1 Samuel 9
Ruth « 1 Samuel 8 ‹ 1 Samuel 9 › 1 Samuel 10 » 2 Samuel
ՍԱՒՈՒՂ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ՍԱՄՈՒԷԼԻ
1Բենիամինեաններէն Կիս անունով զօրաւոր կտրիճ մը կար. ան Բենիամինեան Աբիայի որդիին՝ Բեքովրաթի որդիին՝ Սերորի որդիին՝ Աբիէլի որդին էր։
2Ան Սաւուղ անունով որդի մը ունէր, որ վայելչագեղ երիտասարդ մըն էր. Իսրայէլի որդիներուն մէջ իրմէ վայելչագեղ մարդ չկար. ամբողջ ժողովուրդէն աւելի բարձր էր՝ ուսերէն վեր։
3Սաւուղի հօր՝ Կիսի էշերը կորսուեցան. ուստի Կիս իր որդիին՝ Սաւուղի ըսաւ. «Կ’աղերսեմ, ա՛ռ քեզի հետ սպասաւորներէն մէկը, կանգնէ՛, ու գնա՛, էշե՛րը փնտռէ»։
4Ան ալ Եփրեմի լեռնէն անցաւ, նաեւ Սաղիսայի երկրէն անցաւ, բայց զանոնք չգտան։ Յետոյ Սաղիմի երկրէն անցան, սակայն հոն ալ չէին. ապա Բենիամինեաններու երկիրը անցաւ, ու հոն ալ զանոնք չգտան։
5Երբ անոնք 1Սուփի երկիրը հասան, Սաւուղ իրեն հետ եղող սպասաւորին ըսաւ. «Եկո՛ւր, վերադառնա՛նք, որպէսզի հայրս մեզի համար չմտահոգուի՝ էշերուն հոգէն հրաժարելով»։
6Բայց ան իրեն ըսաւ. «Կ’աղերսեմ, ահա՛ այս քաղաքին մէջ Աստուծոյ մարդ մը կայ, որ պատուաւոր մարդ մըն է. անոր ամէն ըսածը անշուշտ կ’իրագործուի։ Այժմ հոն երթանք, թերեւս մեր երթալիք ճամբան մեզի իմացնէ»։
7Սաւուղ իր սպասաւորին ըսաւ. «Բայց եթէ երթանք, այդ մարդուն ի՞նչ պիտի տանինք. արդարեւ մեր տոպրակներուն մէջ եղած հացը 2հատած է, եւ Աստուծոյ մարդուն տանելու ընծայ մը չունինք։ Մեր քով ի՞նչ ունինք»։
8Սպասաւորը վերստին Սաւուղի պատասխանեց. «Ահա՛ 3քովս քառորդ սիկղ արծաթ կայ. զայն Աստուծոյ մարդուն կու տամ, որպէսզի մեր ճամբան մեզի իմացնէ»։
9(Առաջ՝ երբ Իսրայէլի մէջ մարդ մը երթար Աստուծոյ խորհուրդ հարցնելու, սա՛ կ’ըսէր. «Եկէ՛ք, տեսանողի՛ն երթանք». քանի որ այսօր “մարգարէ” կոչուողը առաջ “տեսանող” կը կոչուէր։)
10Սաւուղ իր սպասաւորին ըսաւ. «Լաւ ըսիր, եկո՛ւր երթանք». եւ Աստուծոյ մարդուն բնակած քաղաքը գացին։
11Երբ իրենք զառիվերէն դէպի քաղաքը կը բարձրանային, քանի մը երիտասարդուհիներու հանդիպեցան՝ որոնք դուրս կ’ելլէին ջուր քաշելու, եւ անոնց ըսին. «Տեսանողը հո՞ս է»։
12Անոնք իրենց պատասխանեցին. «Հո՛ս է. ահա՛ քու առջեւդ է։ Հիմա շտապէ՛, քանի ան այսօր քաղաք եկաւ. այսօր ժողովուրդը բարձր տեղին վրայ զոհ պիտի ընէ։
13Երբ քաղաքը մտնէք՝ զայն հոն կը գտնէք, քանի որ ան բարձր տեղը ելած չէ ուտելու համար. արդարեւ մինչեւ անոր գալը՝ ժողովուրդը չ’ուտեր, որովհետեւ անիկա՛ կ’օրհնէ զոհը. անկէ ետք՝ հրաւիրեալները կ’ուտեն։ Հի՛մա բարձրացէք, քանի որ ա՛յսօր պիտի գտնէք զայն»։
14Իրենք ալ քաղաքը բարձրացան. երբ քաղաքը կը մտնէին, ահա՛ Սամուէլ՝ բարձր տեղը ելլելու համար՝ իրենց դիմաց դուրս ելաւ։
15Սաւուղի գալէն օր մը առաջ, Տէրը Սամուէլի 4իմացուցեր էր՝ ըսելով.
16«Վաղը այս ատեն՝ Բենիամինի երկրէն քեզի մարդ մը պիտի ղրկեմ. զայն իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի վրայ առաջնո՛րդ օծէ, որպէսզի ան իմ ժողովուրդս Փղշտացիներուն ձեռքէն ազատէ. արդարեւ ժողովուրդիս տառապանքին նայեցայ, որովհետեւ անոր աղաղակը ինծի հասաւ»։
17Երբ Սամուէլ Սաւուղը տեսաւ, Տէրը անոր ըսաւ. «Ահա՛ ա՛յս է քեզի ըսած մարդս. ասիկա՛ իմ ժողովուրդս պիտի առաջնորդէ»։
18Սաւուղ դրան մէջտեղը Սամուէլի մօտեցաւ եւ ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, ինծի ցուցո՛ւր թէ ո՛ւր է տեսանողին տունը»։
19Սամուէլ Սաւուղի պատասխանեց. «Տեսանողը ես եմ. իմ առջեւէս ելի՛ր բարձր տեղը, որովհետեւ այսօր ինծի հետ պիտի ուտէք. վա՛ղը քեզ պիտի ղրկեմ, ու սիրտիդ մէջ եղած ամէն ինչ քեզի իմացնեմ։
20Երեք օրէ ի վեր կորսուած էշերուդ համար 5մի՛ մտահոգուիր՝՝, քանի որ անոնք գտնուած են։ Իսրայէլի բոլոր ցանկալի բաները որո՞ւն յատկացուած են. միթէ քեզի ու հօրդ ամբողջ տան չե՞ն»։
21Սաւուղ պատասխանեց. «Ես Բենիամինեան չե՞մ ՝ Իսրայէլի տոհմերուն ամենէն պզտիկէն, եւ իմ ազգատոհմս Բենիամինի տոհմին բոլոր ազգատոհմերուն ամենէն փոքրը չէ՞. ուստի ինչո՞ւ այդպէս կը խօսիս ինծի»։
22Սամուէլ առաւ Սաւուղն ու անոր սպասաւորը, զանոնք ճաշի սենեակը տարաւ, եւ զանոնք հրաւիրեալներուն 6գլուխը նստեցուց. անոնք երեսուն մարդու չափ էին։
23Սամուէլ խոհարարին ըսաւ. «Բե՛ր այն բաժինը՝ որ քեզի տուի, որուն համար քեզի հրամայեցի. “Քո՛վդ դիր զայն”»։
24Խոհարարը զիստը՝ վրայի միսով վերցուց, ու զայն Սաւուղի առջեւ դրաւ։ Սամուէլ ըսաւ. «Ահա՛ւասիկ մնացածը, զայն առջե՛ւդ դիր եւ կե՛ր. արդարեւ այս սահմանուած ատենին համար ան պահուած է՝ քեզի համար, քանի ըսի թէ ժողովուրդը 7հրաւիրեր եմ՝՝»։ Ուստի Սաւուղ այդ օրը Սամուէլի հետ ճաշեց։
25Երբ բարձր տեղէն քաղաքը իջան, Սամուէլ իր տան տանիքին վրայ Սաւուղի հետ խօսեցաւ։
26Առտուն՝ կանուխ ելան, ու երբ արշալոյսը 8ծագեցաւ՝ Սամուէլ Սաւուղը տանիքը կանչեց եւ ըսաւ. «Կանգնէ՛, որ քեզ ուղարկեմ»։ Սաւուղ կանգնեցաւ, ու երկուքն ալ դուրս ելան, ինք եւ Սամուէլ։
27Մինչ անոնք կ’իջնէին դէպի քաղաքին ծայրը, Սամուէլ Սաւուղի ըսաւ. «Հրամայէ՛ սպասաւորին՝ որ մեր առջեւը անցնի», (ան ալ անցաւ,) «իսկ դուն 9հիմա հո՛ս կեցիր, որպէսզի Աստուծոյ պատգամը քեզի իմացնեմ»։