1 Samuel 4
Ruth « 1 Samuel 3 ‹ 1 Samuel 4 › 1 Samuel 5 » 2 Samuel
ՈՒԽՏԻ ՏԱՊԱՆԱԿԻՆ ԳՐԱՒՈՒՄԸ
1Իսրայէլ Փղշտացիներուն դէմ պատերազմելու 1գնաց, եւ Աբենեզերի մէջ բանակեցաւ, իսկ Փղշտացիները Ափէկի մէջ բանակեցան։
2Փղշտացիները Իսրայէլի դիմաց շարուեցան. երբ պատերազմը տարածուեցաւ, Իսրայէլ պարտուեցաւ Փղշտացիներուն առջեւ, որոնք ռազմադաշտին վրայ զօրասիւնէն չորս հազար մարդու չափ կոտորեցին։
3Երբ ժողովուրդը բանակավայրը 2վերադարձաւ, Իսրայէլի երէցները ըսին. «Ինչո՞ւ Տէրը մեզ կոտորեց այսօր՝ Փղշտացիներուն առջեւ։ Տէրոջ ուխտին տապանակը Սելովէն մեր քով բերենք, որ մեր մէջ գտնուի ու մեզ ազատէ մեր թշնամիներուն ձեռքէն»։
4Ուստի ժողովուրդը մարդիկ ղրկեց դէպի Սելով, որ քերովբէներուն վրայ բազմող զօրքերու Տէրոջ ուխտին տապանակը անկէ փոխադրեն. Հեղիի երկու որդիները՝ Ոփնի եւ Փենեհէս հոն էին, Աստուծոյ ուխտին տապանակին հետ։
5Երբ Տէրոջ ուխտին տապանակը բանակավայրը հասաւ, ամբողջ Իսրայէլը մեծ գոչիւնով գոռաց, այնպէս որ գետինը դղրդաց։
6Փղշտացիները այդ գոչիւնի աղմուկը լսելով՝ ըսին. «Ի՞նչ կը նշանակէ Եբրայեցիներու բանակավայրին մէջ այս մեծ գոչիւնի աղմուկը»։ Երբ հասկցան թէ Տէրոջ տապանակը բանակավայրը եկած է,
7Փղշտացիները վախցան, որովհետեւ ըսին. «Աստուած բանակավայրը եկաւ»։ Նաեւ ըսին. «Վա՜յ մեզի, քանի որ 3ասկէ առաջ՝՝ այսպիսի բան եղած չէ։
8Վա՜յ մեզի, ո՞վ մեզ պիտի ազատէ այս 4զօրաւոր աստուածներուն ձեռքէն։ Ասո՛նք են այն աստուածները, որ Եգիպտոսը ամէն տեսակ պատուհասներով զարկին՝ անապատին մէջ։
9Ուժովցէ՛ք ու կտրի՛ճ եղէք, ո՛վ Փղշտացիներ, որ Եբրայեցիներուն ստրուկ չըլլաք, ինչպէս անոնք ձեզի ստրուկ եղան. ուստի կտրի՛ճ եղէք եւ անոնց դէմ պատերազմեցէ՛ք»։
10Երբ Փղշտացիները պատերազմեցան, Իսրայէլ պարտուեցաւ ու ամէն մարդ իր վրանը փախաւ. շատ մեծ պարտութիւն եղաւ, եւ Իսրայէլէն երեսուն հազար հետեւակ զօրք ինկաւ.
11նաեւ Աստուծոյ տապանակը գրաւուեցաւ, ու Հեղիի երկու որդիները՝ Ոփնի եւ Փենեհէս՝ մեռան։
ՀԵՂԻԻ ՄԱՀԸ
12Բենիամինէն մարդ մը զօրասիւնէն վազելով՝ նոյն օրը Սելով հասաւ։ Իր վերարկուն պատռուած էր, ու գլուխին վրայ հող ցանած էր։
13Երբ հոն հասաւ, ահա՛ Հեղի՝ աթոռի մը վրայ նստած՝ ճամբային եզերքը կը 5սպասէր, քանի որ Աստուծոյ տապանակին համար սիրտը կը դողար։ Երբ այդ մարդը՝ քաղաք մտնելով՝ պատահածը պատմեց, ամբողջ քաղաքը աղաղակեց։
14Հեղի՝ այդ աղաղակին աղմուկը լսելով՝ ըսաւ. «Ի՞նչ կը նշանակէ այս աղմուկին ձայնը»։ Այդ մարդն ալ շուտով վազեց եկաւ ու պատահածը Հեղիի պատմեց։
15Հեղի իննսունութ տարեկան էր. աչքերը այնպէս 6մթագնած էին, որ չէր կրնար տեսնել։
16Այդ մարդը Հեղիի ըսաւ. «Զօրասիւնին մէջէն եկողը ես եմ. զօրասիւնէն այսօր փախայ»։ Ան ալ ըսաւ. «Որդեա՛կ, ի՞նչ եղաւ»։
177Լուր բերողը պատասխանեց. «Իսրայէլ Փղշտացիներուն առջեւէն փախաւ, նաեւ ժողովուրդին մէջ մեծ կոտորած եղաւ. նոյնիսկ քու երկու որդիներդ՝ Ոփնի եւ Փենեհէս՝ մեռան, ու Աստուծոյ տապանակը գրաւուեցաւ»։
18Երբ ան Աստուծոյ տապանակը յիշատակեց, Հեղի աթոռէն կռնակի վրայ ինկաւ՝ դրան քով, 8ողնայարը կոտրեցաւ եւ մեռաւ, քանի որ ծեր ու ծանրացած մարդ մըն էր։ Ան Իսրայէլի մէջ քառասուն տարի դատաւոր եղած էր։
ՓԵՆԵՀԷՍԻ ԿՆՈՋ ՄԱՀԸ
19Անոր հարսը՝ Փենեհէսի կինը՝ յղի էր, ու ծնանելու մօտ։ Երբ Աստուծոյ տապանակին գրաւուելուն եւ իր կեսրայրին ու ամուսինին մեռնելուն լսեց, ծռեցաւ եւ ծնաւ, քանի որ անոր ցաւերը բռնեցին։
գոյժը
20Երբ կը մեռնէր, քովը կայնող կիները անոր ըսին. «Մի՛ վախնար, որովհետեւ որդի մը ծնար»։ Բայց ան չպատասխանեց եւ 9ուշադրութիւն չդարձուց՝՝։
21Տղային անունը 10Իքաբոդ կոչեց, ըսելով. «Իսրայէլէն փառքը փոխադրուեցաւ»։ (Արդարեւ Աստուծոյ տապանակը գրաւուեցաւ, եւ իր կեսրայրն ու ամուսինը մեռան։)
22Ան ըսաւ. «Իսրայէլէն փառքը փոխադրուեցաւ, քանի որ Աստուծոյ տապանակը գրաւուեցաւ»։