1 Chronicles 15
2 Kings « 1 Chronicles 14 ‹ 1 Chronicles 15 › 1 Chronicles 16 » 2 Chronicles
ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ՝ ՈՒԽՏԻՆ ՏԱՊԱՆԱԿԸ ՓՈԽԱԴՐԵԼՈՒ
1Դաւիթ իրեն համար Դաւիթի քաղաքին մէջ տուներ շինեց. Աստուծոյ տապանակին համար ալ տեղ մը պատրաստեց, եւ անոր համար վրան մը լարեց։
2Այն ատեն Դաւիթ ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակը ո՛չ մէկը կրելու է, բացի Ղեւտացիներէն. արդարեւ Տէրը զանո՛նք ընտրեց՝ որ Աստուծոյ տապանակը կրեն, ու յաւիտեան անոր պաշտօն կատարեն»։
3Դաւիթ ամբողջ Իսրայէլը Երուսաղէմի մէջ համախմբեց, որպէսզի Տէրոջ տապանակը անոր համար պատրաստուած տեղը բարձրացնէ։
4Դաւիթ Ահարոնի որդիներն ու Ղեւտացիները հաւաքեց.—
5Կահաթի որդիներէն՝ Ուրիէլ պետն ու անոր եղբայրները, հարիւր քսան հոգի.
6Մերարիի որդիներէն՝ Ասայիա պետն ու անոր եղբայրները, երկու հարիւր քսան հոգի.
7Գերսոնի որդիներէն՝ Յովէլ պետն ու անոր եղբայրները, հարիւր երեսուն հոգի.
8Եղիսափանի որդիներէն՝ Սեմայիա պետն ու անոր եղբայրները, երկու հարիւր հոգի.
9Քեբրոնի որդիներէն՝ Եղիէլ պետն ու անոր եղբայրները, ութսուն հոգի.
10Ոզիէլի որդիներէն՝ Ամինադաբ պետն ու անոր եղբայրները, հարիւր տասներկու հոգի։
11Դաւիթ Սադովկ եւ Աբիաթար քահանաները կանչեց, նաեւ Ղեւտացիներէն՝ Ուրիէլը, Ասայիան, Յովէլը, Սեմայիան, Եղիէլն ու Ամինադաբը,
12եւ անոնց ըսաւ. «Դուք Ղեւտացիներու նահապետներն էք. ուստի դուք ձեզ ու ձեր եղբայրները սրբացուցէ՛ք, որպէսզի Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը բարձրացնէք այն տեղը, որ ես անոր համար պատրաստած եմ։
13Արդարեւ առաջին անգամ դուք չըրիք, եւ Տէրը՝ մեր Աստուածը մեզ 1զարկաւ, քանի որ զայն կանոնին համաձայն չփնտռեցինք»։
14Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը բարձրացնելու համար՝ քահանաներն ու Ղեւտացիները սրբացան,
15եւ Ղեւտացիներուն որդիները Աստուծոյ տապանակը ձողերով կրեցին՝ իրենց ուսերուն վրայ, ինչպէս Մովսէս պատուիրեր էր՝ Տէրոջ խօսքին համաձայն։
16Դաւիթ Ղեւտացիներու պետերուն հրամայեց որ իրենց եղբայրներէն երգողներ 2նշանակեն՝ նուագարաններով, տաւիղներով, քնարներով ու ծնծղաներով, որպէսզի զանոնք հնչեցնեն՝ ուրախութեան ձայներ բարձրացնելով։
17Ուստի Ղեւտացիները Յովէլի որդին՝ Եմանը, անոր եղբայրներէն՝ Բարաքիայի որդին՝ Ասափը, ու Մերարիի որդիներէն — անոնց եղբայրներէն — Կիսիայի որդին՝ Եթանը նշանակեցին,
18նաեւ անոնց հետ՝ իրենց եղբայրները, երկրորդ դասէն.— Զաքարիա, Բեն, Յազիէլ, Սեմիրամովթ, Յեքիէլ, Ուննի, Եղիաբ, Բանեա, Մաասիա, Մատաթիա, Եղիփաղէ, Մակենիա, Աբդեդոմ ու Յէիէլ դռնապանները։
19Երգողները՝ Եման, Ասափ ու Եթան՝ պղինձէ ծնծղաներ կը հնչեցնէին։
20Զաքարիա, Ազիէլ, Սեմիրամովթ, Յեքիէլ, Ուննի, Եղիաբ, Մաասիա ու Բանեա՝ 3զիլ ձայնի համար՝՝ տաւիղներ ունէին,
21իսկ Մատաթիա, Եղիփաղէ, Մակենիա, Աբդեդոմ, Յէիէլ եւ Ազազիա՝ 4թաւ ձայնի համար՝՝ քնարներ, երգերուն առաջնորդելու համար։
22Քոնոնիա, Ղեւտացիներուն 5երաժշտութեան պետը, զանոնք երաժշտութեան կը վարժեցնէր, որովհետեւ 6վարպետ էր։
23Բարաքիա ու Եղկանա տապանակին դռնապաններն էին։
24Սաբանիա, Յովսափատ, Նաթանայէլ, Ամեսայի, Զաքարիա, Բանեա ու Եղիազար քահանաները՝ Աստուծոյ տապանակին առջեւ փողեր կը հնչեցնէին. Աբդեդոմ եւ Յէիա տապանակին դռնապաններն էին։
ՈՒԽՏԻՆ ՏԱՊԱՆԱԿԸ ԿԸ ՓՈԽԱԴՐՈՒԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ (Բ. Թագ. 6. 12-22)
25Այսպէս՝ Դաւիթ եւ Իսրայէլի երէցներն ու հազարապետները Տէրոջ ուխտին տապանակը Աբդեդոմի տունէն բարձրացնելու գացին՝ ուրախութեամբ։
26Երբ Աստուած Տէրոջ ուխտին տապանակը կրող Ղեւտացիներուն օգնեց, եօթը զուարակ ու եօթը խոյ զոհեցին։
27Դաւիթ բեհեզէ պարեգօտ հագած էր. նոյնպէս ալ տապանակը կրող բոլոր Ղեւտացիները, երգողները, եւ Քոնոնիա, երգողներուն երաժշտութեան պետը. Դաւիթի վրայ կտաւէ եփուտ կար։
28Ամբողջ Իսրայէլը Տէրոջ ուխտին տապանակը կը բարձրացնէր ուրախութեան գոչիւնով, շեփորի ձայնով, փողերով ու ծնծղաներով, տաւիղներ եւ քնարներ հնչեցնելով։
29Երբ Տէրոջ ուխտին տապանակը Դաւիթի քաղաքը հասաւ, Սաւուղի աղջիկը՝ Մեղքող պատուհանէն նայեցաւ, եւ Դաւիթ թագաւորին ցատկռտելն ու խայտալը տեսնելով՝ զայն իր սիրտին մէջ արհամարհեց։