Loading...

1 Samuel 7

Ruth  «  1 Samuel 6  ‹  1 Samuel 7  ›  1 Samuel 8  »  2 Samuel


1

Կարիաթարիմի մարդիկը գացին, Տէրոջ տապանակը անկէ բարձրացուցին, զայն տարին Աբինադաբի տունը՝ որ բլուրին վրայ էր, եւ անոր որդին՝ Եղիազարը 1նշանակեցին, որպէսզի Տէրոջ տապանակը պահպանէ։

2

Տապանակը Կարիաթարիմի մէջ 2դրուած օրէն ետք երկար ժամանակ անցաւ, քսան տարի. ուստի Իսրայէլի ամբողջ տունը Տէրոջ ետեւէն 3հառաչեց։


ՍԱՄՈՒԷԼ ԿԸ ԿԱՌԱՎԱՐԷ ԻՍՐԱՅԷԼԸ

3

Այն ատեն Սամուէլ Իսրայէլի ամբողջ տան ըսաւ. «Եթէ դուք ձեր ամբողջ սիրտով Տէրոջ վերադարձած էք, ձեր մէջէն հանեցէ՛ք օտար աստուածներն ու Աստարովթը. ձեր սիրտը Տէրո՛ջ 4տրամադրեցէք, միայն զա՛յն պաշտեցէք, եւ ան Փղշտացիներուն ձեռքէն ձեզ պիտի ազատէ»։

4

Իսրայէլի որդիները Բահաղներն ու Աստարովթը հանեցին, եւ միայն Տէրը պաշտեցին։

5

Սամուէլ ըսաւ. «Ամբողջ Իսրայէլը հաւաքեցէ՛ք Մասփայի մէջ, որպէսզի ձեզի համար Տէրոջ աղօթեմ»։

6

Բոլորը Մասփայի մէջ հաւաքուեցան, ջուր քաշեցին ու Տէրոջ առջեւ թափեցին։ Այդ օրը ծոմ պահեցին եւ հոն ըսին. «Տէրոջ դէմ մեղանչեցինք»։ Սամուէլ Մասփայի մէջ Իսրայէլի որդիներուն դատաւոր եղաւ։

7

Երբ Փղշտացիները լսեցին թէ Իսրայէլի որդիները Մասփայի մէջ հաւաքուած են, Փղշտացիներուն նախարարները Իսրայէլի դէմ բարձրացան։ Իսրայէլի որդիները ասիկա լսելով՝ Փղշտացիներէն վախցան։

8

Իսրայէլի որդիները Սամուէլի ըսին. «Լուռ մի՛ կենար. Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն աղաղակէ՛ մեզի համար, որպէսզի մեզ Փղշտացիներուն ձեռքէն ազատէ»։

9

Սամուէլ կաթնկեր գառ մը առաւ ու զայն ամբո՛ղջովին Տէրոջ մատուցանեց՝ իբր ողջակէզ։ Սամուէլ Իսրայէլի համար Տէրոջ աղաղակեց, եւ Տէրը անոր պատասխանեց։

10

Երբ Սամուէլ ողջակէզը կը մատուցանէր, Փղշտացիները մօտեցան՝ որպէսզի Իսրայէլի դէմ պատերազմին։ Տէրը նոյն օրը Փղշտացիներուն վրայ մեծ ձայնով որոտաց ու զանոնք խուճապի մատնեց, եւ Իսրայէլի առջեւ պարտուեցան։

11

Իսրայելացիները Մասփայէն ելլելով՝ Փղշտացիները հալածեցին ու մինչեւ Բեթքովրի ներքեւը զանոնք կոտորեցին։

12

Այն ատեն Սամուէլ քար մը առաւ, Մասփայի ու Սէնի մէջտեղ կանգնեցուց, եւ անոր անունը 5Աբենեզեր կոչեց՝ ըսելով. «Տէրը մինչեւ հոս մեզի օգնեց»։

13

Փղշտացիները ընկճուեցան, եւ անգա՛մ մըն ալ Իսրայէլի հողամասը չմտան. Սամուէլի բոլոր օրերը՝ Տէրոջ ձեռքը Փղշտացիներուն վրայ էր։

14

Այն քաղաքները որ Փղշտացիները Իսրայէլէն գրաւած էին, Ակկարոնէն մինչեւ Գէթ, բոլորն ալ Իսրայէլի վերադարձուեցան. Իսրայէլ անոնց հողամասը Փղշտացիներու ձեռքէն ազատեց։ Նաեւ խաղաղութիւն եղաւ Իսրայէլի եւ Ամորհացիներուն միջեւ։

15

Սամուէլ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլը դատեց։

16

Ամէն տարի Բեթէլ, Գաղգաղա ու Մասփա կ’երթար՝ շրջելու, եւ այդ բոլոր տեղերը Իսրայէլը կը դատէր։

17

Անկէ Ռամա կը վերադառնար, որովհետեւ իր տունը հոն էր։ Հոն Իսրայէլը կը դատէր, ու հոն Տէրոջ զոհասեղան մը կառուցանեց։



1 Եբր.՝ սրբացուցին
2 Եբր.՝ կեցած
3 Եբր.՝ սգաց
4 Եբր.՝ պատրաստեցէք
5 Այսինքն՝ օգնութեան քար