Loading...

1 Samuel 3

Ruth  «  1 Samuel 2  ‹  1 Samuel 3  ›  1 Samuel 4  »  2 Samuel


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ՍԱՄՈՒԷԼԻ

1

Սամուէլ 1մանուկը Հեղիի առջեւ Տէրոջ պաշտօնը կը կատարէր։ Այդ օրերը Տէրոջ խօսքը հազուագիւտ էր, ու յայտնի տեսիլք չկար։

2

2Օր մը՝՝ Հեղի իր տեղը պառկած էր. (անոր աչքերը սկսած էին մթագնիլ, ու չէր կրնար տեսնել.)

3

Աստուծոյ ճրագը տակաւին մարած չէր, եւ Սամուէլ պառկած էր Տէրոջ տաճարին մէջ, ուր Աստուծոյ տապանակը կար։

4

Տէրը Սամուէլը կանչեց, ան ալ պատասխանեց. «Ահա՛ հոս եմ»,

5

ու Հեղիի վազելով՝ ըսաւ. «Ահա՛ հոս եմ, քանի որ զիս կանչեցիր»։ Բայց ան ըսաւ. «Ես չկանչեցի. վերադարձի՛ր եւ պառկէ՛»։ Ան ալ գնաց ու պառկեցաւ։

6

Տէրը վերստին կանչեց. «Սամուէ՛լ»։ Սամուէլ ելաւ, Հեղիի գնաց եւ ըսաւ. «Ահա՛ հոս եմ. քանի որ զիս կանչեցիր»։ Իսկ ան պատասխանեց. «Որդեա՛կս, ես չկանչեցի. վերադարձի՛ր ու պառկէ՛»։

7

Սամուէլ տակաւին Տէրոջ ձայնը չէր ճանչնար, եւ Տէրոջ խօսքը դեռ անոր յայտնուած չէր։

8

Տէրը վերստին կանչեց՝ երրորդ անգամ. «Սամուէ՛լ»։ Սամուէլ ելաւ, Հեղիի գնաց ու ըսաւ. «Ահա՛ հոս եմ. քանի որ զիս կանչեցիր»։ Հեղի հասկցաւ թէ Տէ՛րն է մանուկը կանչողը։

9

Ուստի Հեղի Սամուէլի ըսաւ. «Գնա՛ եւ պառկէ՛։ Եթէ անգամ մըն ալ քեզ կանչէ, ըսէ՛. “Խօսէ՛, Տէր, որովհետեւ քու ծառադ մտիկ կ’ընէ”»։ Սամուէլ ալ գնաց ու իր տեղը պառկեցաւ։

10

Տէրը եկաւ, կայնեցաւ, եւ միւս անգամներուն պէս կանչեց. «Սամուէ՛լ, Սամուէ՛լ»։ Ուստի Սամուէլ պատասխանեց. «Խօսէ՛, Տէ՛ր, որովհետեւ քու ծառադ մտիկ կ’ընէ»։

11

Տէրն ալ Սամուէլի ըսաւ. «Ահա՛ ես Իսրայէլի մէջ այնպիսի բան մը պիտի ընեմ, որ զայն լսող իւրաքանչիւրին երկու ականջը պիտի հնչէ։

12

Այդ օրը Հեղիի վրայ պիտի իրագործեմ ամէն ինչ որ անոր տան մասին ըսեր եմ. պիտի սկսիմ ու պիտի աւարտեմ։

13

Ես իրեն իմացուցեր եմ թէ իր տունը յաւիտեան պիտի դատեմ ՝ իր գիտցած անօրէնութեան համար. քանի որ անոր որդիները 3իրենց վրայ անէծք բերին՝՝, սակայն ինք չյանդիմանեց զանոնք։

14

Այս պատճառով Հեղիի տան երդում ըրի, որ Հեղիի տան անօրէնութեան յաւիտեան քաւութիւն չըլլայ՝ զոհերով կամ ընծաներով»։

15

Սամուէլ մինչեւ առտու պառկեցաւ, յետոյ Տէրոջ տան դռները բացաւ։ Սամուէլ այդ տեսիլքը Հեղիի պատմելէն վախցաւ,

16

բայց Հեղի Սամուէլը կանչեց եւ ըսաւ. «Որդեա՛կս Սամուէլ»։ Ան ալ պատասխանեց. «Ահա՛ հոս եմ»։

17

Հեղի ըսաւ. «Քեզի ըսած խօսքը ի՞նչ է. կ’աղերսե՛մ, ինձմէ մի՛ պահեր։ Աստուած քեզի այսպէս եւ ասկէ աւելին ընէ, եթէ քեզի ըսած բոլոր խօսքերէն մէկ խօսք ինձմէ պահես»։

18

Սամուէլ բոլոր խօսքերը անոր հաղորդեց. անկէ չպահեց։ Հեղի ըսաւ. «Անիկա Տէրն է. 4իրեն հաճելի՝՝ եղածը թող ընէ»։

19

Սամուէլ մեծցաւ, ու Տէրը անոր հետ էր. անոր ըսած խօսքերէն ո՛չ մէկը գետին ձգեց։

20

Դանէ մինչեւ Բերսաբէ՝ ամբողջ Իսրայէլը գիտցաւ թէ Սամուէլ 5հաստատուած է Տէրոջ մարգարէ ըլլալու։

21

Տէրը Սելովի մէջ վերստին երեւցաւ. արդարեւ Տէրը Սելովի մէջ Սամուէլի կը յայտնուէր՝ Տէրոջ խօսքով, ու Սամուէլի խօսքը ամբողջ Իսրայէլի 6կ’ուղղուէր։



1 Եբր.՝ տղեկը
2 Եբր.՝ Այն օրը
3 Եբր.՝ անիծուեցան
4 Եբր.՝ իր աչքերուն լաւ
5 Կամ՝ հաւատարիմ
6 Եբր.՝ կ’ըլլար