1 Chronicles 16
2 Kings « 1 Chronicles 15 ‹ 1 Chronicles 16 › 1 Chronicles 17 » 2 Chronicles
1
Աստուծոյ տապանակը տարին, ու զայն դրին այն վրանին մէջ, որ Դաւիթ անոր համար լարած էր. եւ Աստուծոյ առջեւ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին։
2Երբ Դաւիթ ողջակէզներն ու խաղաղութեան զոհերը մատուցանելը աւարտեց, Տէրոջ անունով ժողովուրդը օրհնեց։
3Ապա բոլոր Իսրայելացիներուն, թէ՛ այր մարդոց եւ թէ կիներուն, իւրաքանչիւրին մէկ հացի նկանակ, կտոր մը միս ու չամիչով կարկանդակ մը բաժնեց։
4Ղեւտացիներ կարգեց՝ Տէրոջ տապանակին առջեւ պաշտօն կատարելու, նաեւ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը յիշելու, շնորհակալ ըլլալու եւ գովաբանելու համար.—
5գլխաւորը՝ Ասափ, անոր 1փոխանորդը՝ Զաքարիա. Յէիէլ, Սեմիրամովթ, Յեքիէլ, Մատաթիա, Եղիաբ, Բանեա, Աբդեդոմ ու Յէիէլ՝ տաւիղներ ու քնարներ կը նուագէին, իսկ Ասափ ծնծղաներ կը հնչեցնէր։
6Բանեա եւ Յազիէլ քահանաները Աստուծոյ ուխտի տապանակին առջեւ շարունակ փողեր կը հնչեցնէին։
7Այդ նոյն օրը Դաւիթ առաջին անգամ հետեւեալ սաղմոսը յանձնեց Ասափի եւ անոր եղբայրներուն ձեռքը, որպէսզի Տէրը ներբողեն.—
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ (Սաղմ. 105. 1-15։ 96. 1-13։ 106. 47-48)
8«Ներբողեցէ՛ք Տէրը, կանչեցէ՛ք անոր անունը, Գիտցուցէ՛ք անոր գործերը ժողովուրդներուն մէջ։
9Երգեցէ՛ք անոր, սաղմո՛ս ըսէք անոր, Խօսեցէ՛ք անոր բոլոր սքանչելիքներուն մասին։
10Պարծեցէ՛ք անոր սուրբ անունով. Տէրը փնտռողներուն սիրտը թող ուրախանայ։
11Փնտռեցէ՛ք Տէրը եւ անոր զօրութիւնը, Խնդրեցէ՛ք անոր երեսը շարունակ։
12Յիշեցէ՛ք անոր ըրած սքանչելիքները, Անոր հրաշքներն ու բերանին դատավճիռները,
13Ո՛վ անոր ծառային՝ Իսրայէլի զարմը, Ո՛վ Յակոբի որդիներ, անոր ընտրեալները։
14Եհովան՝ ի՛նքն է մեր Աստուածը. Անոր դատավճիռները ամբողջ երկրի մէջ են։
15Յաւիտեա՛ն յիշեցէք անոր ուխտը, Անոր պատուիրած խօսքը՝ մինչեւ հազար սերունդ.
16Այն ուխտը՝ որ Աբրահամի հետ կնքեց, Եւ իր երդումը՝ որ Իսահակի ըրաւ.
17Յակոբի ալ հաստատեց զայն՝ իբր կանոն, Ու Իսրայէլի՝ իբր յաւիտենական ուխտ մը,
18Ըսելով. “Քեզի պիտի տամ Քանանի երկիրը, Ձեր ժառանգութեան վիճակը”,
19Երբ դուք սակաւաթիւ 2մարդիկ էիք, Փոքրաթիւ եւ պանդուխտ՝ անոր մէջ։
20Երբ անոնք մէկ ազգէն ուրիշ ազգի կ’երթային, Ու մէկ թագաւորութենէն՝ ուրիշ ժողովուրդի,
21Ան ո՛չ մէկուն արտօնեց որ զանոնք հարստահարէ. Թագաւորներ ալ յանդիմանեց անոնց համար՝ ըսելով.
22“Իմ օծեալներուս մի՛ դպչիք, Եւ իմ մարգարէներուս չարիք մի՛ ընէք”։
23Երգեցէ՛ք Տէրոջ, ամբողջ երկրի բնակիչներ, Աւետեցէ՛ք անոր փրկութիւնը օրէ օր։
24Պատմեցէ՛ք անոր փառքը 3հեթանոսներուն մէջ, Եւ անոր սքանչելիքները՝ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ,
25Որովհետեւ Տէրը մեծ է, ու յոյժ գովելի. Ան ահեղ է, եւ բոլոր աստուածներէն գերազանց,
26Որովհետեւ ժողովուրդներուն բոլոր աստուածները 4կուռքեր են, Բայց Եհովա՛ն 5ստեղծեց երկինքը։
27Փառաւորութիւն ու վայելչութիւն կան անոր առջեւ, Զօրութիւն եւ ուրախութիւն՝ անոր բնակութեան մէջ.
28Տէրո՛ջ տուէք, ո՛վ ժողովուրդներու գերդաստաններ, Տէրո՛ջ տուէք փառք ու զօրութիւն.
29Տէրո՛ջ տուէք իր անունին փառքը։ Ընծա՛յ բերէք եւ մտէ՛ք անոր ներկայութեան մէջ, Տէրո՛ջ երկրպագեցէք 6սուրբ զարդարանքով՝՝.
30Սարսափեցէ՛ք անոր առջեւ, ամբողջ երկրի բնակիչներ։ Ա՛լ երկրագունդը հաստատուն է, չ’երերար.
31Երկինքը թող ուրախանայ, ու երկիրը խայտայ. Հեթանոսներուն մէջ թող ըսեն. “Տէ՛րը կը թագաւորէ”։
32Ծովը եւ զայն լեցնողները թող 7գոռան, Դաշտն ու բոլոր անոր մէջ եղողները թող հրճուին.
33Այն ատեն անտառին ծառերը պիտի ցնծան Տէրոջ առջեւ, Քանի որ կու գայ երկիրը դատելու։
34Ներբողեցէ՛ք Տէրը, որովհետեւ բարի է, Որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է։
35Նաեւ ըսէ՛ք. “Ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը, փրկէ՛ մեզ, Հաւաքէ՛ մեզ եւ ազատէ՛ մեզ հեթանոսներէն, Որպէսզի քու սուրբ անունդ ներբողենք, Ու քու գովաբանութեամբդ պարծենանք։
36Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը, 8Դարէ դար՝՝”»։ Ամբողջ ժողովուրդը ըսաւ. «Ամէն», եւ Տէրը գովաբանեց։
ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԵՒ ԳԱԲԱՒՈՆԻ ՄԷՋ
37Դաւիթ հոն՝ Տէրոջ ուխտի տապանակին առջեւ թողուց Ասափն ու անոր եղբայրները, որպէսզի շարունակ պաշտօն կատարեն տապանակին առջեւ՝ ամէն օրուան հրամայուածին համեմատ։
38Աբդեդոմն ու անոր վաթսունութ եղբայրները, նաեւ Իդիթունի որդին՝ Աբդեդոմը եւ Ուսան դռնապան նշանակեց։
39Սադովկ քահանան ու անոր քահանայ եղբայրները՝ Տէրոջ խորանին առջեւ թողուց, Գաբաւոնի բարձր տեղին վրայ,
40որպէսզի առտու եւ իրիկուն՝ շարունակ Տէրոջ ողջակէզներ մատուցանեն ողջակէզի զոհասեղանին վրայ, ու Տէրոջ Իսրայէլի պատուիրած Օրէնքին մէջ գրուած ամէն ինչ գործադրեն։
41Անոնց հետ նշանակեց նաեւ Եմանը, Իդիթունը եւ մնացեալ ընտրուածները, որոնք իրենց անուններով որոշուեցան՝ որպէսզի Տէրը ներբողեն, որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է։
42Եման եւ Իդիթուն իրենց հետ փողեր ու ծնծղաներ ունէին՝ զանոնք հնչեցնողներուն համար, նաեւ Աստուծոյ փառաբանութեան նուագարանները։ Իդիթունի որդիները դրան պահպանութիւն կ’ընէին։
43Ամբողջ ժողովուրդը գնաց՝ իւրաքանչիւրը իր տունը. Դաւիթ ալ վերադարձաւ՝ որ իր տունը օրհնէ։