Loading...

1 Chronicles 14

2 Kings  «  1 Chronicles 13  ‹  1 Chronicles 14  ›  1 Chronicles 15  »  2 Chronicles


ԴԱՒԻԹԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ (Բ. Թագ. 5. 11-16)

1

Տիւրոսի Քիրամ թագաւորը Դաւիթի պատգամաւորներ ղրկեց, նաեւ մայրիի փայտեր, 1որմնադիրներ ու հիւսներ, որպէսզի անոր տունը կառուցանեն։

2

Այն ատեն Դաւիթ գիտցաւ թէ Տէրը զինք Իսրայէլի վրայ թագաւոր հաստատած է. արդարեւ իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլի համար անոր թագաւորութիւնը բարձրացաւ։

3

Դաւիթ Երուսաղէմի մէջ ուրիշ կիներ ալ առաւ։ Դաւիթ ուրիշ որդիներ եւ աղջիկներ ալ ծնաւ։

4

Ահա՛ւասիկ Երուսաղէմի մէջ անոր 2ծնած զաւակներուն անունները.— Սամաա, Սովբաբ, Նաթան,

5

Սողոմոն, Յեբաար, Եղիսուա,

6

Եղփաղէտ, Նոքա, Նափեկ,

7

Յափիէ, Եղիսամա, Բաղիադա, Եղիփաղէտ։


ՅԱՂԹԱՆԱԿ՝ ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ (Բ. Թագ. 5. 17-25)

8

Երբ Փղշտացիները լսեցին Դաւիթի թագաւոր օծուիլը ամբողջ Իսրայէլի վրայ, բոլոր Փղշտացիները բարձրացան՝ որպէսզի Դաւիթը փնտռեն։ Ասիկա լսելով՝ Դաւիթ դուրս ելաւ, անոնց դիմաց։

9

Փղշտացիները եկան եւ Ռափայիններու հովիտին մէջ տարածուեցան։

10

Դաւիթ Աստուծոյ հարցուց. «Փղշտացիներուն դէմ բարձրանա՞մ, զանոնք իմ ձեռքս պիտի մատնե՞ս»։ Տէրը անոր ըսաւ. «Բարձրացի՛ր, զանոնք քու ձեռքդ պիտի մատնեմ»։

11

Անոնք Բահաղ-Փարասին բարձրացան, ու Դաւիթ զանոնք հոն զարկաւ։ Դաւիթ ըսաւ. «Աստուած թշնամիներս իմ ձեռքովս պատռտեց, ինչպէս ջուրերը թումբերը կը պատռտեն»։ Հետեւաբար այդ տեղին անունը 3Բահաղ-Փարասին կոչեցին։

12

Փղշտացիները հոն լքեցին իրենց աստուածները. Դաւիթ ալ հրամայեց որ զանոնք կրակով այրեն։

13

Փղշտացիները 4վերստին հովիտին մէջ տարածուեցան։

14

Դաւիթ անգա՛մ մըն ալ Աստուծոյ հարցուց, եւ Աստուած անոր ըսաւ. «Անոնց ետեւէն մի՛ բարձրանար. հապա անոնց շուրջը դառնալով՝ թթենիներո՛ւն դիմաց անոնց դէմ գնա։

15

Երբ թթենիներուն գագաթը քալուածքի ձայն մը լսես, ա՛յն ատեն դուրս ելիր՝ պատերազմելու, քանի որ Աստուած քու առջեւէդ դուրս ելած պիտի ըլլայ՝ Փղշտացիներուն բանակը զարնելու համար»։

16

Ուստի Դաւիթ այնպէս ըրաւ, ինչպէս Աստուած իրեն հրամայեց, ու Փղշտացիներուն բանակը զարկին՝ Գաբաւոնէն մինչեւ Գազեր։

17

Դաւիթի համբաւը բոլոր երկիրներուն մէջ տարածուեցաւ. Տէրը բոլոր ազգերուն վրայ անոր երկիւղը 5ձգեց։



1 Եբր.՝ որմահիւսներ
2 Եբր.՝ ունեցած
3 Այսինքն՝ տէր կամ տեղ խրամատներու
4 Եբր.՝ վերստին անգամ մըն ալ
5 Եբր.՝ դրաւ