1 Chronicles 19
2 Kings « 1 Chronicles 18 ‹ 1 Chronicles 19 › 1 Chronicles 20 » 2 Chronicles
ԴԱՒԻԹ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ԱՄՄՈՆԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒՆ (Բ. Թագ. 10. 1-19)
11Ատկէ ետք, Ամմոնի որդիներուն թագաւորը՝ Նաաս՝ մեռաւ, եւ անոր տեղ իր որդին թագաւոր եղաւ։
2Դաւիթ ըսաւ. «Նաասի որդիին՝ Անոնի հետ կարեկցութեամբ վարուիմ, քանի որ անոր հայրը ինծի հետ կարեկցութեամբ վարուեցաւ»։ Ուստի Դաւիթ պատգամաւորներ ղրկեց, որպէսզի զայն իր հօր համար մխիթարեն։ Երբ Դաւիթի ծառաները Ամմոնի որդիներուն երկիրը հասան՝ Անոնի քով, զինք մխիթարելու համար,
3Ամմոնի որդիներուն իշխանաւորները Անոնի ըսին. «2Կը կարծե՞ս՝՝ թէ Դաւիթ քու հայրդ պատուելու համար քեզի մխիթարիչներ ղրկեց։ Միթէ իր ծառաները այս երկիրը հետազօտելու, կործանելու եւ լրտեսելու համար չեկա՞ն քեզի»։
4Անոն ալ Դաւիթի ծառաները բռնեց, զանոնք ածիլել տուաւ, նաեւ անոնց հանդերձները կէսէն կտրել տուաւ՝ մինչեւ յետոյքը, ու այդպէս զանոնք ղրկեց։
5Ոմանք գացին եւ այդ մարդոց պատահած Դաւիթի պատմեցին. ան ալ զանոնք դիմաւորելու համար մարդ ղրկեց, քանի որ այդ մարդիկը յոյժ խայտառակուած էին։ Թագաւորը ըսաւ. «Երիքո՛վ կեցէք՝ մինչեւ որ ձեր մօրուքը աճի, ու յե՛տոյ վերադարձէք»։
6Ամմոնի որդիները տեսան թէ Դաւիթի 3ատելի եղան։ Ուստի Անոն եւ Ամմոնի որդիները հազար տաղանդ արծաթ ղրկեցին, որպէսզի Միջագետքէն, Մաաքայի Սուրիայէն ու Սուբայէն կառքեր եւ ձիաւորներ վարձեն։
7Անոնք երեսուներկու հազար կառք վարձեցին, նաեւ Մաաքայի թագաւորը եւ անոր ժողովուրդը, որոնք եկան ու Մեդաբայի առջեւ բանակեցան։ Ամմոնի որդիներն ալ իրենց քաղաքներէն հաւաքուեցան եւ պատերազմելու եկան։
8Երբ Դաւիթ ասիկա լսեց, Յովաբն ու բոլոր զօրաւոր զօրքերը ղրկեց։
9Ամմոնի որդիները դուրս ելան եւ քաղաքին մուտքին առջեւ պատերազմի շարուեցան, բայց օգնութեան եկող թագաւորները դաշտին մէջ՝ զատ կեցած էին։
10Երբ Յովաբ տեսաւ թէ պատերազմը առջեւէն ու ետեւէն իր վրայ կը հասնի, Իսրայէլի ամբողջ ընտրանիէն մարդիկ ընտրեց եւ Ասորիներուն դէմ պատերազմի շարեց։
11Մնացած ժողովուրդն ալ իր եղբօր՝ Աբեսսայի ձեռքը յանձնեց, ու անոնք Ամմոնի որդիներուն դիմաց շարուեցան։
12Ապա ըսաւ. «Եթէ Ասորիները ինծի յաղթեն՝ 4ինծի օգնութեա՛ն հասիր՝՝. իսկ եթէ Ամմոնի որդիները քեզի յաղթեն, ե՛ս քեզի օգնութեան պիտի հասնիմ։
135Քաջասի՛րտ եղիր՝՝, ու մեր ժողովուրդին համար եւ մեր Աստուծոյն քաղաքներուն համար ուժովնա՛նք. ու Տէրը 6իրեն հաճելի՝՝ եղածը թող ընէ»։
14Յովաբ իրեն հետ եղող ժողովուրդով Ասորիներուն մօտեցաւ, որպէսզի անոնց դէմ պատերազմի, բայց անոնք իր առջեւէն փախան։
15Ամմոնի որդիները, Ասորիներուն փախչիլը տեսնելով, իրե՛նք ալ իր եղբօր՝ Աբեսսայի առջեւէն փախան, եւ քաղաքը մտան։ Այն ատեն Յովաբ Երուսաղէմ եկաւ։
16Երբ Ասորիները տեսան թէ Իսրայէլի առջեւ պարտուեցան, պատգամաւորներ ղրկեցին եւ Գետին միւս կողմը եղող Ասորիները 7ոտքի հանեցին. անոնց առջեւէն Ադրազարի զօրագլուխը՝ Սովբակ կ’երթար։
17Երբ Դաւիթի պատմեցին, ամբողջ Իսրայէլը հաւաքելով՝ Յորդանանէն անցաւ, անոնց վրայ հասաւ եւ անոնց դիմաց գունդեր շարեց։ Երբ Դաւիթ Ասորիներուն դէմ պատերազմելու համար գունդեր շարեց, անոնք իրեն դէմ պատերազմեցան։
18Բայց Ասորիները Իսրայէլի առջեւէն փախան։ Դաւիթ Ասորիներէն եօթը հազար կառքի զօրք ու քառասուն հազար հետեւակ 8զօրք ջարդեց. Սովբակ զօրագլուխն ալ մեռցուց։
19Երբ Ադրազարի ծառաները տեսան թէ Իսրայէլի առջեւ պարտուեցան, Դաւիթի հետ խաղաղութիւն ըրին ու անոր հպատակեցան։ Ասորիները ատկէ ետք ա՛լ Ամմոնի որդիներուն 9օգնել չուզեցին։