1 Chronicles 27
2 Kings « 1 Chronicles 26 ‹ 1 Chronicles 27 › 1 Chronicles 28 » 2 Chronicles
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ
1Ահա՛ւասիկ Իսրայէլի որդիները՝ իրենց թիւով.— նահապետները, հազարապետներն ու հարիւրապետները, նաեւ իրենց ոստիկանները, որոնք իրենց բաժանմունքներուն բոլոր գործերուն մէջ թագաւորին կը սպասարկէին, ամիսէ ամիս մտնելով ու ելլելով՝ տարուան բոլոր ամիսներուն մէջ. իւրաքանչիւր բաժանմունք քսանչորս հազար մարդ ունէր։
2Առաջին ամսուան համար, առաջին բաժանմունքին վրայ Զաբդիէլի որդին՝ Յեսբաամ նշանակուած էր. անոր բաժանմունքը քսանչորս հազար մարդ ունէր։
3Առաջին ամսուան բոլոր սպարապետներուն գլխաւորը՝ Փարէսի որդիներէն էր։
4Երկրորդ ամսուան բաժանմունքին վրայ Աքուքացի Դովդա նշանակուած էր. Մակեղոթ անոր բաժանմունքին առաջնորդն էր։ Անոր բաժանմունքն ալ քսանչորս հազար մարդ ունէր։
5Երրորդ ամսուան համար, երրորդ սպարապետն էր Յովիադա աւագ քահանային որդին՝ Բանեա. անոր բաժանմունքը քսանչորս հազար մարդ ունէր։
6Այս Բանեան երեսունին մէջ զօրաւոր էր, ու երեսունին վրայ նշանակուած էր։ Անոր որդին՝ Ամիզաբադ իր բաժանմունքին մէջ էր։
7Չորրորդ ամսուան համար, չորրորդ սպարապետն էր Յովաբի եղբայրը՝ Ասայէլ, եւ անկէ ետք իր որդին՝ Զաբադիա. անոր բաժանմունքը քսանչորս հազար մարդ ունէր։
8Հինգերորդ ամսուան համար, հինգերորդ պետն էր՝ Յեզրացի Սամաւովթ. անոր բաժանմունքը քսանչորս հազար մարդ ունէր։
9Վեցերորդ ամսուան համար, վեցերորդ սպարապետն էր Թեկուացի Եկգէսի որդին՝ Իրաս. անոր բաժանմունքը քսանչորս հազար մարդ ունէր։
10Եօթներորդ ամսուան համար, եօթներորդ սպարապետն էր Եփրեմի որդիներէն՝ Փելոնացի Քեղղէս. անոր բաժանմունքը քսանչորս հազար մարդ ունէր։
11Ութերորդ ամսուան համար, ութերորդ սպարապետն էր Զարայեաններէն՝ Ովսացի Սովբաք. անոր բաժանմունքը քսանչորս հազար մարդ ունէր։
12Իններորդ ամսուան համար, իններորդ սպարապետն էր Բենիամինեաններէն՝ Անաթովթացի Աբիեզեր. անոր բաժանմունքը քսանչորս հազար մարդ ունէր։
13Տասներորդ ամսուան համար, տասներորդ սպարապետն էր Զարայեաններէն՝ Նետոփաթացի Մաարա. անոր բաժանմունքը քսանչորս հազար մարդ ունէր։
14Տասնմէկերորդ ամսուան համար, տասնմէկերորդ սպարապետն էր Եփրեմի որդիներէն՝ Փարաթոնացի Բանեա. անոր բաժանմունքը քսանչորս հազար մարդ ունէր։
15Տասներկրորդ ամսուան համար, տասներկրորդ սպարապետն էր Գոթոնիէլի զարմէն՝ Նետոփաթացի Ալադ. անոր բաժանմունքը քսանչորս հազար մարդ ունէր։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՏՈՀՄԵՐՈՒՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ
16Ահա՛ւասիկ Իսրայէլի տոհմերուն վրայ նշանակուածները.— Ռուբէնեաններուն առաջնորդն էր Զեքրիի որդին՝ Եղիազար, Շմաւոնեաններունը՝ Մաաքայի որդին՝ Սափատիա,
17Ղեւտացիներունը՝ Կամուէլի որդին՝ Ասաբիա, Ահարոնեաններունը՝ Սադովկ,
18Յուդայինը՝ Դաւիթի եղբայրներէն 1Եղիուս, Իսաքարինը՝ Միքայէլի որդին՝ Ամրի,
19Զաբուղոնինը՝ Աբդիայի որդին՝ Իսմայիա, Նեփթաղիմինը՝ Եզրիէլի որդին՝ Յերիմովթ,
20Եփրեմի որդիներունը՝ Ազազիայի որդին՝ Ովսէէ, Մանասէի կէս տոհմինը՝ Փադայիայի որդին՝ Յովէլ,
21Գաղաադ եղող Մանասէի կէս տոհմինը՝ Զաքարիայի որդին՝ Յեդդով, Բենիամինինը՝ Աբենների որդին՝ Յեսիէլ,
22Դանինը՝ Յերոհամի որդին՝ Ազարիէլ։ Ասո՛նք էին Իսրայէլի տոհմապետները։
23Դաւիթ քսան տարեկանէն վար եղողները չթուարկեց, որովհետեւ Տէրը ըսեր էր թէ Իսրայէլը երկինքի աստղերուն չափ պիտի շատցնէ։
24Շարուհեայի որդին՝ Յովաբ սկսաւ համրել, բայց չաւարտեց, քանի որ ատոր համար Իսրայէլի վրայ զայրոյթ եղաւ. այդ թուարկումը Դաւիթ թագաւորին Ժամանակագրութեան գիրքին թուարկումներուն մէջ չմտաւ։
ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ
25Թագաւորին գանձերուն վրայ Ադիէլի որդին Ազամօթ նշանակուած էր։ Դաշտին, քաղաքներուն, գիւղերուն եւ աշտարակներուն մէջ եղող շտեմարաններուն վրայ՝ Ոզիայի որդին՝ Յովնաթան։
262Արտը բանող՝՝ հողամշակներուն վրայ՝ Քեղուբի որդին՝ Եզրի։
27Այգիներուն վրայ՝ Արիմաթացի Սեմէի. այգիներու 3բերքերուն ու գինիի շտեմարաններուն վրայ՝ Սեփամացի Զաբդի։
28Դաշտագետինի մէջ եղող ձիթենիներուն եւ ժանտաթզենիներուն վրայ՝ Գադերացի Բահաղանան. իւղի շտեմարաններուն վրայ՝ Յովաս։
29Սարոնի մէջ արածող արջառներուն վրայ՝ Սարոնացի Սետրա. հովիտներու մէջ եղող արջառներուն վրայ՝ Ադղիի որդին՝ Սափատ։
30Ուղտերուն վրայ՝ Իսմայելացի Ոբիլ. էշերուն վրայ՝ Մերոնոթացի Յադայիա.
31հօտերուն վրայ՝ Հագարացի Յազիզ։ Ասոնք բոլորը Դաւիթ թագաւորին ինչքին վերահսկիչներն էին։
ԴԱՒԻԹԻ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆՆԵՐԸ
32Դաւիթի հօրեղբայրը՝ Յովնաթան խորհրդական էր. ան խելացի մարդ էր, եւ ատենադպիր։ Հաքեմոնիի որդին՝ Յեքիէլ թագաւորին որդիներուն հետ էր։
33Աքիտոփէլ թագաւորին խորհրդականն էր, եւ Արաքացի Քուսի՝ թագաւորին բարեկամը։
34Աքիտոփէլէն ետք, Բանեայի որդին՝ Յովիադա, եւ Աբիաթար խորհրդական եղան։ Յովաբ թագաւորին սպարապետն էր։