1 Chronicles 21
2 Kings « 1 Chronicles 20 ‹ 1 Chronicles 21 › 1 Chronicles 22 » 2 Chronicles
ԴԱՒԻԹ ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ (Բ. Թագ. 24. 1-25)
1Սատանան Իսրայէլի 1ընդդիմացաւ, ու Դաւիթը դրդեց որ Իսրայէլը համրէ։
2Դաւիթ Յովաբի եւ ժողովուրդին պետերուն ըսաւ. «Գացէ՛ք, Իսրայէլը հաշուեցէ՛ք Բերսաբէէն մինչեւ Դան, ու թի՛ւը բերէք ինծի, որպէսզի գիտնամ»։
3Եւ Յովաբ ըսաւ. «Տէրը թող հարիւրապատիկ աւելցնէ իր ժողովուրդը՝ քան այնչափ որ է։ Ո՛վ թագաւոր, իմ տէ՛րս, միթէ անոնք՝ բոլորն ալ իմ տիրոջս ծառաները չե՞ն. իմ տէրս ինչո՞ւ այս բանը կը պահանջէ. ինչո՞ւ ան Իսրայէլի յանցանքի պատճառ ըլլայ»։
4Բայց երբ թագաւորին խօսքը Յովաբի պարտադրուեցաւ, Յովաբ դուրս ելաւ, ամբողջ Իսրայէլի մէջ շրջեցաւ, ապա Երուսաղէմ եկաւ։
5Յովաբ ժողովուրդին մարդահամարին թիւը Դաւիթի տուաւ։ Ամբողջ Իսրայէլի մէջ 2մէկ միլիոն՝՝ հարիւր հազար սուր քաշող մարդ կար, իսկ Յուդա չորս հարիւր եօթանասուն հազար սուր քաշող մարդ ունէր։
6Սակայն Ղեւտացիներն ու Բենիամինեանները անոնց մէջ չթուարկեց, քանի որ թագաւորին հրամանը գարշելի էր Յովաբի։
7Այս բանը Աստուծոյ 3անհաճոյ եղաւ, ուստի Իսրայէլը զարկաւ։
8Դաւիթ Աստուծոյ ըսաւ. «Այս բանը ընելով մեծապէս մեղանչեցի. ուստի հիմա կ’աղերսե՛մ, քու ծառայիդ անօրէնութիւնը 4ներէ՛. որովհետեւ յոյժ անմիտ եղայ»։
9Տէրը Դաւիթի տեսանողին՝ Գադի խօսեցաւ, ըսելով.
10«Գնա՛ ու Դաւիթի ըսէ. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Ես քեզի երեք բան կ’առաջարկեմ. անոնցմէ մէ՛կը ընտրէ, որ քեզի ընեմ"”»։
11Գադ Դաւիթի եկաւ եւ անոր ըսաւ.
12«Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ընտրէ՛ քեզի.— կա՛մ երեք տարուան սով, կա՛մ երեք ամիս քու թշնամիներուդ 5առջեւէն փախչիս՝՝ ու թշնամիներուդ սուրը քեզի հասնի, եւ կամ երեք օր Տէրոջ սուրը՝ այսինքն ժանտախտ ըլլայ երկրին մէջ, ու Տէրոջ հրեշտակը Իսրայէլի ամբողջ հողամասին մէջ կոտորէ”։ Հիմա 6ըսէ՛ թէ ի՛նչ 7պիտի պատասխանեմ՝՝ զիս ղրկողին»։
13Դաւիթ Գադի ըսաւ. «Չափազանց կը տագնապիմ. այժմ Տէրո՛ջ ձեռքը իյնամ, որովհետեւ անոր գթութիւնը յոյժ շատ է. մարդու ձեռքը չիյնամ»։
14Ուստի Տէրը Իսրայէլի վրայ ժանտախտ 8ղրկեց, եւ Իսրայէլէն եօթանասուն հազար մարդ ինկաւ։
15Աստուած հրեշտակ մը ղրկեց Երուսաղէմ, որպէսզի զայն կործանէ. երբ կը կոտորէր, Տէրը նայեցաւ եւ այս չարիքէն հրաժարեցաւ, ու կոտորող հրեշտակին ըսաւ. «Բաւակա՛ն է, հիմա ձեռքդ քաշէ՛»։ Տէրոջ հրեշտակը Յեբուսացի Ոռնայի կալին քով կեցած էր։
16Դաւիթ իր աչքերը վերցուց եւ Տէրոջ հրեշտակը տեսաւ, որ երկրի ու երկինքի մէջտեղ կեցած էր, եւ ձեռքը մերկ սուր մը կար՝ որ Երուսաղէմի վրայ երկարած էր։ Այն ատեն Դաւիթ ու երէցները՝ քուրձեր հագած՝ իրենց երեսին վրայ ինկան։
17Դաւիթ Աստուծոյ ըսաւ. «Ահա՛ ե՛ս հրամայեցի՝ որ ժողովուրդը համրեն, ու ե՛ս եմ՝ որ մեղանչեցի եւ մեծ չարիք գործեցի. բայց այս ոչխարները ի՞նչ ըրին։ Ուրեմն ո՛վ Տէր, իմ Աստուա՛ծս, քու ձեռքդ ի՛մ վրաս ու հօ՛րս տան վրայ թող ըլլայ. բայց քու ժողովուրդիդ վրայ թող չըլլայ, զայն պատուհասով զարնելու համար»։
18Տէրոջ հրեշտակը Գադի հրամայեց. «Դաւիթի ըսէ՛, որ 9բարձրանայ եւ Յեբուսացի Ոռնայի կալին մէջ Տէրոջ զոհասեղան մը կանգնեցնէ»։
19Ուստի Դաւիթ բարձրացաւ՝ Գադի խօսքին համաձայն, որ Տէրոջ անունով ըսեր էր։
20Ոռնա ետեւ դարձաւ ու հրեշտակը տեսաւ, եւ իր չորս որդիները իրեն հետ պահուըտեցան. (արդարեւ Ոռնա ցորեն կը ծեծէր։)
21Երբ Դաւիթ Ոռնայի քով հասաւ, Ոռնա նայեցաւ ու Դաւիթը տեսնելով՝ կալէն ելաւ, եւ դէմքը մինչեւ գետին խոնարհեցնելով՝ Դաւիթի երկրպագեց։
22Այն ատեն Դաւիթ Ոռնայի ըսաւ. «Այս կալին տեղը ինծի՛ տուր, որ հոն զոհասեղան մը կառուցանեմ Տէրոջ, (զայն լմա՛ն 10գինով տուր ինծի,) որպէսզի ժողովուրդին մէջէն պատուհասը դադրի»։
23Ոռնա Դաւիթի ըսաւ. «Զայն քեզի՛ առ, եւ իմ տէրս՝ թագաւորը թող ընէ ինչ որ իրեն 11հաճելի է։ Ահա՛ եզները ողջակէզի համար կու տամ, կամնասայլերը՝ փայտի համար, ու ցորենը՝ հացի ընծայի համար. բոլո՛րն ալ կու տամ»։
24Սակայն Դաւիթ թագաւորը Ոռնայի ըսաւ. «Ո՛չ, հապա զանոնք ա՛նպայման լման դրամով պիտի գնեմ. արդարեւ Տէրոջ համար պիտի չառնեմ ինչ որ քուկդ է, ո՛չ ալ ողջակէզ պիտի մատուցանեմ առանց վճարումի»։
25Ուստի Դաւիթ այդ տեղին համար կշիռով վեց հարիւր սիկղ ոսկի տուաւ Ոռնայի։
26Դաւիթ հոն զոհասեղան մը կառուցանեց Տէրոջ, եւ անոր վրայ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեց. Տէրոջ աղաղակեց, ան ալ իրեն պատասխանեց՝ ողջակէզի զոհասեղանին վրայ երկինքէն իջած կրակով։
27Ապա Տէրը հրեշտակին հրամայեց, եւ ան սուրը իր պատեանը 12դրաւ։
28Այդ ատեն Դաւիթ՝ տեսնելով թէ Տէրը Յեբուսացի Ոռնայի կալին մէջ իրեն պատասխանեց՝ հոն զոհեր մատուցանեց։
29Իսկ անապատին մէջ Մովսէսի շինած Տէրոջ խորանը եւ ողջակէզի զոհասեղանը այդ ատեն Գաբաւոնի բարձր տեղն էին.
30բայց Դաւիթ Աստուծոյ խորհուրդ հարցնելու համար չկրցաւ անոր առջեւ երթալ, քանի որ Տէրոջ հրեշտակին 13սուրէն զարհուրեցաւ։