Loading...

1 Chronicles 24

2 Kings  «  1 Chronicles 23  ‹  1 Chronicles 24  ›  1 Chronicles 25  »  2 Chronicles


ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ՈՐՈՇՈՒԱԾ ԳՈՐԾԸ

1

Ահա՛ւասիկ Ահարոնի որդիներուն դասերը.— Ահարոնի որդիներն էին՝ Նադաբ, Աբիուդ, Եղիազար ու Իթամար։

2

Նադաբ եւ Աբիուդ իրենց հօրմէն առաջ մեռան. անոնք որդի չունէին։ Եղիազար ու Իթամար քահանայ եղան։

3

Դաւիթ, Եղիազարի որդիներէն՝ Սադովկ, եւ Իթամարի որդիներէն՝ Աքիմելէք, 1զանոնք իրենց ծառայութեան մէջ դասերու բաժնեցին՝ իրենց 2պաշտօնին համեմատ։

4

Եղիազարի որդիներուն մէջ աւելի գլխաւոր 3մարդիկ գտնուեցան՝ քան Իթամարի որդիներուն մէջ։ Զանոնք սա՛պէս բաժնեցին.— Եղիազարի որդիներուն համար տասնվեց նահապետութեան գլխաւոր, եւ Իթամարի որդիներուն համար՝ ութ, իրենց նահապետութիւններուն համեմատ։

5

Այսպէս վիճակով դասերու բաժնուեցան՝ իրարու հետ, քանի որ սրբարանին պետերն ու Աստուծոյ տան պետերը թէ՛ Եղիազարի որդիներէն էին, թէ՛ Իթամարի որդիներէն։

6

Ղեւտացիներէն՝ Նաթանայէլի որդին՝ Սեմայիա ատենադպիրը, զանոնք արձանագրեց՝ թագաւորին, իշխանաւորներուն, Սադովկ քահանային, Աբիաթարի որդիին՝ Աքիմելէքի, եւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն նահապետներու ներկայութեան, մէկ նահապետութիւն Եղիազարէն առնելով, ու մէկ նահապետութիւն Իթամարէն առնելով։

7

Առաջին վիճակը Յովարիբի ելաւ, երկրորդը՝ Յեդայիայի,

8

երրորդը՝ Հարիմի, չորրորդը՝ Սէուրինի,

9

հինգերորդը՝ Մեղքիայի, վեցերորդը՝ Միամինի,

10

եօթներորդը՝ Ակկուսի, ութերորդը՝ Աբիայի,

11

իններորդը՝ Յեսուի, տասներորդը՝ Սեքենիայի,

12

տասնմէկերորդը՝ Եղիասիբի, տասներկրորդը՝ Յակիմի,

13

տասներեքերորդը՝ Ոփփայի, տասնչորրորդը՝ Յեսբիաբի,

14

տասնհինգերորդը՝ Բեղգայի, տասնվեցերորդը՝ Եմմերի,

15

տասնեօթներորդը՝ Եզիրի, տասնութերորդը՝ Ափեսէսի,

16

տասնիններորդը՝ Փեթայիայի, քսաներորդը՝ Եզեկիէլի,

17

քսանմէկերորդը՝ Յաքինի, քսաներկրորդը՝ Գամուլի,

18

քսաներեքերորդը՝ Դաղայիայի, քսանչորրորդը՝ Մաազիայի։

19

Ա՛յս է անոնց 4դասաւորումը՝ իրենց պաշտօնին մէջ, Տէրոջ տունը մտնելու համար, իրենց հօր՝ Ահարոնի միջոցով իրենց տրուած կարգին համեմատ, ինչպէս Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը անոր պատուիրեր էր։


ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՑԱՆԿԸ

20

Ահա՛ւասիկ Ղեւիի մնացեալ որդիները.— Ամրամի որդիներէն՝ Սուբայէլ, Սուբայէլի որդիներէն՝ Յադայիա,

21

Հռաբիայէն — այսինքն՝ Հռաբիայի որդիներէն — 5առաջինը՝ Յեսիա,

22

Իսահառի որդիներէն՝ Սաղոմոթ, Սաղոմոթի որդիներէն՝ Յէթ.

23

Քեբրոնի որդիներէն առաջինը՝ Յերիան, երկրորդը՝ Ամարիա, երրորդը՝ Յազիէլ, չորրորդը՝ Յեկամամ.

24

Ոզիէլի որդիներէն՝ Միքա, Միքայի որդիներէն՝ Սամիր,

25

Միքայի եղբայրը՝ Յեսիա, Յեսիայի որդիներէն՝ Զաքարիա։

26

Մերարիի որդիներն էին՝ Մոհողի եւ Մուսի. Յազիայի որդին՝ Բենով։

27

Մերարիի որդիները՝ Յեզիայէն.— Բենով, Սոհամ, Զաքուր ու Եբրի։

28

Մոհողիէն Եղիազարը ծնաւ. ան որդի չունէր։

29

Կիսէն — այսինքն՝ Կիսի որդիներէն — Յերամէլ.

30

նաեւ Մուսիի որդիները՝ Մոհողի, Եդեր ու Յերիմովթ։ Ասո՛նք էին Ղեւտացիներուն որդիները՝ իրենց նահապետութիւններուն համեմատ։

31

6Ասոնց համար՝՝ ալ վիճակ ձգեցին, իրենց եղբայրներուն՝ Ահարոնի որդիներուն պէս, Դաւիթ թագաւորին, Սադովկի, Աքիմելէքի, եւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն նահապետներու ներկայութեան, թէ՛ նահապետներուն եւ թէ՛ անոնց պզտիկ եղբայրներուն համար։



1 Այսինքն՝ Ահարոնի որդիները
2 Եբր.՝ վերատեսչութեան
3 Եբր.՝ զօրաւոր մարդիկ
4 Եբր.՝ վերատեսչութիւնը
5 Եբր.՝ գլխաւորը
6 Կամ՝ Ասոնք