Loading...

1 Chronicles 28

2 Kings  «  1 Chronicles 27  ‹  1 Chronicles 28  ›  1 Chronicles 29  »  2 Chronicles


ԴԱՒԻԹԻ ՀՐԱՀԱՆԳՆԵՐԸ ՏԱՃԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ

1

Դաւիթ Երուսաղէմի մէջ հաւաքեց Իսրայէլի բոլոր իշխանաւորները, տոհմապետները, թագաւորին սպասարկող բաժանմունքներուն պետերը, հազարապետները, հարիւրապետները, թագաւորին եւ անոր որդիներուն ամբողջ ինչքին ու խաշինքին վերահսկիչները, պալատականները, զօրաւոր մարդիկն ու բոլոր զօրաւոր կտրիճները։

2

Դաւիթ թագաւորը ոտքի վրայ կանգնեցաւ եւ ըսաւ. «Ո՛վ իմ եղբայրներս ու ժողովուրդս, մտի՛կ ըրէք ինծի։ Ես 1փափաքեցայ որ հանգստութեան տուն մը կառուցանեմ Տէրոջ ուխտի տապանակին եւ մեր Աստուծոյն ոտքերու պատուանդանին համար, ու կառուցանելու պատրաստութիւն տեսայ։

3

Բայց Աստուած ինծի ըսաւ. “Դուն իմ անունիս տուն պիտի չկառուցանես, քանի որ դուն պատերազմիկ ես ու 2շատ արիւն՝՝ թափեցիր”։

4

Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը հօրս ամբողջ տունէն զիս ընտրեց, որպէսզի յաւիտեան Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլամ. որովհետեւ Յուդա՛ն ընտրեց իբր առաջնորդ, Յուդայի տունէն՝ հօ՛րս տունը, եւ հօրս որդիներուն մէջէն ինծի՛ հաճեցաւ, որպէսզի զիս ամբողջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր նշանակէ։

5

Իմ բոլոր որդիներէս, (արդարեւ Տէրը ինծի շատ որդիներ տուաւ,) իմ որդիս՝ Սողոմոնը ընտրեց, որպէսզի Իսրայէլի վրայ Տէրոջ թագաւորութեան գահը բազմի,

6

եւ ինծի ըսաւ. “Քու որդիդ՝ Սողոմո՛ն պիտի կառուցանէ իմ տունս ու գաւիթներս, քանի որ զի՛նք ընտրեցի իբր իմ որդիս. ես անոր հայր պիտի ըլլամ,

7

եւ իր թագաւորութիւնը յաւիտեան պիտի հաստատեմ, եթէ իմ պատուիրաններս ու կանոններս գործադրելու մէջ 3յարատեւէ, ինչպէս այսօր”։

8

Ուստի հիմա, ամբողջ Իսրայէլի — Տէրոջ համախմբումին — 4առջեւ ու մեր Աստուծոյն 5ներկայութեան ձեզի կ’ըսեմ. “Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն բոլո՛ր պատուիրանները պահեցէք եւ փնտռեցէք, որպէսզի այս լաւ երկրին տիրանաք, ու ձեզմէ ետք ձեր որդիներուն ժառանգել տաք՝ յաւիտեան”»։

9

«Եւ դո՛ւն, Սողոմո՛ն, որդեա՛կս, ճանչցի՛ր քու հօրդ Աստուածը, եւ պաշտէ՛ զայն կատարեալ սիրտով ու 6յօժար կամքով՝՝. արդարեւ Տէրը 7կը քննէ՝՝ բոլոր սիրտերը, եւ կը հասկնայ մտածումներուն բոլոր նպատակները։ Եթէ զայն փնտռես՝ 8պիտի գտնես՝՝. իսկ եթէ զայն լքես՝ ան ալ քեզ յաւերժ պիտի մերժէ։

10

Հիմա տե՛ս թէ Տէրը քե՛զ ընտրեց տուն մը կառուցանելու իր սրբարանին համար. ուժովցի՛ր, եւ այս գործը կատարէ՛»։

11

Դաւիթ իր որդիին՝ Սողոմոնի տուաւ ներքնագաւիթին, անոր 9սենեակներուն, գանձարաններուն, վերնատուններուն, ներքին սենեակներուն, ու Քաւութեան տան կերպարը.

12

տուաւ նաեւ 10Հոգիով իրեն յայտնուած՝՝ բոլոր բաներուն — Տէրոջ տան գաւիթներուն, շրջակայ բոլոր սենեակներուն, Աստուծոյ տան գանձարաններուն եւ 11սուրբ բաներուն՝՝ գանձարաններուն — կերպարը։

13

Պատուէր տուաւ նաեւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն դասերուն համար, Տէրոջ տան ծառայութեան ամբողջ գործին համար, եւ Տէրոջ տան ծառայութեան բոլոր առարկաներուն համար։

14

Կշիռով ոսկի տուաւ իւրաքանչիւր ծառայութեան բոլոր ոսկիէ առարկաներուն համար, ու կշիռով արծաթ՝ բոլոր արծաթէ առարկաներուն համար, իւրաքանչիւր ծառայութեան բոլոր առարկաներուն համար։

15

Նաեւ ոսկիէ աշտանակներուն եւ անոնց ոսկիէ ճրագներուն կշիռը տուաւ, իւրաքանչիւր աշտանակի ու անոր ճրագներուն կշիռին համեմատ. եւ արծաթէ աշտանակներուն կշիռը, իւրաքանչիւր աշտանակի ու անոր ճրագներուն կշիռին համեմատ, իւրաքանչիւր աշտանակի 12գործածութեան համեմատ։

16

Կշիռով ոսկի տուաւ՝ 13առաջադրութեան հացի սեղաններուն համար, իւրաքանչիւր սեղանի համար. նոյնպէս կշիռով արծաթ՝ արծաթէ սեղաններուն համար։

17

Նաեւ մաքուր ոսկի տուաւ՝ մսահաններուն, կոնքերուն, բաժակներուն ու ոսկիէ ըմպանակներուն համար, իւրաքանչիւր ըմպանակի կշիռով. նոյնպէս արծաթ՝ արծաթէ ըմպանակներուն համար, իւրաքանչիւր ըմպանակի կշիռով։

18

Կշիռով զուտ ոսկի տուաւ՝ խունկի զոհասեղանին համար, եւ ոսկի՝ իրենց թեւերը տարածող ու Տէրոջ ուխտին տապանակը ծածկող քերովբէներուն կառքի կերպարին համար։

19

Այս բոլորը,— ըսաւ Դաւիթ,— այս կերպարին բոլոր գործերը՝ Տէրը իր ձեռքին գրածով ինծի հասկցուց։

20

Դաւիթ իր որդիին՝ Սողոմոնի ըսաւ. «Ուժովցի՛ր ու քա՛ջ եղիր, եւ այս գործը կատարէ՛. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր, որովհետեւ Տէր Աստուած, իմ Աստուածս, քեզի հետ է. ան քեզ երեսի վրայ պիտի չթողու եւ քեզ պիտի չլքէ, մինչեւ որ Տէրոջ տան ծառայութեան ամբողջ գործը աւարտես։

21

Ահա՛ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն դասերը Աստուծոյ տան բոլոր ծառայութիւններուն համար են, եւ ամէն գործի մէջ՝ բոլոր յօժարակամ իմաստունները քեզի հետ են ամէն ծառայութեան համար. իշխանաւորներն ու ամբողջ ժողովուրդն ալ քու հրամանիդ տակ են»։



1 Եբր.՝ սիրտիս մէջ ունեցայ
2 Եբր.՝ արիւններ
3 Եբր.՝ ուժովնայ
4 Եբր.՝ աչքերուն
5 Եբր.՝ ականջներուն
6 Եբր.՝ փափաքող անձով
7 Եբր.՝ կ’որոնէ
8 Եբր.՝ պիտի գտնուի քեզմէ
9 Եբր.՝ տուներուն
10 Եբր.՝ իր հոգիին մէջ ունեցած
11 Եբր.՝ սրբացուածներուն
12 Եբր.՝ ծառայութեան
13 Եբր.՝ կարգով դրուած