Loading...

1 Samuel 2

Ruth  «  1 Samuel 1  ‹  1 Samuel 2  ›  1 Samuel 3  »  2 Samuel


ԱՆՆԱՅԻ ԱՂՕԹՔԸ

1

Աննա աղօթեց եւ ըսաւ. «Իմ սիրտս Տէրոջմով հրճուեցաւ, Իմ եղջիւրս Տէրոջմով բարձրացաւ. Բերանս իմ թշնամիներուս վրայ 1բացուեցաւ, Քանի որ քու փրկութեամբդ ուրախացայ։

2

Տէրոջ պէս սուրբ չկայ, քանի քեզմէ զատ ուրիշ մը չկայ, Ու մեր Աստուծոյն պէս վէմ չկայ։

3

Ա՛լ ասկէ ետք խրոխտաբար մի՛ խօսիք, Ու ձեր բերանէն անպատկառութիւն թող չելլէ. Արդարեւ Տէրը գիտութեան Աստուածն է, Եւ ի՛նք ամենուն արարքները կը կշռէ։

4

Զօրաւորներուն աղեղները կոտրեցան, Ու 2տկարները ոյժով գօտեւորուեցան։

5

Կուշտ եղողները հացի համար վարձկան եղան, Եւ անօթիները 3պակսեցան. Մինչեւ անգամ ամուլը եօթը զաւակ ծնաւ, Ու շատ զաւակ ունեցողը ուժաթափեցաւ։

6

Մեռցնողն ու ապրեցնողը, 4Դժոխքը իջեցնողն ու վեր հանողը Տէրն է։

7

Թշուառացնողն ու հարստացնողը, Նուաստացնողն ու բարձրացնողը Տէրն է։

8

Ան չքաւորը 5հողէն կը վերցնէ, Եւ աղքատը աղբիւսէն կը բարձրացնէ, Որպէսզի ազնուականներուն հետ նստեցնէ, Ու փառքի գահը անոնց ժառանգել տայ. Քանի որ երկրի հիմերը Տէրոջն են, Եւ երկրագունդը անոնց վրայ հաստատեց։

9

Ան իր բարեպաշտներուն ոտքերը կը պահպանէ, Իսկ ամբարիշտները մութին մէջ պիտի 6կորսուին, Որովհետեւ ո՛չ մէկը իր ոյժով կը յաղթէ։

10

Տէրոջ դէմ 7հակառակողները պիտի կոտորուին, Երկինքէն անոնց վրայ պիտի որոտայ. Տէրը երկրի ծայրերը պիտի դատէ, Իր թագաւորին ոյժ պիտի տայ, Եւ իր օծեալին եղջիւրը պիտի բարձրացնէ»։

11

Եղկանա Ռամա՝ իր տունը գնաց, եւ Սամուէլ 8մանուկը Հեղի քահանային առջեւ Տէրոջ պաշտօնը կը կատարէր։


ՀԵՂԻԻ ՈՐԴԻՆԵՐԸ

12

Հեղիի որդիները 9անօրէն մարդիկ՝՝ ըլլալով՝ Տէրը չէին ճանչնար։

13

Քահանաներու սովորութեան համաձայն՝ երբ ժողովուրդէն մէկը զոհ մատուցանէր, միսին եփած ատենը՝ քահանային սպասաւորը կու գար, ձեռքը երեքժանի մսահան մը առած,

14

զայն կաթսային, սանին, եփարանին կամ պտուկին մէջ կը խոթէր, ու մսահանը ինչ որ հանէր՝ քահանան զայն իրեն կ’առնէր։ Անոնք Սելովի մէջ բոլոր հոն եկող Իսրայելացիներուն այսպէս կ’ընէին։

15

Նաեւ ճարպը այրելէ առաջ՝ քահանային սպասաւորը կու գար ու 10զոհ մատուցանողին՝՝ կ’ըսէր. «Քահանային համար խորովելո՛ւ միս տուր, քանի որ ան քեզմէ խաշած միս չ’առներ, այլ հում միս կ’ուզէ»։

16

Եթէ այդ մարդը ըսէր. «Հիմա ճարպը թող այրեն, ու յե՛տոյ առ՝ 11սիրտիդ փափաքածին չափ», այն ատեն կը պատասխանէր. «Ո՛չ, հի՛մա տուր. եթէ ոչ՝ բռնի կ’առնեմ»։

17

Այսպէս՝ այն երիտասարդներուն մեղքը Տէրոջ առջեւ շատ մեծ էր, որովհետեւ մարդիկ Տէրոջ զոհը կ’անարգէին։


ՍԱՄՈՒԷԼ ՍԵԼՈՎԻ ՄԷՋ

18

Սամուէլ մանուկը, կտաւէ 12եփուտը հագած՝՝, Տէրոջ առջեւ պաշտօն կը կատարէր։

19

Անոր մայրը պզտիկ պատմուճան մը կը շինէր անոր, եւ ամէն տարի՝ երբ իր ամուսինին հետ տարեկան զոհը ընելու կը բարձրանար, անոր կը տանէր։

20

Հեղի Եղկանան ու անոր կինը օրհնելով՝ ըսաւ. «Տէրը քեզի այս կնոջմէն զարմ տայ, Տէրոջ փոխ տրուած տղային տեղը». եւ անոնք իրենց տեղը գացին։

21

Տէրը Աննայի այցելեց, ու ան յղացաւ եւ երեք որդի ու երկու աղջիկ ծնաւ։ Սամուէլ մանուկն ալ Տէրոջ առջեւ կը մեծնար։


ՀԵՂԻ ԵՒ ԻՐ ՈՐԴԻՆԵՐԸ

22

Հեղի յոյժ ծերացեր էր, ու կը լսէր ամէն ինչ որ անոր որդիները կ’ընէին ամբողջ Ւսրայէլի, եւ թէ ի՛նչպէս անոնք Հանդիպումի վրանին մուտքը համախմբուող կիներուն հետ կը պառկէին։

23

Անոնց ըսաւ. «Ինչո՞ւ այսպիսի բաներ կ’ընէք. արդարեւ այս ամբողջ ժողովուրդին բերանէն ձեզի համար գէշ խօսքեր կը լսեմ։

24

Մի՛ ընէք, որդինե՛րս, քանի 13նպաստաւոր չեն այն լուրերը՝ որ կը լսեմ. դուք Տէրոջ ժողովուրդը կը մոլորեցնէք։

25

Եթէ մարդ մը մարդու դէմ մեղանչէ, Աստուած 14պիտի ըլլայ իր իրաւարարը՝՝. բայց եթէ մարդ մը Տէրոջ դէմ մեղանչէ, 15ո՞վ պիտի ըլլայ իր իրաւարարը՝՝»։ Սակայն անոնք իրենց հօր խօսքը մտիկ չէին ըներ, որովհետեւ Տէրը զանոնք մեռցնել կ’ուզէր։

26

Սամուէլ մանուկը օրէ օր կը մեծնար, եւ Տէրոջ ու նաեւ մարդոց 16հաճելի էր։

27

Աստուծոյ մարդ մը Հեղիի եկաւ եւ անոր ըսաւ. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Քու հօրդ տան յայտնապէս երեւցայ, երբ անոնք Եգիպտոսի մէջ Փարաւոնի տան ծառայ էին։

28

Իսրայէլի բոլոր տոհմերէն զայն ինծի քահանայ ընտրեցի, որպէսզի իմ զոհասեղանիս վրայ զոհ մատուցանէ, խունկ ծխէ, ու իմ առջեւս եփուտ հագնի։ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր պատարագները քու հօրդ տան տուի։

29

Իմ բնակավայրիս համար պատուիրած զոհերս եւ ընծաներս ինչո՞ւ կ’անարգես ու քու որդիներդ ինձմէ աւելի կը փառաւորես, որպէսզի իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի ընտիր զոհերով ձեզ գիրցնէք”։

30

Ասոր համար Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը պատգամէ. “Ի՛րապէս ըսեր էի. "Քու տունդ ու հօրդ տունը իմ առջեւս յաւիտեան պիտի ընթանան"”. բայց հիմա Տէրը կը պատգամէ. “Հեռո՛ւ ինձմէ. որովհետեւ ես զիս փառաւորողները պիտի փառաւորեմ, իսկ զիս արհամարհողները պիտի անարգուին։

31

Ահա՛ կու գան օրերը՝ երբ քու բազուկդ ու հօրդ տան բազուկը պիտի կտրեմ, որպէսզի տանդ մէջ ծեր չգտնուի։

32

Իսրայէլի ամէն տեսակ բարութիւն վայելած ատենը՝ դուն իմ բնակավայրիս մէջ 17դժբախտութիւն պիտի տեսնես, ու քու տանդ մէջ բնաւ ծեր պիտի չգտնուի։

33

Քու զարմէդ մնացած մարդը, որ իմ զոհասեղանէս չեմ կտրեր, աչքերդ 18նուաղեցնելու եւ անձդ վշտացնելու համար պիտի մնայ. քու տանդ բոլոր 19զաւակները 20երիտասարդութեան մէջ՝՝ պիտի մեռնին։

34

Եւ սա՛ քեզի նշան պիտի ըլլայ, այսինքն՝ ինչ որ երկու որդիներուդ՝ Ոփնիի ու Փենեհէսի պիտի 21պատահի. երկուքն ալ մէկ օրուան մէջ պիտի մեռնին։

35

Ինծի հաւատարիմ քահանայ մը պիտի հանեմ, որ իմ սիրտիս եւ անձիս մէջ եղածը գործադրէ։ Անոր հաստատ տուն մը պիտի կառուցանեմ, ու միշտ իմ օծեալիս առջեւ պիտի ընթանայ։

36

Քու տունէդ ո՛վ որ մնայ, կտոր մը արծաթի համար ու նկանակ մը հացի համար պիտի գայ, անոր երկրպագէ, եւ ըսէ. "Կ’աղաչե՛մ, զիս քահանայական պաշտօնի մը վրայ 22կարգէ, որպէսզի պատառ մը հաց ուտեմ"”»։



1 Եբր.՝ լայն բացուեցաւ
2 Եբր.՝ գայթողները
3 Կամ՝ անօթենալէ դադրեցան
4 Այսինքն՝ Մեռած անձերու կայանը
5 Կամ՝ փոշիէն
6 Եբր.՝ լուռ կենան
7 Եբր.՝ վիճողները
8 Եբր.՝ տղեկը
9 Եբր.՝ Բելիարի որդիներ
10 Եբր.՝ զոհող մարդուն
11 Եբր.՝ անձիդ
12 Եբր.՝ եփուտով գօտեւորուած
13 Եբր.՝ լաւ
14 Կամ՝ պիտի դատէ զինք
15 Կամ՝ իրեն համար ո՞վ պիտի աղօթէ
16 Եբր.՝ աչքերուն լաւ
17 Եբր.՝ հակառակորդ մը
18 Եբր.՝ սպառելու
19 Եբր.՝ շատութիւնը
20 Եբր.՝ երբ մարդ ըլլան
21 Եբր.՝ հասնի
22 Եբր.՝ կապէ