1 Samuel 1
Ruth « Ruth 4 ‹ 1 Samuel 1 › 1 Samuel 2 » 2 Samuel
ԵՂԿԱՆԱ ԵՒ ԻՐ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՍԵԼՈՎԻ ՄԷՋ
1Եփրեմի լեռնէն՝ 1Արիմաթէմ-Սոփիմէ Եղկանա անունով եփրաթացի մարդ մը կար, որ Սուփիի որդիին՝ Թովայի որդիին՝ Եղիուսի որդիին՝ Յերոհամի որդին էր։
2Ան երկու կին ունէր. մէկուն անունը Աննա էր, ու միւսին անունը՝ Փենանա։ Փենանա զաւակներ ունէր, բայց Աննա զաւակ չունէր։
3Այդ մարդը ամէն տարի իր քաղաքէն կը բարձրանար, որպէսզի Սելովի մէջ՝ զօրքերու 2Տէրոջ երկրպագութիւն ու զոհ մատուցանէ. հոն Հեղիի երկու որդիները՝ Ոփնի ու Փենեհէս՝ Տէրոջ քահանաներն էին։
4Եղկանա իր զոհ մատուցանած օրը՝ իր կնոջ Փենանայի եւ անոր որդիներուն եւ աղջիկներուն մէկմէկ բաժին տուաւ.
5իսկ Աննայի 3կրկին բաժին տուաւ, քանի որ Աննան կը սիրէր. բայց Տէրը անոր արգանդը գոցեր էր։
6Անոր հակառակորդը՝ Փենանա՝ զայն կսկծեցնելու համար յոյժ վշտացուց, որովհետեւ Տէրը անոր արգանդը գոցեր էր։
7Ամէն տարի Եղկանա այդպէս կ’ընէր, երբ Աննա Տէրոջ տունը բարձրանար. Փենանա ալ նոյնպէս Աննան կը վշտացնէր, եւ ան կու լար ու չէր ուտեր։
8Անոր այրը՝ Եղկանա իրեն ըսաւ. «Աննա՛, ինչո՞ւ կու լաս, ինչո՞ւ չես ուտեր եւ ինչո՞ւ սիրտդ այդպէս տրտում է. միթէ ես քեզի տասը որդիէ աւելի լաւ չե՞մ»։
ԱՆՆԱ ԵՒ ՀԵՂԻ
9Երբ Սելովի մէջ կերան ու խմեցին՝ Աննա ոտքի ելաւ, (Հեղի քահանան Տէրոջ տաճարին դրանդիներուն քով՝ աթոռի մը վրայ նստած էր,)
10դառն 4սիրտով Տէրոջ առջեւ աղօթեց եւ յոյժ շատ լացաւ։
11Ուխտ ընելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ զօրքերու Տէր, եթէ քու աղախինիդ տառապանքին նայիս ու զիս յիշես, եւ աղախինդ չմոռնալով՝ աղախինիդ 5արու զաւակ մը՝՝ տաս, զայն Տէրոջ պիտի նուիրեմ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ, ու անոր գլուխին վրայ ածելի պիտի 6չանցնի»։
12Երբ ան Տէրոջ առջեւ իր աղօթքը երկարեց, Հեղի անոր բերանը դիտեց։
13Աննա իր սիրտին մէջէն կը խօսէր. միայն շրթունքը կը շարժէր, բայց ձայնը չէր լսուեր. հետեւաբար Հեղի զայն գինով կարծեց։
14Ուստի Հեղի անոր ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ պիտի գինովնաս. 7հրաժարէ՛ քու գինիէդ՝՝»։
15Աննա պատասխանեց. «Ո՛չ, իմ տէ՛րս. ես վշտացած սիրտով կին մըն եմ, եւ գինի կամ օղի խմած չեմ. հապա Տէրոջ առջեւ իմ 8սիրտս բացի՝՝։
16Քու աղախինդ 9անօրէն կին՝՝ մի՛ կարծեր, քանի որ իմ գանգատներուս ու վիշտիս շատութեան համար մինչեւ հիմա խօսեցայ»։
17Այն ատեն Հեղի պատասխանեց. «Գնա՛ խաղաղութեամբ, եւ Իսրայէլի Աստուածը քու խնդրածդ քեզի տայ, ինչ որ իրմէ խնդրեցիր»։
18Ան ալ ըսաւ. «Քու ստրկուհիդ թող շնորհք գտնէ 10առջեւդ»։ Կինը իր ճամբան գնաց, ու կերաւ. երեսը անգա՛մ մըն ալ չտրտմեցաւ։
ՍԱՄՈՒԷԼԻ ԾՆՈՒՆԴԸ ԵՒ ԸՆԾԱՅՈՒՄԸ
19Անոնք առտուն կանուխ ելան եւ Տէրոջ առջեւ երկրպագեցին. ապա Ռամա դարձան ու իրենց տունը գացին։ Եղկանա իր Աննա կնոջ մօտեցաւ, եւ Տէրը զայն յիշեց։
20Աննա յղացաւ, ու երբ ժամանակը հասաւ՝ որդի մը ծնաւ։ Անոր անունը 11Սամուէլ կոչեց՝ ըսելով. «Քանի որ զինք Տէրոջմէն խնդրեցի»։
21Յետոյ անոր այրը՝ Եղկանա իր ամբողջ ընտանիքով Սելով բարձրացաւ, որպէսզի Տէրոջ առջեւ տարեկան զոհը մատուցանէ եւ իր ուխտը կատարէ։
22Բայց Աննա չբարձրացաւ, որովհետեւ իր ամուսինին ըսաւ. «Երբ տղան կաթէն կտրուի՝ այն ատեն զինք պիտի տանիմ, որպէսզի Տէրոջ առջեւ երեւնայ ու միշտ հոն մնայ»։
23Անոր այրը՝ Եղկանա իրեն ըսաւ. «12Քեզի հաճելի՝՝ եղածը ըրէ՛. մինչեւ զայն կաթէն կտրես՝ կեցի՛ր. միայն թէ Տէրը իր խօսքը հաստատէ»։ Ուստի կինը կեցաւ եւ իր որդին դիեցուց, մինչեւ որ զայն կաթէն կտրեց։
24Երբ զայն կաթէն կտրեց, զինք իրեն հետ բարձրացուց, նաեւ երեք զուարակ, մէկ արդու ալիւր ու մէկ տիկ գինի. զինք Տէրոջ տունը տարաւ, որ Սելովի մէջ էր, թէեւ տղան 13դեռահասակ էր։
25Զուարակ մը մորթեցին եւ տղան Հեղիի տարին։
26Աննա ըսաւ. «Ո՜հ, իմ տէ՛րս, քու անձդ կ’ապրի՛. ես այն կինն եմ, որ հոս՝ քու քովդ կայնեցայ Տէրոջ աղօթելու համար։
27Ես այս տղային համար աղօթեցի, ու Տէրը իմ խնդրանքս ինծի տուաւ, ինչ որ իրմէ խնդրեցի։
28Հիմա ես ալ զայն Տէրոջ փոխ կու տամ. որքան ժամանակ որ 14ապրի, ան Տէրոջ փոխ տրուած ըլլայ»։ Եւ ան հոն Տէրոջ երկրպագեց։