Loading...

1 Chronicles 17

2 Kings  «  1 Chronicles 16  ‹  1 Chronicles 17  ›  1 Chronicles 18  »  2 Chronicles


ՆԱԹԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ԴԱՒԻԹԻ (Բ. Թագ. 7. 1-17)

1

Երբ Դաւիթ իր տունը բնակեցաւ, Դաւիթ Նաթան մարգարէին ըսաւ. «Ահա՛ ես մայրիի փայտէ շինուած տան մը մէջ կը բնակիմ, բայց Տէրոջ ուխտին տապանակը 1վրանի տակ է»։

2

Նաթան Դաւիթի պատասխանեց. «Սիրտիդ մէջ եղած ամէ՛ն ինչ ըրէ, քանի Աստուած քեզի հետ է»։

3

Նոյն գիշերը 2Աստուած խօսեցաւ՝՝ Նաթանի՝ ըսելով.

4

«Գնա՛, իմ ծառայիս՝ Դաւիթի ըսէ՛. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Դուն ինծի տուն պիտի չկառուցանես, որ մէջը բնակիմ։

5

Արդարեւ Իսրայէլը Եգիպտոսէն բարձրացուցած օրէս մինչեւ այսօր տան մէջ չբնակեցայ, հապա վրանէ վրան 3շրջեցայ, ու խորանէ խորան։

6

Ամէն ուր որ շրջեցայ ամբողջ Իսրայէլի հետ, միթէ խօսք մը ըսի՞ Իսրայէլի դատաւորներէն մէկուն, որոնց պատուիրեր էի իմ ժողովուրդս հովուել. արդեօք ըսի՞. «Ինչո՞ւ ինծի մայրիի փայտէ տուն մը չկառուցանեցիք»"”։

7

Հիմա իմ ծառայիս՝ Դաւիթի սա՛ ըսէ. “Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Ե՛ս քեզ արօտավայրէն՝ ոչխարներու ետեւէն առի, որպէսզի իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի վրայ առաջնորդ ըլլաս։

8

Ո՛ւր որ կ’երթայիր՝ քեզի հետ էի. քու առջեւէդ բոլոր թշնամիներդ կոտորեցի, ու երկրի վրայ եղող մեծերուն անունին պէս ըրի քու անունդ։

9

Իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի ալ տեղ մը պիտի որոշեմ ու զայն պիտի տնկեմ, որ իր տեղը բնակի եւ ա՛լ չսասանի։ Անիրաւութեան որդիները առաջուան պէս անգա՛մ մըն ալ պիտի չսպառեն զայն,

10

ինչպէս իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի վրայ դատաւորներ 4նշանակած օրէս ի վեր եղաւ։ Քու բոլոր թշնամիներդ պիտի ընկճեմ, ու քեզի կ’իմացնեմ թէ Տէ՛րը քեզի տուն պիտի կառուցանէ։

11

Երբ քու օրերդ լրանան եւ հայրերուդ քով երթաս, քեզմէ ետք զարմդ պիտի բարձրացնեմ, քու որդիներէդ մէկը, ու անոր թագաւորութիւն պիտի հաստատեմ։

12

Անիկա՛ ինծի տուն պիտի կառուցանէ, եւ անոր գահը յաւիտեան պիտի հաստատեմ.

13

Ես անոր հայր պիտի ըլլամ, ան ալ ինծի որդի պիտի ըլլայ. իմ կարեկցութիւնս անկէ պիտի չհեռացնեմ, ինչպէս քեզմէ առաջ եղողէն հեռացուցի։

14

Զայն յաւիտեան իմ տանս մէջ ու իմ թագաւորութեանս մէջ պիտի 5հաստատեմ, եւ անոր գահը յաւիտեան անշարժ պիտի ըլլայ"”»։

15

Նաթան այս բոլոր խօսքերուն եւ այս ամբողջ տեսիլքին համաձայն խօսեցաւ Դաւիթի։


ԴԱՒԻԹԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔԸ (Բ. Թագ. 7. 18-29)

16

Դաւիթ թագաւորը գնաց, Տէրոջ ներկայացաւ եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած, ես ո՞վ եմ ու իմ տունս ի՞նչ է, որ զիս մինչեւ հոս բերիր։

17

Սակայն ասիկա քու աչքերուդ պզտիկ 6երեւցաւ, ո՛վ Աստուած, եւ քու ծառայիդ տան մասին հեռաւոր ժամանակի համար խօսեցար. ինծի նայեցար, ո՛վ Տէր Աստուած, որպէս թէ բարձր աստիճանի մարդու։

18

Դաւիթ աւելի ի՞նչ ըսէ քեզի՝ ծառայիդ տրուած փառքին համար. որովհետեւ դուն ծառադ կը ճանչնաս։

19

Ո՛վ Տէր, քու ծառայիդ սիրոյն համար ու քու սիրտիդ փափաքին համաձայն այս բոլոր մեծագործութիւնները կատարեցիր, որպէսզի այս բոլոր մեծագործութիւնները գիտցնես։

20

Ո՛վ Տէր, ո՛չ մէկը քեզի նման է, եւ քեզմէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ՝ մեր ականջներով մեր բոլոր լսածներուն համաձայն։

21

Ո՞ր ազգը երկրի վրայ քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի նման է, որուն համար նոյնինքն Աստուած եկաւ զայն փրկելու՝ որպէսզի իրեն ժողովուրդ ընէ. Եգիպտոսէն ազատած ժողովուրդիդ առջեւէն ազգեր վռնտելով՝ քեզի մեծ ու ահաւոր անուն ստացար,

22

քու ժողովուրդդ՝ Իսրայէլը յաւիտեան քեզի ժողովուրդ ըրիր, եւ դուն, ո՛վ Տէր, անոնց Աստուածը եղար։

23

Ուստի հիմա, ո՛վ Տէր, քու ծառայիդ մասին ու անոր տան մասին ըսած խօսքդ թող յաւիտեան հաստատուի, եւ ըրէ՛ ինչպէս ըսիր։

24

Թող հաստատուի, որ քու անունդ յաւիտեան մեծնայ, ու ըսեն. “Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, Իսրայէլի համար Աստուած է”. եւ քու ծառայիդ՝ Դաւիթի տունը քու առջեւդ անշարժ մնայ։

25

Արդարեւ դո՛ւն, ո՛վ իմ Աստուածս, քու ծառայիդ 7յայտնեցիր թէ անոր տուն պիտի կառուցանես. հետեւաբար ծառադ իր սիրտին մէջ համարձակութիւն գտաւ քու առջեւդ այսպէս աղօթելու։

26

Եւ հիմա, ո՛վ Տէր, դո՛ւն ես այդ Աստուածը, ու դո՛ւն ծառայիդ խոստացար այս բարիքը։

27

Ուստի հիմա բարեհաճէ՛ ծառայիդ տունը օրհնել, որպէսզի յաւիտեան քու առջեւդ ըլլայ. արդարեւ դո՛ւն օրհնեցիր, ո՛վ Տէր, ու յաւիտեան օրհնեալ պիտի ըլլայ»։



1 Եբր.՝ վարագոյրներու
2 Եբր.՝ Աստուծոյ խօսքը եղաւ
3 Եբր.՝ եղայ
4 Եբր.՝ պատուիրած
5 Եբր.՝ կայունացնեմ
6 Եբր.՝ եղաւ
7 Եբր.՝ ականջը բացիր