Loading...

Revelation 11

Jude  «  Revelation 10  ‹  Revelation 11  ›  Revelation 12


ԵՐԿՈՒ ՎԿԱՆԵՐԸ

1

Ինծի տրուեցաւ եղէգ մը՝ գաւազանի նման, եւ կայնած հրեշտակը ըսաւ. «Ոտքի՛ ելիր ու չափէ՛ Աստուծոյ տաճարը, զոհասեղանը, եւ անոր մէջ երկրպագողները։

2

Բայց ձգէ՛ գաւիթը՝ որ տաճարէն դուրս է, ու մի՛ չափեր զայն, որովհետեւ ան տրուած է հեթանոսներուն. անոնք ոտնակոխ պիտի ընեն սուրբ քաղաքը՝ քառասուներկու ամիս։

3

Ես զօրութիւն պիտի տամ իմ երկու վկաներուս, եւ անոնք՝ քուրձ հագած՝ պիտի մարգարէանան հազար երկու հարիւր վաթսուն օր։

4

Ասոնք այն երկու ձիթենիներն ու երկու աշտանակներն են՝ որ կը կանգնին երկրի Տէրոջ առջեւ։

5

Եթէ մէկը ուզէ վնասել անոնց, կրակ պիտի ելլէ անոնց բերանէն եւ պիտի լափէ իրենց թշնամիները. եթէ մէկը ուզէ վնասել անոնց, պէտք է որ ա՛յսպէս մեռցուի։

6

Ասոնք իշխանութիւն ունին երկինքը գոցելու, որպէսզի անձրեւ չտեղայ իրենց մարգարէութեան օրերը. իշխանութիւն ունին նաեւ ջուրերուն վրայ՝ արիւն դարձնելու զանոնք, եւ զարնելու երկիրը ամէն տեսակ պատուհասներով՝ քանի՛ անգամ որ ուզեն։

7

Երբ աւարտեն իրենց վկայութիւնը, այն ատեն անդունդէն բարձրացող գազանը պիտի պատերազմի անոնց հետ, պիտի յաղթէ անոնց եւ պիտի մեռցնէ զանոնք։

8

Անոնց դիակները ինկած պիտի մնան հրապարակին վրայ այն մեծ քաղաքին՝ որ հոգեւորապէս Սոդոմ ու Եգիպտոս կը կոչուի, ուր 1մեր Տէրն ալ խաչուեցաւ։

9

Եւ ժողովուրդները, տոհմերը, լեզուներն ու ազգերը պիտի տեսնեն անոնց դիակները՝ երեք ու կէս օր, ու թոյլ պիտի չտան որ անոնց դիակները դրուին գերեզմանի մէջ։

10

Երկրի բնակիչները պիտի ուրախանան անոնց համար, պիտի զուարճանան, եւ մինչեւ անգամ ընծաներ պիտի ղրկեն իրարու. որովհետեւ այս երկու մարգարէները տանջած էին երկրի բնակիչները։

11

Երեք ու կէս օր ետք, Աստուծմէ եկող կեանքի հոգի մտաւ անոնց մէջ, կայնեցան իրենց ոտքերուն վրայ, ու մեծ վախ 2համակեց զիրենք տեսնողները՝՝։

12

3Լսեցին երկինքէն հզօր ձայն մը ՝ որ կ’ըսէր իրենց. «Հո՛ս բարձրացէք»։ Եւ ամպով մը երկինք բարձրացան, ու իրենց թշնամիներն ալ տեսան զիրենք։

13

Նոյն ժամուն հզօր երկրաշարժ մը եղաւ, եւ քաղաքին մէկ տասներորդը կործանեցաւ։ Եօթը հազար մարդիկ սպաննուեցան այդ երկրաշարժէն. մնացողները վախցան ու փառք տուին երկինքի Աստուծոյն։

14

Երկրորդ վայը անցաւ. ահա՛ երրորդ վայը շուտո՛վ կու գայ։


ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՓՈՂԸ

15

Եօթներորդ հրեշտակը հնչեցուց փողը, ու երկինքի մէջ եղան հզօր ձայներ՝ որ կ’ըսէին. «Աշխարհի թագաւորութիւնները եղան մեր Տէրոջ եւ իր 4Օծեալին, ու ան պիտի թագաւորէ 5դարէ դար՝՝»։

16

Քսանչորս երէցները, որոնք բազմած էին իրենց գահերուն վրայ՝ Աստուծոյ առջեւ, ինկան իրենց երեսին վրայ ու երկրպագեցին Աստուծոյ՝ ըսելով.

17

«Քեզմէ շնորհակալ ենք, Տէ՛ր, Ամենակա՛լ Աստուած, որ ես եւ որ էիր6, որովհետեւ 7կիրարկեցիր՝՝ քու մեծ զօրութիւնդ ու թագաւորեցիր։

18

Ազգերը բարկացան. քու բարկութիւնդ եկաւ, նաեւ մեռելներուն ատենը՝ որպէսզի դատուին, եւ դուն վարձատրես քու ծառաներդ՝ մարգարէները, սուրբերն ու քու անունէդ վախցողները, պզտիկ թէ մեծ, եւ ապականես երկիրը ապականողները»։

19

Եւ Աստուծոյ տաճարը բացուեցաւ երկինքի մէջ. 8անոր ուխտին տապանակը 9երեւցաւ իր տաճարին մէջ, ու եղան փայլակներ, ձայներ, որոտումներ, երկրաշարժ եւ խոշոր կարկուտ։



1 Ոմանք՝ իրենց
2 Յուն.՝ ինկաւ զիրենք տեսնողներուն վրայ
3 Ոմանք՝ Լսեցի
4 Եբր.՝ Մեսիային, յուն.՝ Քրիստոսին
5 Յուն.՝ յաւիտենականութենէ յաւիտենականութիւն
6 Ոմանք կ’աւելցնեն՝ եւ որ պիտի գաս
7 Յուն.՝ քեզի առիր
8 Ոմանք՝ Տէրոջ
9 Յուն.՝ տեսնուեցաւ