Loading...

1 Chronicles 13

2 Kings  «  1 Chronicles 12  ‹  1 Chronicles 13  ›  1 Chronicles 14  »  2 Chronicles


ՈՒԽՏԻՆ ՏԱՊԱՆԱԿԸ ԿԸ ՓՈԽԱԴՐՈՒԻ ԿԱՐԻԱԹԱՐԻՄԷՆ (Բ. Թագ. 6. 1-11)

1

Դաւիթ հազարապետներուն, հարիւրապետներուն եւ բոլոր առաջնորդներուն հետ խորհրդակցեցաւ։

2

Ապա Դաւիթ Իսրայէլի ամբողջ համախմբումին ըսաւ. «Եթէ սա՛ բանը ձեզի 1հաճելի կը թուի՝՝ ու Տէրոջմէն՝ մեր Աստուծմէն է, մարդ 2ղրկենք՝՝ Իսրայէլի ամբողջ երկրին մէջ մնացող մեր եղբայրներուն, նաեւ անոնց հետ՝ իրենց քաղաքներուն եւ արուարձաններուն մէջ եղող քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն, որպէսզի մեր քով հաւաքուին,

3

եւ մեր Աստուծոյն տապանակը մեր քով փոխադրենք. արդարեւ Սաւուղի օրերը անոր խորհուրդ չհարցուցինք»։

4

Ամբողջ համախմբումը 3հաւանութիւն տուաւ՝՝ որ այդպէս ընեն, քանի որ այս խօսքը ամբողջ ժողովուրդին աչքերուն ուղիղ 4թուեցաւ։

5

Ուստի Դաւիթ ամբողջ Իսրայէլը համախմբեց, Եգիպտոսի Սիովրէն մինչեւ Եմաթի մուտքը, Աստուծոյ տապանակը Կարիաթարիմէն բերելու համար։

6

Դաւիթ ամբողջ Իսրայէլի հետ Բահաղա բարձրացաւ, այսինքն՝ Յուդայի Կարիաթարիմը, որպէսզի անկէ բարձրացնէ քերովբէներուն վրայ բազմող Աստուծոյն՝ Եհովայի տապանակը, որուն վրայ անոր անունը կոչուած է։

7

Աստուծոյ տապանակը Աբինադաբի տունէն վերցնելով՝ նոր սայլի մը վրայ դրին. Ոզա ու Աքիով այն սայլը կը վարէին,

8

իսկ Դաւիթ եւ ամբողջ Իսրայէլը ամբողջ ոյժով Աստուծոյ առջեւ կը խայտային՝ երգերով, քնարներով, տաւիղներով, թմբուկներով, ծնծղաներով ու փողերով։

9

Երբ Քիդոնի կալը հասան, Ոզա իր ձեռքը երկարեց որպէսզի տապանակը բռնէ, քանի որ եզները զայն ծռած էին։

10

Ուստի Տէրոջ բարկութիւնը Ոզայի դէմ բորբոքեցաւ, եւ ձեռքը տապանակին երկարելուն համար՝ զայն զարկաւ. ան հոն մեռաւ՝ Աստուծոյ առջեւ։

11

Դաւիթ 5տրտմեցաւ, որովհետեւ Տէրը Ոզան 6հարուածով զարկաւ՝՝. ուստի այդ տեղին անունը մինչեւ այսօր 7Փարէս-Ոզա կոչուեցաւ։

12

Դաւիթ այդ օրը Աստուծմէ վախցաւ, եւ ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակը ի՞նչպէս քովս բերեմ»։

13

Հետեւաբար Դաւիթ տապանակը իր քով՝ Դաւիթի քաղաքը՝ չբերաւ. հապա զայն Գեթացի Աբդեդոմի տունը դարձուց։

14

Աստուծոյ տապանակը Աբդեդոմի քով՝ անոր տան մէջ երեք ամիս մնաց, ու Տէրը Աբդեդոմի տունը եւ անոր ամբողջ ունեցածը օրհնեց։



1 Եբր.՝ լաւ է
2 Եբր.՝ տարածենք եւ մարդ ղրկենք
3 Եբր.՝ ըսաւ
4 Եբր.՝ եղաւ
5 Եբր.՝ բորբոքեցաւ
6 Եբր.՝ պատռուածքով պատռեց
7 Այսինքն՝ Ոզայի հարուածը, կամ՝ Ոզայի խրամատը