Loading...

1 Chronicles 23

2 Kings  «  1 Chronicles 22  ‹  1 Chronicles 23  ›  1 Chronicles 24  »  2 Chronicles


1

Դաւիթ ծերացած եւ իր օրերէն կշտացած էր երբ իր որդին՝ Սողոմոնը Իսրայէլի վրայ թագաւոր նշանակեց։


ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԳՈՐԾԸ

2

Իսրայէլի բոլոր իշխանաւորները, նաեւ քահանաներն ու Ղեւտացիները հաւաքեց։

3

Ղեւտացիներէն երեսուն տարեկանէն վեր եղողները՝ 1մէկ առ մէկ՝՝ հաշուուեցան. անոնց թիւը երեսունութ հազար եղաւ։

4

Դաւիթ ըսաւ. «Ասոնցմէ քսանչորս հազարը՝ Տէրոջ տան գործին վերակացու ըլլան, վեց հազարը՝ ոստիկաններ ու դատաւորներ,

5

չորս հազարը՝ դռնապաններ, իսկ չորս հազարն ալ Տէրը գովաբանեն՝ գովաբանելու համար շինած նուագարաններովս»։

6

Դաւիթ զանոնք դասերու բաժնեց, Ղեւիի որդիներուն՝ Գերսոնի, Կահաթի ու Մերարիի համեմատ։

7

Գերսոնեաններէն էին՝ Ղադան ու Սեմէի։

8

Ղադանի որդիները երեք էին.— 2առաջինը՝ Յեքիէլ, յետոյ՝ Զեթամ ու Յովէլ։

9

Սեմէիի որդիները երեք էին.— Սաղոմոթ, Ազիէլ եւ Արան։ Ասոնք Ղադանի նահապետներն էին։

10

Սեմէիի որդիներն էին՝ Յէթ, Զիզա, Յէուս ու Բարիա. ասոնք Սեմէիի չորս որդիներն էին։

11

Յէթ 3առաջինն էր, Զիզա՝ երկրորդը։ Բայց Յէուս եւ Բարիա շատ որդիներ չունեցան. ուստի իրենց նահապետութեան համեմատ միայն մէկ վերատեսչութիւն ունեցան։

12

Կահաթի որդիները չորս էին.— Ամրամ, Իսահառ, Քեբրոն եւ Ոզիէլ։

13

Ամրամի որդիներն էին՝ Ահարոն ու Մովսէս։ Ահարոն զատուեցաւ, որպէսզի ինք եւ իր որդիները ամենասուրբ բաները 4ընծայեն յաւիտեան, Տէրոջ առջեւ խունկ ծխեն, անոր պաշտօն կատարեն ու անոր անունով օրհնեն յաւիտեան։

14

Իսկ Աստուծոյ մարդուն՝ Մովսէսի որդիները Ղեւիի տոհմին հետ 5համրուեցան։

15

Մովսէսի որդիներն էին՝ Գերսամ ու Եղիազար։

16

Գերսամի որդիներուն գլխաւորն էր՝ Սուբայէլ։

17

Եղիազարի որդիներուն գլխաւորն էր՝ Հռաբիա. Եղիազար ուրիշ որդի չունէր, բայց Հռափիայի որդիները յոյժ շատցան։

18

Իսահառի որդիներուն գլխաւորն էր՝ Սաղոմոթ։

19

Քեբրոնի որդիներուն առաջինն էր՝ Յերիա, երկրորդը՝ Ամարիա, երրորդը՝ Յազիէլ, չորրորդը՝ Յեկամամ։

20

Ոզիէլի որդիներուն առաջինն էր՝ Միքա, երկրորդը՝ Յեսիա։

21

Մերարիի որդիներն էին՝ Մոհողի եւ Մուսի, Մոհողիի որդիները՝ Եղիազար ու Կիս։

22

Եղիազար մեռաւ. ան որդի չունէր, հապա միայն աղջիկներ։ Իրենց եղբայրները՝ Կիսի որդիները առին զանոնք իբր կին։

23

Մուսիի որդիները երեք էին.— Մոհողի, Եդեր եւ Յերիմովթ։

24

Ասո՛նք էին Ղեւիի որդիները՝ իրենց նահապետութիւններուն համեմատ, անունով 6մէկ առ մէկ՝՝ համրուած նահապետները՝ քսան տարեկանէն վեր, որոնք Տէրոջ տան ծառայութեան գործը կը կատարէին։

25

Արդարեւ Դաւիթ ըսեր էր. «Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը իր ժողովուրդը հանգստացուց, ու յաւիտեան Երուսաղէմ պիտի բնակի.

26

Ղեւտացիներն ալ խորանը եւ անոր ծառայութեան բոլոր առարկաները ա՛լ պիտի չկրեն»։

27

Դաւիթի վերջին խօսքերուն համաձայն համրուեցան Ղեւիի որդիներէն քսան տարեկանէն վեր եղողները,

28

որովհետեւ անոնց 7պաշտօնն էր օգնել՝՝ Ահարոնի որդիներուն՝ Տէրոջ տան ծառայութեան մէջ — իբր վերակացու գաւիթներու, սենեակներու, բոլոր սուրբ բաներու մաքրութեան եւ Աստուծոյ տան ծառայութեան գործին,

29

նաեւ 8առաջադրութեան հացին, հացի ընծայի նաշիհին, անխմոր լաւաշներուն, տապակի մէջ եփուածներուն ու տապկուածներուն, եւ բոլոր հեղուկի ու երկայնքի չափերուն —,

30

9ներկայանալ ամէն առտու եւ իրիկուն՝ Տէրոջմէն շնորհակալ ըլլալու եւ զայն գովաբանելու համար,

31

ու շարունակ Տէրոջ առջեւ մատուցանել Տէրոջ բոլոր ողջակէզները՝ Շաբաթ օրերը, 10ամսագլուխները, եւ հանդիսաւոր տօներուն, իրենց թիւին ու կարգին համեմատ։

32

Տէրոջ տան ծառայութեան մէջ՝ Հանդիպումի վրանին պաշտօնը, սրբարանին պաշտօնը եւ իրենց եղբայրներուն՝ Ահարոնի որդիներուն 11պաշտօնը կը կատարէին՝՝։



1 Եբր.՝ զօրաւոր մարդ գլուխ
2 Եբր.՝ գլխաւորը
3 Եբր.՝ գլխաւորն
4 Եբր.՝ սրբացնեն
5 Եբր.՝ կոչուեցան
6 Եբր.՝ մարդ գլուխ
7 Եբր.՝ կեցուածքն էր ձեռքին տակ ըլլալ
8 Եբր.՝ կարգով դրուած
9 Եբր.՝ կայնիլ
10 Եբր.՝ նոր լուսինները
11 Եբր.՝ պահպանութիւնը կը պահէին