Loading...

1 Samuel 8

Ruth  «  1 Samuel 7  ‹  1 Samuel 8  ›  1 Samuel 9  »  2 Samuel


ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԹԱԳԱՒՈՐ Կ’ՈՒԶԷ

1

Երբ Սամուէլ ծերացաւ, իր որդիները Իսրայէլի վրայ դատաւոր նշանակեց։

2

Իր անդրանիկ որդիին անունը Յովէլ էր, երկրորդին անունը՝ Աբիա. Բերսաբէի մէջ դատաւոր էին։

3

Անոր որդիները իր ճամբաներուն մէջ չքալեցին, հապա ագահութեան հակամիտելով՝ կաշառք կը ստանային, եւ իրաւունքը կը ծռէին։

4

Իսրայէլի բոլոր երէցները հաւաքուեցան, Ռամա գացին՝ Սամուէլի,

5

ու անոր ըսին. «Ահա՛ դուն ծեր ես, եւ որդիներդ քու ճամբաներուդ մէջ չեն քալեր. ուստի հիմա մեր վրայ թագաւո՛ր մը նշանակէ՝ որպէսզի մեզ 1կառավարէ, բոլոր ազգերուն նման»։

6

Սակայն այս բանը Սամուէլի 2անհաճոյ եղաւ, երբ ըսին. «Մեզի թագաւո՛ր մը տուր, որպէսզի մեզ կառավարէ»։ Սամուէլ Տէրոջ աղօթեց,

7

ու Տէրը Սամուէլի ըսաւ. «Ժողովուրդին խօսքը եւ անոնց քեզի ամէն ըսածը մտի՛կ ըրէ. արդարեւ անոնք քեզ չեն մերժեր, այլ զիս կը մերժեն, որպէսզի անոնց վրայ չթագաւորեմ։

8

Զանոնք Եգիպտոսէն բարձրացուցած օրէս մինչեւ այսօր ինչ որ ըրին՝ զիս լքելով եւ ուրիշ աստուածներ պաշտելով, նոյնը քեզի ալ պիտի ընեն։

9

Ուստի հիմա մտի՛կ ըրէ անոնց խօսքը. բայց զանոնք յստա՛կօրէն ազդարարէ, եւ անոնց իմացո՛ւր իրենց վրայ իշխող թագաւորին վարչաձեւը»։

10

Սամուէլ Տէրոջ բոլոր խօսքերը հաղորդեց իրմէ թագաւոր խնդրող ժողովուրդին։

11

Ան ըսաւ. «Ահա՛ւասիկ ձեր վրայ իշխող թագաւորին վարչաձեւը.— ձեր որդիները պիտի առնէ, զանոնք իրեն համար պիտի նշանակէ՝ իր կառքերուն ու 3ձիերուն վրայ, եւ իր կառքերուն առջեւէն պիտի վազեն։

12

Իրեն հազարապետներ ու յիսնապետներ պիտի նշանակէ, որ իր արտերը հերկեն, հունձքերը հնձեն, եւ իր պատերազմական զէնքերն ու կառքերուն կազմածները շինեն։

13

Ձեր աղջիկները պիտի առնէ, որպէսզի 4բուրագործ, խոհարար եւ հացագործ ըլլան։

14

Ձեր լաւագոյն արտերը, այգիներն ու ձիթենիները առնելով՝ իր ծառաներուն պիտի տայ։

15

Ձեր հունտերուն եւ ձեր այգիներուն տասանորդը պիտի առնէ, ու զայն իր պալատականներուն եւ ծառաներուն պիտի տայ։

16

Ձեր ծառաներն ու աղախինները, ձեր լաւագոյն երիտասարդները եւ ձեր էշերը պիտի առնէ, ու իր ծառայութեան գործածէ։

17

Ձեր հօտերուն տասանորդը պիտի առնէ, եւ դուք անոր ստրուկները պիտի ըլլաք։

18

Այն օրը ձեր ընտրած թագաւորին 5պատճառով պիտի աղաղակէք, բայց Տէրը այն օրը ձեզի պիտի չպատասխանէ»։

19

Սակայն ժողովուրդը մերժեց Սամուէլի խօսքը մտիկ ընել, եւ ըսին. «Ո՛չ, ա՛նպատճառ մեր վրայ թագաւոր մը թող ըլլայ,

20

որպէսզի մենք ալ բոլոր ազգերուն նման ըլլանք, ու մեր թագաւորը մեզ կառավարէ, մեր առջեւէն 6երթայ, եւ մեր պատերազմները 7մղէ»։

21

Սամուէլ ժողովուրդին բոլոր խօսքերը լսեց, ու զանոնք Տէրոջ ականջներուն հաղորդեց։

22

Տէրը Սամուէլի ըսաւ. «Անոնց խօսքը մտի՛կ ըրէ եւ անոնց վրայ թագաւո՛ր մը նշանակէ»։ Այն ատեն Սամուէլ Իսրայէլի մարդոց ըսաւ. «Իւրաքանչիւրը իր քաղաքը թող երթայ»։



1 Եբր.՝ դատէ
2 Եբր.՝ աչքերուն գէշ
3 Եբր.՝ ձիաւորներուն
4 Այսինքն՝ բոյրեր շինող
5 Եբր.՝ երեսէն
6 Եբր.՝ դուրս ելլէ
7 Եբր.՝ պատերազմի