Loading...

1 Chronicles 26

2 Kings  «  1 Chronicles 25  ‹  1 Chronicles 26  ›  1 Chronicles 27  »  2 Chronicles


ՏԱՃԱՐԻՆ ՊԱՀԱՊԱՆՆԵՐԸ

1

Ահա՛ւասիկ դռնապաններուն դասերը։ Կորխեաններէն.— Ասափի որդիներէն՝ Կովրէի որդին՝ Մասեղամիա։

2

Մասեղամիայի որդիները.— անդրանիկը՝ Զաքարիա, երկրորդը՝ Յեդիէլ, երրորդը՝ Զաբադիա, չորրորդը՝ Յաթնիէլ,

3

հինգերորդը՝ Եղամ, վեցերորդը՝ Յոհանան, եօթներորդը՝ Եղիովենայի։

4

Աբդեդոմի որդիները.— անդրանիկը՝ Սեմայիա, երկրորդը՝ Յովզաբադ, երրորդը՝ Յովաք, չորրորդը՝ Սաքար, հինգերորդը՝ Նաթանայէլ,

5

վեցերորդը՝ Ամիէլ, եօթներորդը՝ Իսաքար, ութերորդը՝ Փեղաթի. արդարեւ Աստուած 1զայն օրհնած էր։

6

Անոր որդիին՝ Սեմայիայի որդիներ ծնան, որոնք իրենց հօր տունը կառավարեցին՝ քանի որ զօրաւոր կտրիճներ էին։

7

Սեմայիայի որդիները.— Ոթնի, Ռափայէլ, Ովբէդ, Եղզաբադ, 2Աքիով, Բենհայիլ՝՝, Եղիուս եւ Սամաքիա։

8

Ասոնք Աբդեդոմի որդիներն էին։ Իրենք, իրենց որդիներն ու եղբայրները — ծառայութեան մէջ ուժեղ եւ կտրիճ մարդիկ — վաթսուներկու հոգի էին Աբդեդոմէն։

9

Մասեղամիա տասնութ կտրիճ որդիներ ու եղբայրներ ունէր։

10

Մերարիի որդիներէն՝ Ուսա որդիներ ունէր։ Գլխաւորը Սամարի էր, (թէպէտ ան անդրանիկը չէր, բայց իր հայրը զինք գլխաւոր նշանակեց.)

11

երկրորդը՝ Քեղկիա, երրորդը՝ Տաբաղիա, չորրորդը՝ Զաքարիա։ Ուսայի բոլոր որդիներն ու եղբայրները տասներեք հոգի էին։

12

Այս դռնապաններու դասերուն — գլխաւոր 3մարդոց եւ անոնց եղբայրներուն — տրուեցաւ Տէրոջ տան մէջ սպասարկելու պաշտօնը։

13

Պզտիկն ու մեծը նոյնպէս վիճակ ձգեցին՝ իրենց նահապետութիւններուն համեմատ՝ ամէն մէկ դրան համար։

14

Արեւելեան կողմին վիճակը Սեղեմիայի ելաւ. յետոյ անոր որդիին՝ ուշիմ խորհրդական Զաքարիայի համար վիճակ ձգեցին, եւ անոր վիճակը հիւսիսային կողմը ելաւ։

15

Աբդեդոմի՝ հարաւային կողմը ելաւ, ու իր որդիներուն՝ Բեթասուփիմը։

16

Սուփիմի եւ Ուսայի արեւմտեան կողմը ելաւ, Սալեքեթի դրան քով բարձրացող պողոտային վրայ։ Մէկ պահակագունդը միւսին դիմաց էր։

17

Արեւելեան կողմը՝ օրը վեց Ղեւտացի կար, հիւսիսային կողմը՝ օրը չորս, հարաւային կողմը՝ օրը չորս, Ասուփիմի կողմը՝ երկու-երկու.

18

4Փարպարի կողմը, դէպի արեւմուտք, պողոտան՝ չորս դռնապան կար, իսկ Փարպարը՝ երկու։

19

Ասո՛նք էին Կորխեաններու որդիներէն ու Մերարիի որդիներէն եղող դռնապաններուն դասերը։


ՏԱՃԱՐԻՆ ՈՒՐԻՇ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

20

Ղեւտացիներէն Աքիա՝ Աստուծոյ տան գանձերուն եւ 5սուրբ բաներուն՝՝ գանձերուն վրայ նշանակուած էր։

21

Գերսոնացի Ղադանի նահապետներէն — Գերսոնացի Ղադանի որդիներէն էր Յեքիէլ —

22

Յեքիէլի որդիները, Զեթամ ու անոր եղբայրը՝ Յովէլ, Տէրոջ տան գանձերուն վրայ նշանակուած էին։

23

Ամրամեաններէն, Իսահառեաններէն, Քեբրոնեաններէն եւ Ոզիէլեաններէն՝

24

Սուբայէլ, Մովսէսի որդիին՝ Գերսամի որդին, գանձերուն 6վերակացուն էր։

25

Անոր եղբայրներն էին Եղիազարի որդիները. անոր որդին՝ Հռափիա, անոր որդին՝ Եսայի, անոր որդին՝ Յովրամ, անոր որդին՝ Զեքրի, ու անոր որդին՝ Սաղոմոթ։

26

Այս Սաղոմոթը եւ անոր եղբայրները նշանակուած էին բոլոր սուրբ բաներուն գանձերուն վրայ, որոնք Դաւիթ թագաւորը, նահապետները, հազարապետները, հարիւրապետներն ու սպարապետները 7ընծայած էին.

27

զանոնք պատերազմներէն եւ աւարէն ընծայած էին՝ Տէրոջ 8տան շինութեան՝՝ համար։

28

Նաեւ Սամուէլ տեսանողին, Կիսեան Սաւուղի, Ներեան Աբենների ու Շարուհեան Յովաբի ընծայած բոլոր նուէրները Սաղոմոթի եւ անոր եղբայրներուն ձեռքին տակ էին։


ՄԻՒՍ ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

29

Իսահառեաններէն՝ Քոնոնիա եւ անոր որդիները Իսրայէլի վրայ նշանակուած էին իբր ոստիկաններ ու դատաւորներ, արտաքին գործերու համար։

30

Քեբրոնեաններէն՝ Ասաբիա եւ անոր եղբայրները, հազար եօթը հարիւր 9զօրաւոր մարդիկ՝՝, Իսրայէլի վրայ նշանակուած էին իբր վերատեսուչներ՝ Յորդանանի այս կողմը, դէպի արեւմուտք, Տէրոջ բոլոր գործերուն համար, ու թագաւորին ծառայութեան համար։

31

Քեբրոնեաններուն մէջ՝ Յերիա գլխաւոր էր. (Դաւիթի թագաւորութեան քառասուներորդ տարին՝ Քեբրոնեանները իրենց հայրերուն ծնունդներով որոնուեցան, ու Գաղաաթի Յազերին մէջ անոնցմէ զօրաւոր կտրիճներ գտնուեցան.)

32

անոր եղբայրները՝ երկու հազար եօթը հարիւր 10զօրաւոր մարդիկ՝՝ ու նահապետներ էին. Դաւիթ թագաւորը զանոնք Ռուբէնեաններուն, Գադեաններուն ու Մանասեաններուն կէս տոհմին վրայ նշանակեց՝ Աստուծոյ բոլոր գործերուն համար, եւ թագաւորին գործերուն համար։



1 Այսինքն՝ Աբդեդոմը
2 Կամ՝ անոր եղբայրները՝ կտրիճի որդիներ
3 Եբր.՝ զօրաւոր մարդոց
4 Եբր.՝ արուարձանի
5 Եբր.՝ սրբացուածներուն
6 Եբր.՝առաջնորդն
7 Եբր.՝ սրբացուցած
8 Եբր.՝ տունը ուժովցնելու
9 Եբր.՝ կտրիճի որդիներ
10 Եբր.՝ կտրիճի որդիներ