1 Chronicles 29
2 Kings « 1 Chronicles 28 ‹ 1 Chronicles 29 › 2 Chronicles 1 » 2 Chronicles
ՏԱՃԱՐԻՆ ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՒԷՐՆԵՐ
1Դաւիթ թագաւորը ամբողջ համախմբումին ըսաւ. «Իմ որդիս՝ Սողոմոն, միակը՝ որ Աստուած ընտրեց, փափուկ տղայ մըն է, իսկ գործը մեծ է. արդարեւ այս պալատը մարդու համար չէ, հապա Տէրոջ՝ Աստուծոյ համար է։
2Ուստի ես՝ իմ Աստուծոյս տան համար՝ ամբողջ կարողութեամբս պատրաստեցի ոսկեղէններուն համար՝ ոսկի, արծաթեղէններուն համար՝ արծաթ, պղնձեղէններուն համար՝ պղինձ, երկաթեղէններուն համար՝ երկաթ, փայտեղէններուն համար՝ փայտ, նաեւ եղնգնաքարեր, ագուցանուելիք քարեր, 1երանգաւոր քարեր, գոյնզգոյն քարեր, ամէն տեսակ պատուական քարեր, եւ առատ մարմար քար։
3Նաեւ իմ Աստուծոյս տան վրայ մեծ սէր ունենալով՝ իմ յատուկ գանձիս մէջ եղած ոսկին ու արծաթն ալ իմ Աստուծոյս տան համար տուի, սրբարանին տան համար բոլոր պատրաստածներէս զատ.—
4ոփիրի ոսկիէն՝ երեք հազար տաղանդ ոսկի, եւ եօթը հազար տաղանդ զուտ արծաթ՝ որպէսզի անոնցմով տուներուն որմերը պատեն։
5Ոսկեղէններուն համար՝ ոսկի, արծաթեղէններուն համար՝ արծաթ, եւ արհեստաւորներու ձեռքով կատարուող ամէն տեսակ գործի համար հարկաւոր եղածը տուի։ Այսօր ձեզմէ ո՞վ յօժարակամ Տէրոջ 2կը նուիրէ՝՝»։
6Այն ատեն 3նահապետները, Իսրայէլի տոհմապետները, հազարապետներն ու հարիւրապետները, եւ թագաւորին գործին վերահսկիչները յօժարակամ ընծաներ բերին,
7Աստուծոյ տան ծառայութեան համար տալով հինգ հազար տաղանդ ոսկի, տասը հազար 4դրամ, տասը հազար տաղանդ արծաթ, տասնութ հազար տաղանդ պղինձ, եւ հարիւր հազար տաղանդ երկաթ։
8Անոնք՝ որոնց քով պատուական քարեր գտնուեցան, Գերսոնացի Յեքիէլի ձեռքով Տէրոջ տան գանձարանին 5նուիրեցին։
9Ժողովուրդը յօժարակամ ընծաներուն համար ուրախացաւ, քանի որ կատարեալ սիրտով՝ յօժարակամ ընծայեցին Տէրոջ։ Դաւիթ թագաւորն ալ մեծապէս ուրախացաւ։
ԴԱՒԻԹ ԿԸ ՓԱՌԱԲԱՆԷ ԱՍՏՈՒԱԾ
10Դաւիթ ամբողջ համախմբումին աչքին առջեւ Տէրը օրհնեց ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, մեր հօր՝ Իսրայէլի Աստուածը, 6դարէ դար՝՝ օրհնեա՜լ ես։
11Ո՛վ Տէր, մեծութիւնը, զօրութիւնը, շքեղութիւնը, յաղթութիւնը եւ փառաւորութիւնը քո՛ւկդ են. արդարեւ երկինքի մէջ ու երկրի վրայ եղած ամէն ինչ քուկդ է։ Ո՛վ Տէր, թագաւորութիւնը քո՛ւկդ է, եւ դուն բոլորի՛ն վրայ բարձրացած ես իբր գլուխ։
12Հարստութիւնն ու փառքը քեզմէ՛ են, եւ բոլորը դո՛ւն կը կառավարես։ Կարողութիւնն ու զօրութիւնը քո՛ւ ձեռքիդ մէջ են. ամէն ինչ մեծցնելը եւ ուժովցնելը քո՛ւ ձեռքդ է։
13Ուստի հիմա, ո՛վ մեր Աստուածը, քեզմէ շնորհակալ կ’ըլլանք ու քու պանծալի անունդ կը գովաբանենք։
14Բայց ես ո՞վ եմ, եւ իմ ժողովուրդս ո՞վ է, որ այսպէս յօժարակամ ընծայելու կարող ըլլանք. արդարեւ ամէն բան քեզմէ՛ է, ու 7քուկիններէ՛դ տուինք քեզի։
15Արդարեւ մենք քու առջեւդ պանդուխտներ եւ հիւրեր ենք՝ մեր բոլոր հայրերուն պէս. երկրի վրայ մեր օրերը շուքի պէս են, ու 8մնայուն բան՝՝ մը չկայ։
16Ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը, այս ամբողջ մթերքը՝ որ պատրաստեցինք, որպէսզի քեզի տուն մը կառուցանենք՝ քու սուրբ անունիդ համար, քո՛ւ ձեռքէդ են. բոլո՛րն ալ քուկդ են։
17Նաեւ գիտեմ, ո՛վ իմ Աստուածս, որ դուն սիրտը կը քննես եւ ուղղամտութեան կը հաճիս։ Ես ուղիղ սիրտով ու յօժարակամ ընծայեցի ասոնք բոլորը. եւ հիմա ուրախութեամբ տեսայ թէ հոս գտնուող ժողովուրդդ ալ յօժարակամ կ’ընծայէ քեզի։
18Ո՛վ Տէր, մեր հայրերուն՝ Աբրահամի, Իսահակի եւ Իսրայէլի Աստուածը, ասիկա յաւիտեա՛ն պահէ քու ժողովուրդիդ սիրտին մտածումներուն նպատակին մէջ, ու անոր սիրտը 9քեզի՛ ուղղէ՝՝։
19Եւ իմ որդիիս՝ Սողոմոնի կատարեա՛լ սիրտ տուր, որպէսզի քու պատուիրաններդ, վկայութիւններդ եւ կանոններդ պահէ, բոլորը գործադրէ, ու կառուցանէ այն պալատը՝ որուն համար պատրաստութիւն տեսած եմ»։
20Յետոյ Դաւիթ ամբողջ համախմբումին ըսաւ. «Հիմա օրհնեցէ՛ք Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։ Ամբողջ համախմբումը օրհնեց Տէրը, իրենց հայրերուն Աստուածը, եւ խոնարհելով՝ Տէրոջ ու թագաւորին երկրպագեցին։
21Հետեւեալ օրը զոհեր մատուցանեցին եւ ողջակէզներ զոհեցին Տէրոջ — հազար զուարակ, հազար խոյ, հազար գառ՝ անոնց թափելիք նուէրներով —, բազմաթիւ զոհեր՝ ամբողջ Իսրայէլի համար։
22Այդ օրը Տէրոջ առջեւ մեծ ուրախութեամբ կերան ու խմեցին, եւ Դաւիթի որդին՝ Սողոմոնը երկրորդ անգամ թագաւոր հռչակեցին։ Զայն Տէրոջ համար առաջնորդ օծեցին, ու Սադովկը՝ քահանայ։
23Սողոմոն Տէրոջ գահին վրայ բազմեցաւ իբր թագաւոր, իր հօր՝ Դաւիթի տեղ, եւ յաջողեցաւ. ամբողջ Իսրայէլը իրեն հնազանդեցաւ։
24Բոլոր իշխանաւորներն ու զօրաւոր մարդիկը, նաեւ Դաւիթ թագաւորին բոլոր որդիները Սողոմոն թագաւորին 10ենթարկուեցան։
25Տէրը ամբողջ Իսրայէլի 11առջեւ Սողոմոնը չափազանց մեծցուց, եւ անոր այնպիսի թագաւորական փառաւորութիւն մը տուաւ՝ որ իրմէ առաջ Իսրայէլի ո՛չ մէկ թագաւորի եղած էր։
ԴԱՒԻԹԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՄՓՈՓՈՒՄԸ
26Այսպէս, Յեսսէի որդին՝ Դաւիթ ամբողջ Իսրայէլի վրայ թագաւորեց։
2712Ան քառասուն տարի թագաւորեց՝՝ Իսրայէլի վրայ. Քեբրոնի մէջ եօթը տարի թագաւորեց, ու Երուսաղէմի մէջ երեսուներեք տարի թագաւորեց։
28Լա՛ւ ալեւորութեան մէջ մեռաւ, իր օրերէն, հարստութենէն եւ փառքէն կշտացած. անոր տեղ իր որդին՝ Սողոմոն թագաւորեց։
29Դաւիթ թագաւորին առաջին ու վերջին արարքները ահա՛ գրուած են Սամուէլ տեսանողին 13Գիրքին մէջ, Նաթան մարգարէին Գիրքին մէջ եւ Գադ տեսանողին Գիրքին մէջ,
30նաեւ անոր ամբողջ թագաւորութիւնն ու քաջութիւնը, եւ թէ՛ անոր, թէ՛ Իսրայէլի, թէ՛ ալ ուրիշ երկիրներու բոլոր թագաւորութիւններուն 14պատահած դէպքերը՝՝։