Loading...

1 Samuel 6

Ruth  «  1 Samuel 5  ‹  1 Samuel 6  ›  1 Samuel 7  »  2 Samuel


ՏԱՊԱՆԱԿԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

1

Տէրոջ տապանակը Փղշտացիներուն երկրին մէջ եօթը ամիս մնաց։

2

Փղշտացիները իրենց քուրմերն ու դիւթերը կանչեցին եւ ըսին. «Ի՞նչ ընենք Եհովայի տապանակը։ Մեզի իմացուցէ՛ք թէ զայն ի՛նչպէս իր տեղը ղրկենք»։

3

Անոնք ալ ըսին. «Եթէ Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը ղրկէք, զայն պարապ մի՛ ղրկէք, հապա ա՛նպատճառ յանցանքի պատարագ 1մատուցանեցէք անոր. այն ատեն պիտի բուժուիք, ու պիտի գիտնաք թէ ինչո՛ւ անոր ձեռքը ձեզմէ չի հեռանար»։

4

Յետոյ իրենք ըսին. «Անոր ի՞նչ տեսակ յանցանքի պատարագ մատուցանենք»։ Անոնք ալ պատասխանեցին. «Փղշտացիներուն նախարարներուն թիւով՝ հինգ ոսկի թութքի ուռեցքներ, ու հինգ ոսկի մուկ ընծայ տուէք, քանի որ ձեր ամենուն վրայ եւ ձեր նախարարներուն վրայ միեւնոյն պատուհասը եղաւ։

5

Ուրեմն ձեր թութքի ուռեցքներուն պատկերներն ու ձեր երկիրը կործանող մուկերուն պատկերնե՛րը շինեցէք, եւ Իսրայէլի Աստուծոյն փա՛ռք տուէք։ Թերեւս իր ձեռքը ձեր վրայէն, ձեր աստուածներուն վրայէն ու ձեր երկրին վրայէն 2վերցնէ։

6

Եւ ինչո՞ւ ձեր սիրտերը կը խստացնէք, ինչպէս Եգիպտացիներն ու Փարաւոն իրենց սիրտերը խստացուցին։ Աստուած իրենց մէջ 3հրաշքներ գործելէն ետք չէ՞ որ զանոնք արձակեցին՝ որպէսզի երթան։

7

Հիմա նո՛ր սայլ մը շինեցէք, ու երկու կաթնտու երինջ առէք, որոնց վրայ բնաւ լուծ դրուած չըլլայ. երինջները սայլի՛ն լծեցէք, եւ անոնց ձագերը անոնց քովէն տո՛ւն վերադարձուցէք։

8

Եհովայի տապանա՛կը առէք ու զայն սայլի՛ն վրայ դրէք. պզտիկ արկղով մը անո՛ր քով դրէք այն ոսկիէ իրերը՝ որ դուք անոր պիտի մատուցանէք իբր յանցանքի պատարագ, եւ զայն ղրկեցէ՛ք՝ որպէսզի երթայ։

9

Նայեցէ՛ք անոր. եթէ իր սահմանին ճամբայով Բեթսամիւս բարձրանայ, անիկա՛ է այս մեծ չարիքը մեզի ընողը. թէ ոչ՝ պիտի գիտնանք թէ անոր ձեռքը չէ մեզ հարուածողը, հապա այս բանը դիպուածով պատահեր է մեզի»։

10

Այն մարդիկը ա՛յդպէս ըրին։ Երկու կաթնտու երինջ առին, զանոնք սայլին լծեցին, եւ անոնց ձագերը տան մէջ արգելափակեցին։

11

Ապա Տէրոջ տապանակը, նաեւ ոսկի մուկերուն եւ իրենց թութքի ուռեցքներու պատկերներուն պզտիկ արկղը սայլին վրայ դրին։

12

Երինջները ուղիղ Բեթսամիւսի ճամբան բռնեցին, եւ պողոտայէն բառաչելով գացին. աջ կողմ կամ ձախ կողմը չխոտորեցան։ Փղշտացիներուն նախարարները մինչեւ Բեթսամիւսի սահմանը անոնց ետեւէն քալեցին։

13

Բեթսամիւսացիները հովիտին մէջ ցորենի հունձքը կը հնձէին. իրենց աչքերը վերցնելով տապանակը տեսան, եւ ուրախացան զայն տեսնելով։

14

Սայլը Բեթսամիւսացի Յեսուի արտը մտաւ ու հոն կայնեցաւ. մեծ քար մը կար հոն։ Սայլին փայտերը ճեղքեցին եւ երինջները Տէրոջ ողջակէզ մատուցանեցին։

15

Ղեւտացիները Տէրոջ տապանակն ու անոր հետ եղող ոսկիէ իրերուն պզտիկ արկղը իջեցուցին, եւ այն մեծ քարին վրայ դրին։ Այդ օրը Բեթսամիւսի մարդիկը Տէրոջ ողջակէզներ ու զոհեր մատուցանեցին։

16

Փղշտացիներուն հինգ նախարարները՝ այս բաները տեսնելէ ետք՝ նոյն օրը Ակկարոն վերադարձան։

17

Ահա՛ւասիկ այն ոսկի թութքի ուռեցքները, որոնք Փղշտացիները իբր յանցանքի պատարագ Տէրոջ մատուցանեցին.— մէկ հատ Ազովտոսի համար, մէկ հատ Գազայի համար, մէկ հատ Ասկաղոնի համար, մէկ հատ Գէթի համար, ու մէկ հատ Ակկարոնի համար։

18

Ոսկի մուկերը՝ Փղշտացիներուն հինգ նախարարութիւններուն բոլոր քաղաքներուն թիւովն էին, պարսպապատ քաղաքէն մինչեւ անպարիսպ գիւղը, ու մինչեւ այն մեծ քարը՝ որուն վրայ Տէրոջ տապանակը դրուեցաւ։ Մինչեւ այսօր այդ քարը Բեթսամիւսացի Յեսուի արտին մէջ կը կենայ։


ՏԱՊԱՆԱԿԸ ԿԱՐԻԱԹԱՐԻՄԻ ՄԷՋ

19

Տէրը Բեթսամիւսի մարդիկը զարկաւ, քանի որ անոնք Տէրոջ տապանակին մէջ նայեցան։ Ժողովուրդէն յիսուն հազար եօթանասուն մարդ զարկաւ. ժողովուրդը սգաց, քանի որ Տէրը ժողովուրդը մեծ հարուածով մը զարկեր էր։

20

Բեթսամիւսի մարդիկը ըսին. «Ո՞վ կրնայ կայնիլ Տէրոջ՝ այս սուրբ Աստուծոյն առջեւ։ Մեզմէ երթալով՝ որո՞ւն քով պիտի բարձրանայ»։

21

Ուստի Կարիաթարիմի բնակիչներուն պատգամաւորներ ղրկեցին՝ ըսելով. «Փղշտացիները Տէրոջ տապանակը վերադարձուցին. իջէ՛ք ու զայն ձե՛ր քով բարձրացուցէք»։



1 Եբր.՝ հատուցանեցէք
2 Եբր.՝ թեթեւցնէ
3 Կամ՝ զօրութեամբ