Loading...

1 Chronicles 18

2 Kings  «  1 Chronicles 17  ‹  1 Chronicles 18  ›  1 Chronicles 19  »  2 Chronicles


ԴԱՒԻԹԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐԸ (Բ. Թագ. 8. 1-18)

1

Ատկէ ետք՝ Դաւիթ Փղշտացիները զարկաւ ու զանոնք ընկճեց. Գէթը եւ անոր գիւղերը Փղշտացիներուն ձեռքէն առաւ։

2

Յետոյ Մովաբը զարկաւ, ու Մովաբացիները Դաւիթի 1հարկատու հպատակներ եղան՝՝։

3

Դաւիթ Սուբայի Ադրազար թագաւորը Եմաթի կողմերը զարկաւ, երբ Եփրատ գետին վրայ իր 2իշխանութիւնը հաստատելու կ’երթար։

4

Դաւիթ անկէ հազար կառք, եօթը հազար ձիաւոր եւ քսան հազար հետեւակ 3զօրք բռնեց. Դաւիթ բոլոր 4կառքի ձիերուն ջիղերը կտրեց, բայց անոնցմէ միայն հարիւր ձի իրեն համար պահեց՝՝։

5

Դամասկոսի 5Ասորիները Սուբայի թագաւորին՝ Ադրազարի օգնութեան 6հասան. բայց Դաւիթ Ասորիներէն քսաներկու հազար մարդ զարկաւ։

6

Դաւիթ Դամասկոսի Սուրիային մէջ պահակազօրքեր դրաւ, եւ Ասորիները Դաւիթի հարկատու հպատակներ եղան։ Դաւիթ ուր որ կ’երթար՝ Տէրը 7իրեն յաղթութիւն կու տար՝՝։

7

Դաւիթ Ադրազարի ծառաներուն վրայ եղող ոսկիէ վահանները գրաւեց, ու զանոնք Երուսաղէմ բերաւ։

8

Ադրազարի քաղաքներէն՝ Տեբաթէն եւ Քունէն՝ Դաւիթ յոյժ շատ պղինձ գրաւեց. Սողոմոն անկէ շինեց պղինձէ ծովը, սիւներն ու պղինձէ գործիքները։

9

Երբ Եմաթի թագաւորը՝ Թովու լսեց թէ Դաւիթ Սուբայի Ադրազար թագաւորին բոլոր զօրագունդերը զարկեր է,

10

իր որդին՝ Ադորամը Դաւիթ թագաւորին ղրկեց, որպէսզի անոր 8որպիսութիւնը հարցնէ եւ զինք 9շնորհաւորէ, Ադրազարի դէմ պատերազմելուն ու զայն զարնելուն համար. (արդարեւ Ադրազար Թովուի դէմ կը պատերազմէր.) անոր հետ ամէն տեսակ ոսկիէ, արծաթէ, պղինձէ անօթներ ալ ղրկեց։

11

Դաւիթ թագաւորը զանոնք ալ Տէրոջ 10ընծայեց՝ այն արծաթով ու ոսկիով միասին, որ բոլոր ազգերէն փոխադրեր էր.— Եդովմէն, Մովաբէն, Ամմոնի որդիներէն, Փղշտացիներէն եւ Ամաղէկէն։

12

Շարուհեայի որդին՝ Աբեսսա Աղի ձորին մէջ տասնութ հազար Եդովմայեցի զարկաւ։

13

Եդովմի մէջ պահակազօրքեր դրաւ, ու բոլոր Եդովմայեցիները Դաւիթի ծառայ եղան։ Դաւիթ ուր որ կ’երթար՝ Տէրը իրեն յաղթութիւն կու տար։

14

Դաւիթ ամբողջ Իսրայէլի վրայ թագաւորեց, ու իր ամբողջ ժողովուրդին իրաւունք եւ արդարութիւն կը կիրարկէր։

15

Շարուհեայի որդին՝ Յովաբ զօրքերուն վրայ նշանակուած էր. Աքիղուդի որդին՝ Յովսափատ 11դիւանադպիր էր.

16

Աքիտովբի որդին՝ Սադովկ ու Աբիաթարի որդին՝ Աբիմելէք քահանաներ էին. Սուսա ատենադպիր էր.

17

Յովիադայի որդին՝ Բանեա 12Քերեթիներուն ու 13Փելեթիներուն վրայ նշանակուած էր. իսկ Դաւիթի որդիները՝ թագաւորին քով 14նախարարներ էին։



1 Եբր.՝ հպատակեցան եւ ընծայ բերին
2 Եբր.՝ ձեռքը
3 Եբր.՝ մարդ
4 Եբր.՝ կառքերը քակեց, բայց անոնցմէ միայն հարիւր կառք պահեց
5 Եբր.՝ Արամացիները, այսինքն՝ Սուրիացիները
6 Եբր.՝ եկան
7 Եբր.՝ զինք կ’ազատէր
8 Եբր.՝ խաղաղութիւնը
9 Եբր.՝ օրհնէ
10 Եբր.՝ սրբացուց
11 Եբր.՝ յիշատակութիւններու դպիր
12 Այսինքն՝ Ընտիր զինուորներու գունդին
13 Այսինքն՝ Պահապան զինուորներու գունդին
14 Եբր.՝ առաջիններ