Loading...

1 Chronicles 22

2 Kings  «  1 Chronicles 21  ‹  1 Chronicles 22  ›  1 Chronicles 23  »  2 Chronicles


ՏԱՃԱՐԻՆ ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

1

Ուստի Դաւիթ ըսաւ. «Ա՛յս է Տէրոջ՝ Աստուծոյ տունը, եւ ա՛յս է Իսրայէլի ողջակէզին զոհասեղանը»։

2

Դաւիթ հրամայեց, որ Իսրայէլի երկրին մէջ գտնուող գաղթականները հաւաքեն, ու Աստուծոյ տունը կառուցանելու համար քարակոփներ 1նշանակեց, որպէսզի տաշուած քարեր 2պատրաստեն։

3

Դրան փեղկերուն գամերուն համար եւ ագոյցներուն համար՝ Դաւիթ առատ երկաթ պատրաստեց, այնչափ առատ պղինձ՝ որ կշիռ չունէր,

4

նաեւ անհամար մայրիի փայտեր, քանի որ Սիդոնացիներն ու Տիւրացիները Դաւիթի առատ մայրիի փայտ բերած էին։

5

Արդարեւ Դաւիթ ըսած էր. «Իմ որդիս՝ Սողոմոն փափուկ տղայ մըն է, եւ Տէրոջ համար կառուցանուելիք տունը՝ մեծ, բարձր, ու բոլոր երկիրներուն մէջ անուանի եւ շքեղ պէտք է ըլլայ. ուրեմն անոր համար պատրաստութիւն պիտի տեսնեմ»։ Այսպէս՝ Դաւիթ իր մեռնելէն առաջ շատ պատրաստութիւն տեսաւ։

6

Յետոյ իր որդին՝ Սողոմոնը կանչեց, ու անոր պատուիրեց որ Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն տուն մը կառուցանէ։

7

Դաւիթ Սողոմոնի ըսաւ. «Որդեա՛կս, սիրտիս մէջ մտածեցի որ Տէրոջ՝ իմ Աստուծոյս անունին տուն մը կառուցանեմ։

8

Բայց 3Տէրը խօսեցաւ՝՝ ինծի՝ ըսելով. “Դուն շատ արիւն թափեցիր ու մեծ պատերազմներ ըրիր. դուն իմ անունիս տուն պիտի չկառուցանես, քանի իմ առջեւս շատ արիւն թափեցիր գետինի վրայ։

9

Ահա՛ քեզի որդի մը պիտի ծնի. ան հանգստութեան մարդ պիտի ըլլայ, եւ զայն իր բոլոր շրջակայ թշնամիներէն պիտի հանգստացնեմ. արդարեւ անոր անունը 4Սողոմոն պիտի ըլլայ, եւ իր օրերուն մէջ Իսրայէլի խաղաղութիւն ու հանդարտութիւն պիտի տամ։

10

Անիկա՛ իմ անունիս տուն պիտի կառուցանէ. ան ինծի որդի պիտի ըլլայ, ու ես անոր հայր պիտի ըլլամ, եւ անոր թագաւորութեան գահը Իսրայէլի մէջ յաւիտեան պիտի հաստատեմ”։

11

Ուրեմն հիմա, որդեա՛կս, Տէրը քեզի հետ ըլլայ, որ յաջողիս ու Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ տունը կառուցանես, ինչպէս քու մասիդ խօսեցաւ։

12

Միայն թէ Տէրը քեզի ուշիմութիւն եւ խելք տայ, ու քեզ Իսրայէլի վրայ հաստատէ, որպէսզի Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ Օրէնքը պահես։

13

Այն ատեն պիտի յաջողիս, երբ զգուշութեամբ գործադրես այն կանոններն ու 5դատավճիռները, որ Տէրը Մովսէսի պատուիրեց՝ Իսրայէլի համար։ Ուժովցի՛ր եւ քա՛ջ եղիր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր։

14

Ահա՛ ես իմ 6տառապանքիս մէջ՝՝ Տէրոջ տան համար՝ հարիւր հազար տաղանդ ոսկի եւ 7մէկ միլիոն՝՝ տաղանդ արծաթ պատրաստեցի. իսկ պղինձն ու երկաթը այնչափ առատ են՝ որ կշիռ չունին։ Փայտեր եւ քարեր ալ պատրաստեցի. անոնց վրայ դո՛ւն ալ աւելցուր։

15

Նաեւ քովդ բազմաթիւ գործաւորներ ունիս.— քարակոփներ, որմնադիրներ, հիւսներ, եւ ամէն գործի համար ամէն տեսակ 8վարպետներ։

16

Ոսկին, արծաթը, պղինձն ու երկաթը 9անհաշիւ են. կանգնէ՛ եւ 10ձեռնարկէ՛ այս գործին՝՝, ու Տէրը քեզի հետ ըլլայ»։

17

Դաւիթ Իսրայէլի բոլոր իշխանաւորներուն պատուիրեց որ իր որդիին՝ Սողոմոնի օգնեն։

18

Անոնց ըսաւ. «Ահա՛ Տէրը՝ ձեր Աստուածը ձեզի հետ է. ան ձեզ ամէն կողմէ հանգստացուց, որովհետեւ այս երկրին բնակիչները իմ ձեռքս մատնեց, ու երկիրը Տէրոջ առջեւ եւ անոր ժողովուրդին առջեւ նուաճուեցաւ։

19

Ուստի հիմա ձեր սիրտն ու ձեր անձը 11յատկացուցէ՛ք Տէրը՝ ձեր Աստուածը փնտռելու. կանգնեցէ՛ք եւ կառուցանեցէ՛ք Տէրոջ՝ Աստուծոյ սրբարանը, որպէսզի Տէրոջ ուխտին տապանակն ու Աստուծոյ սուրբ առարկաները Տէրոջ անունին համար կառուցանուած տունը տանիք»։



1 Եբր.՝ կայնեցուց
2 Եբր.՝ կոփեն
3 Եբր.՝ Տէրոջ խօսքը եղաւ
4 Այսինքն՝ խաղաղարար
5 Կամ՝ սովորութիւնները
6 Կամ՝ աղքատութեամբս
7 Եբր.՝ հազար անգամ հազար
8 Եբր.՝ իմաստուններ
9 Եբր.՝ անթիւ
10 Եբր.՝ ըրէ՛
11 Եբր.՝ տուէ՛ք