1 Samuel 5
Ruth « 1 Samuel 4 ‹ 1 Samuel 5 › 1 Samuel 6 » 2 Samuel
ՈՒԽՏԻ ՏԱՊԱՆԱԿԸ ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
1Փղշտացիները Աստուծոյ տապանակը գրաւեցին, եւ զայն Աբենեզերէն 1Ազովտոս տարին։
2Աստուծոյ տապանակը առնելով՝ Փղշտացիները զայն Դագոնի տունը տարին ու Դագոնի քով դրին։
3Հետեւեալ օրը՝ Ազովտացիները առտուն կանուխ ելան, եւ ահա՛ Դագոն Տէրոջ տապանակին առջեւ՝ երեսի վրայ գետինը ինկած էր. անոնք Դագոնը առին ու դարձեալ իր տեղը դրին։
4Հետեւեալ օրն ալ, երբ առտուն՝ կանուխ ելան, ահա՛ Դագոն Տէրոջ տապանակին առջեւ՝ երեսի վրայ գետինը ինկած էր. Դագոնի գլուխն ու ձեռքերուն երկու ափերը կոտրած եւ սեմին վրայ ինկած էին, ու միայն 2Դագոնի մարմինը՝՝ մնացած էր։
5(Հետեւաբար Դագոնի քուրմերը եւ բոլոր Դագոնի տունը մտնողները՝ Ազովտոս եղող Դագոնի սեմին վրայ չեն կոխեր մինչեւ այսօր։)
6Յետոյ Տէրոջ ձեռքը Ազովտացիներուն վրայ ծանրացաւ, ու զանոնք 3կորսնցուց. Ազովտոսի եւ անոր հողամասին մէջ զանոնք թութքի ուռեցքներով զարկաւ։
7Ազովտոսի բնակիչները ասիկա տեսնելով՝ ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը մեր քով թող չմնայ, քանի որ անոր ձեռքը մեր վրայ ու մեր աստուծոյն՝ Դագոնի վրայ ծանրացաւ»։
8Հետեւաբար մարդ ղրկեցին, Փղշտացիներուն բոլոր նախարարները իրենց քով հաւաքեցին, եւ ըսին. «Ի՞նչ ընենք Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը»։ Անոնք ալ պատասխանեցին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը Գէթ թող փոխադրուի»։ Ուստի Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը Գէթ փոխադրեցին։
9Զայն հոն փոխադրելէն ետք՝ Տէրոջ ձեռքը այդ քաղաքին վրայ եղաւ։ Շատ մեծ խուճապ եղաւ. քաղաքին մարդիկը՝ պզտիկէն մինչեւ մեծը՝ զարկաւ, ու թութքի ուռեցքներով ծածկուեցան։
10Հետեւաբար Աստուծոյ տապանակը Ակկարոն ղրկեցին։ Երբ Աստուծոյ տապանակը Ակկարոն հասաւ, Ակկարոնացիները աղաղակելով ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը մեզի 4բերին, որպէսզի մեզ ու մեր ժողովուրդը մեռցնեն»։
11Ուստի մարդ ղրկելով՝ Փղշտացիներուն բոլոր նախարարները հաւաքեցին եւ ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը ղրկեցէ՛ք, եւ իր տեղը թող վերադառնայ, որպէսզի մեզ ու մեր ժողովուրդը չմեռցնէ»։ Արդարեւ ամբողջ քաղաքին մէջ մահառիթ խուճապ մը կար. Աստուծոյ ձեռքը չափազանց ծանրացաւ հոն,
12ու չմեռնող մարդիկը թութքի ուռեցքներով զարնուեցան, եւ քաղաքին աղաղակը երկինք բարձրացաւ։