Loading...

1 Kings 5

2 Samuel  «  1 Kings 4  ‹  1 Kings 5  ›  1 Kings 6  »  2 Kings


ՍՈՂՈՄՈՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԱՃԱՐԸ ՇԻՆԵԼ (Բ. Մնաց. 2. 1-18)

1

Տիւրոսի Քիրամ թագաւորը իր ծառաները Սողոմոնի ղրկեց, քանի որ լսեր էր թէ անոր հօր տեղ զինք թագաւոր օծեր են. արդարեւ Քիրամ միշտ Դաւիթը սիրեր էր։

2

Սողոմոն ալ Քիրամի մարդ ղրկեց եւ ըսաւ.

3

«Դուն գիտես թէ իմ հայրս՝ Դաւիթ չկրցաւ Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն անունին տուն կառուցանել, այն պատերազմներուն պատճառով՝ որ զինք շրջապատող թշնամիներուն դէմ մղեց, մինչեւ որ Տէրը զանոնք անոր ոտքերուն ներբաններուն տակ դրաւ։

4

Բայց հիմա Տէրը՝ իմ Աստուածս՝ զիս ամէն կողմէ հանգստացուց. ո՛չ 1թշնամի կայ, ո՛չ ալ ձախորդ պատահար։

5

Ահա՛ ես 2կը մտածեմ՝՝ Տէրոջ՝ իմ Աստուծոյս անունին տուն մը կառուցանել, ինչպէս Տէրը իմ հօրս՝ Դաւիթի հաղորդեց, ըսելով. “Քու որդիդ, որ քու տեղդ՝ գահիդ վրայ պիտի դնեմ, անիկա՛ իմ անունիս տուն պիտի կառուցանէ”։

6

Ուստի հիմա պատուիրէ՛ որ ինծի համար Լիբանանի մէջ մայրիներ կտրեն. իմ ծառաներս քու ծառաներուդ հետ թող ըլլան, ու ծառաներուդ վարձքը քեզի կու տամ՝ բոլորովին քու 3որոշածիդ համաձայն. արդարեւ դուն գիտես թէ մեր մէջ Սիդոնացիներուն պէս ճարտար ծառ կտրող մէ՛կը չկայ»։

7

Երբ Քիրամ Սողոմոնի խօսքերը լսեց՝ մեծապէս ուրախացաւ, եւ ըսաւ. «Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը այսօր, որ Դաւիթի իմաստուն որդի մը տուաւ՝ այս մեծ ժողովուրդին վրայ իշխելու»։

8

Քիրամ Սողոմոնի մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Ինծի ղրկած պատգամդ լսեցի։ Ես մայրիի փայտի ու եղեւնափայտի վերաբերեալ քու ամբողջ բաղձանքդ պիտի գործադրեմ։

9

Իմ ծառաներս զանոնք Լիբանանէն ծովը պիտի իջեցնեն, ես ալ զանոնք՝ լաստեր շինելով՝ ծովուն վրայէն պիտի բերեմ մինչեւ այն տեղը որ ինծի պիտի 4ցուցնես. հոն զանոնք պիտի քակեմ, եւ դուն պիտի փոխադրես. դուն ալ իմ բաղձանքս պիտի գործադրես՝ տանս 5պաշար տալով»։

10

Քիրամ Սողոմոնի բաղձանքին համաձայն մայրիի փայտ ու եղեւնափայտ տուաւ։

11

Իսկ Սողոմոն Քիրամի քսան հազար քոռ ցորեն տուաւ՝ անոր տան ուտելիքին համար, եւ 6երկու հարիւր մար մաքուր իւղ՝՝։ Սողոմոն Քիրամի ասիկա՛ կու տար ամէն տարի։

12

Տէրը Սողոմոնի իմաստութիւն տուաւ, ինչպէս անոր խոստացեր էր. Քիրամի ու Սողոմոնի միջեւ խաղաղութիւն եղաւ, եւ երկուքը դաշինք կնքեցին։

13

Սողոմոն թագաւորը ամբողջ Իսրայէլէն մարդահարկ 7հաւաքեց. 8երեսուն հազար մարդ հաւաքուեցաւ՝՝։

14

Զանոնք յաջորդաբար Լիբանան ղրկեց, ամիսը տասը հազար հոգի. անոնք մէկ ամիս Լիբանան էին, ու երկու ամիս՝ իրենց տունը։ Ադոնիրամ այս մարդահարկին վրայ նշանակուած էր։

15

Սողոմոն եօթանասուն հազար բեռնակիր ունէր, եւ լեռը՝ ութսուն հազար քար տաշող,

16

բացի Սողոմոնի երեք հազար երեք հարիւր վերակացուներու պետերէն, որոնք գործը կատարող ժողովուրդին վրայ կը տիրապետէին։

17

Թագաւորը հրամայեց որ մեծ ու հոյակապ քարեր կտրեն, որպէսզի տան հիմը տաշուած քարերով դրուի։

18

Սողոմոնի 9արհեստաւորները, Քիրամի արհեստաւորները եւ Գեբաղացիները փայտերն ու քարերը տաշեցին եւ պատրաստեցին՝ տունը կառուցանելու համար։



1 Եբր.՝ ընդդիմադիր
2 Եբր.՝ կ’ըսեմ, կամ՝ կը հրամայեմ
3 Եբր.՝ ըսածիդ
4 Եբր.՝ ղրկես
5 Եբր.՝ հաց
6 Եբր.՝ քսան քոռ ծեծուած իւղ
7 Եբր.՝ հանեց
8 Եբր.՝ հարկը երեսուն հազար մարդ եղաւ
9 Եբր.՝ կառուցանողները