Loading...

1 Chronicles 20

2 Kings  «  1 Chronicles 19  ‹  1 Chronicles 20  ›  1 Chronicles 21  »  2 Chronicles


ԴԱՒԻԹ ԿԸ ԳՐԱՒԷ ՌԱԲԲԱՆ (Բ. Թագ. 12. 26-31)

1

1Հետեւեալ տարին, թագաւորներուն 2պատերազմելու ատենը, Յովաբ զօրքերուն բոլոր 3գունդերը տարաւ եւ Ամմոնի որդիներուն երկիրը կործանեց։ Նաեւ գնաց Ռաբբան պաշարեց, բայց Դաւիթ Երուսաղէմ կը մնար. Յովաբ Ռաբբան զարկաւ ու զայն փլցուց։

2

Դաւիթ անոնց թագաւորին թագը անոր գլուխին վրայէն առաւ, ու գտաւ թէ տաղանդ մը ոսկիի կշիռ ունէր. անոր վրայ պատուական քարեր ալ կային, եւ թագը Դաւիթի գլուխը դրուեցաւ։ Դաւիթ քաղաքէն յոյժ շատ աւար 4բերաւ,

3

իսկ անոր մէջ եղած ժողովուրդը դուրս հանելով՝ զանոնք 5սղոցներով, երկաթէ ցաքաններով եւ կացիններով կտրեց՝՝։ Դաւիթ Ամմոնի որդիներուն բոլոր քաղաքներուն այսպէս ըրաւ։ Ապա Դաւիթ ամբողջ ժողովուրդով Երուսաղէմ վերադարձաւ։


ՓՂՇՏԱՑԻ ՀՍԿԱՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՊԱՏԵՐԱԶՄ (Բ. Թագ. 21. 15-22)

4

Ատկէ ետք Գազերի մէջ Փղշտացիներուն դէմ պատերազմ 6ծագեցաւ։ Այն ատեն Ովսացի Սովբաք 7Ռափայի որդիներէն եղող Սեփիան մեռցուց, եւ անոնք ընկճուեցան։

5

Դարձեալ Փղշտացիներուն դէմ պատերազմ եղաւ, ու Յայիրի որդին՝ Ելէանան Գեթացի Գողիաթի եղբայրը՝ Ղէեմին զարկաւ, որուն նիզակին բունը ոստայնանկներու գլանին պէս էր։

6

Դարձեալ պատերազմ եղաւ՝ Գէթի մէջ։ Երկայնահասակ մարդ մը կար, որուն մատները վեց-վեց ըլլալով՝ քսանչորս մատ ունէր. ա՛ն ալ Ռափայի զաւակներէն էր։

7

Ան Իսրայէլի մարտահրաւէր ուղղեց. բայց Դաւիթի եղբօր՝ Սամաայի որդին՝ Յովնաթան զայն զարկաւ։

8

Ասոնք Գէթի մէջ Ռափայէն ծնած էին, ու Դաւիթի ձեռքով եւ անոր ծառաներուն ձեռքով ինկան։



1 Կամ՝ Ընդդիմադիրը
2 Եբր.՝ դուրս ելլելու
3 Եբր.՝ ոյժը
4 Եբր.՝ դուրս հանեց
5 Կամ՝ սղոցներու, երկաթէ մանկեռներու եւ կացիններու գործին վրայ նշանակեց
6 Եբր.՝ ելաւ
7 Կամ՝ հսկայի