքին վրայ, իր (աջ) ձեռքը բարձրացուց երկինք,

6

ու երդում ըրաւ անով՝ որ 3դարէ դար՝՝ կ’ապրի, եւ ստեղծեց երկինքն ու ինչ որ անոր մէջ է, երկիրը եւ ինչ որ անոր մէջ է, ու ծովը եւ ինչ որ անոր մէջ է, թէ ա՛լ ժամանակ պիտի չըլլայ։

7

Հապա՝ եօթներորդ հրեշտակին ձայնին օրերը, երբ սկսի փող հնչեցնել, Աստուծոյ խորհուրդը պիտի կատարուի, ինչպէս ինք աւետած էր իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն։

8

Այն ձայնը՝ որ լսեր էի երկինքէն, դարձեալ խօսեցաւ ինծի եւ ըսաւ. «Գնա՛, ա՛ռ այն բաց գրքոյկը՝ որ ծովուն ու ցամաքին վրայ կայնող հրեշտակին ձեռքին մէջ է»։

9

Ես ալ գացի հրեշտակին եւ ըսի անոր. «Տո՛ւր ինծի այդ գրքոյկը»։ Ան ալ ըսաւ ինծի. «Ա՛ռ ասիկա ու լափէ՛. պիտի դառնացնէ փորդ, բայց մեղրի պէս անոյշ պիտի ըլլայ բերանիդ մէջ»։

10

Առի գրքոյկը հրեշտակին ձեռքէն եւ լափեցի զայն։ Մեղրի պէս անոյշ էր բերանիս մէջ, բայց երբ կերայ՝ փորս դառնացաւ։

11

Ան ալ ըսաւ ինծի. «Պէտք է որ դուն դարձեալ մարգարէանաս շատ ժողովուրդներու, ազգերու, լեզուներու եւ թագաւորներու 4մասին»։



1 Ոմանք՝ իրենց ձայներով խօսեցան
2 Ոմանք՝ ինծի կ’ըսէր
3 Յուն.՝ յաւիտենականութենէ յաւիտենականութիւն
4 Կամ՝ առջեւ