1 Samuel 10
Ruth « 1 Samuel 9 ‹ 1 Samuel 10 › 1 Samuel 11 » 2 Samuel
ՍԱՄՈՒԷԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Կ’ՕԾԷ ՍԱՒՈՒՂԸ
1Սամուէլ իւղի շիշ մը առաւ, անոր գլուխին վրայ թափեց ու զինք համբուրեց, եւ ըսաւ. «Տէրը քեզ չօծե՞ց իբր առաջնորդ իր ժառանգութեան վրայ։
2Այսօր 1քովէս գացած ատենդ՝ երկու մարդ պիտի գտնես Ռաքէլի գերեզմանին քով, Բենիամինի սահմանին վրայ, Սելսահի մէջ։ Անոնք քեզի պիտի ըսեն. “Գտնուեցան այն էշերը, որոնք փնտռելու գացեր էիր. եւ ահա՛ քու հայրդ էշերուն հոգը ձգած է, ու ձեզի՛ համար կը մտահոգուի՝ ըսելով. "Որդիիս համար ի՞նչ ընեմ"”։
3Երբ անկէ անդին երթաս եւ Թաբօրի կաղնին հասնիս, հոն երեք մարդիկ քեզի պիտի հանդիպին, որոնցմէ մէկը՝ երեք ուլ, մէկը՝ երեք հացի նկանակ, ու մէկն ալ տիկ մը գինի կրելով՝ Աստուծոյ կ’ելլեն դէպի Բեթէլ։
4Անոնք 2որպիսութիւնդ հարցնելով՝ քեզի երկու հաց պիտի տան, դուն ալ անոնց ձեռքէն պիտի առնես։
5Ատկէ ետք Աստուծոյ բլուրը պիտի երթաս, ուր Փղշտացիներուն պահակազօրքը կը կենայ. երբ հոն՝ քաղաքը մտնես, բարձր տեղէն իջնող մարգարէներու գունդի մը պիտի հանդիպիս. անոնք իրենց առջեւէն տաւիղ, թմբուկ, սրինգ ու քնար ունենալով՝ մարգարէութիւն պիտի ընեն։
6Այն ատեն Տէրոջ Հոգին քեզ պիտի համակէ, անոնց հետ մարգարէութիւն պիտի ընես եւ ուրի՛շ մարդ մը պիտի դառնաս։
7Երբ այս նշանները քու վրադ գան, ձեռքիդ գտածը ըրէ՛, քանի որ Աստուած քեզի հետ է։
8Ինձմէ առաջ Գաղգաղա՛ իջիր, եւ ահա՛ ես քովդ պիտի իջնեմ՝ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանելու համար։ Եօ՛թը օր սպասէ, մինչեւ որ քովդ գամ եւ քեզի գիտցնեմ ինչ որ պիտի ընես»։
9Երբ ան իր 3կռնակը դարձուց՝ Սամուէլի քովէն երթալու համար, Աստուած անոր ուրիշ սիրտ մը տուաւ, ու նոյն օրը այս բոլոր նշանները իրագործուեցան։
10Երբ հոն՝ բլուրը հասան, ահա՛ մարգարէներու գունդ մը անոր առջեւ ելաւ. Աստուծոյ Հոգին զինք համակեց, եւ անոնց մէջ մարգարէութիւն ըրաւ։
11Բոլոր զինք 4առաջուընէ ճանչցողները, երբ տեսան թէ ահա՛ ան մարգարէներուն հետ մարգարէութիւն կ’ընէ, իրարու ըսին ժողովուրդին մէջ. «Այս ի՞նչ 5պատահած է Կիսի որդիին։ Միթէ Սաւո՞ւղ ալ մարգարէներուն մէջ է»։
12Այդ տեղի մարդոցմէ մէկը պատասխանեց. «Բայց ո՞վ է անոնց հայրը»։ Հետեւաբար ասիկա առակ դարձաւ. «Միթէ Սաւո՞ւղ ալ մարգարէներուն մէջ է»։
13Երբ մարգարէութիւն ընելը աւարտեց, բարձր տեղը եկաւ։
14Սաւուղի հօրեղբայրը անոր եւ անոր սպասաւորին ըսաւ. «Ո՞ւր գացիք»։ Ան ալ ըսաւ. «Էշերը փնտռելու. բայց երբ տեսանք թէ չկան, Սամուէլի գացինք»։
15Սաւուղի հօրեղբայրը ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, պատմէ՛ ինծի ինչ որ Սամուէլ ձեզի ըսաւ»։
16Սաւուղ իր հօրեղբօր ըսաւ. «Էշերուն գտնուիլը մեզի յայտնապէս իմացուց»։ Բայց թագաւորութեան մասին Սամուէլի ըսած խօսքը անոր չյայտնեց։
ՍԱՒՈՒՂ ԿԸ ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԻ ԻԲՐ ԹԱԳԱՒՈՐ
17Սամուէլ ժողովուրդը Տէրոջ առջեւ հաւաքեց Մասփայի մէջ,
18եւ Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Ե՛ս Իսրայէլը Եգիպտոսէն բարձրացուցի, ու ձեզ Եգիպտացիներուն ձեռքէն եւ ձեզ տանջող բոլոր 6թագաւորներուն ձեռքէն ազատեցի։
19Սակայն դուք այսօր ձեր Աստուածը մերժեցիք, որ ձեր բոլոր չարիքներէն ու տագնապներէն ձեզ ազատեց, եւ անոր ըսիք. "Ա՛նպատճառ մեր վրայ թագաւոր մը նշանակէ"”։ Ուրեմն հիմա կայնեցէ՛ք Տէրոջ առջեւ՝ ձեր տոհմերով ու հազարաւորներով»։
20Երբ Սամուէլ Իսրայէլի բոլոր տոհմերը մօտեցուց, վիճակը Բենիամինի տոհմին ելաւ։
21Յետոյ Բենիամինի տոհմը ազգատոհմերով մօտեցուց, եւ վիճակը Մատրիի ազգատոհմին ելաւ։ Յետոյ Կիսի որդիին՝ Սաւուղի ելաւ. բայց երբ զայն փնտռեցին, ան չգտնուեցաւ։
22Անգա՛մ մըն ալ Տէրոջ հարցուցին. «Արդեօք այդ մարդը հոս պիտի գա՞յ»։ Տէրն ալ պատասխանեց. «Ահա՛ ան գոյքերուն մէջտեղը պահուըտած է»։
23Վազելով՝ զինք անկէ բերին. երբ ժողովուրդին 7ներկայացաւ, ամբողջ ժողովուրդէն՝ ուսի մը չափ բարձր էր։
24Սամուէլ ամբողջ ժողովուրդին ըսաւ. «Տեսա՞ք Տէրոջ ընտրած մարդը. ամբողջ ժողովուրդին մէջ անոր նմանը չկայ»։ Ամբողջ ժողովուրդը գոռաց եւ ըսաւ. «Ապրի՜ թագաւորը»։
25Սամուէլ թագաւորութեան կանոնները ժողովուրդին հաղորդեց, զանոնք գիրքի մը մէջ գրեց, ու Տէրոջ առջեւ զետեղեց։ Յետոյ Սամուէլ ամբողջ ժողովուրդը արձակեց, որպէսզի ամէն մարդ իր տունը երթայ։
26Սաւուղ ալ իր տունը գնաց՝ Գաբաա։ Խումբ մը մարդիկ անոր հետ գացին, որոնց սիրտը Աստուած դրդեց։
27Բայց 8անօրէն մարդիկ՝՝ ըսին. «Ասիկա մեզ ի՞նչպէս պիտի ազատէ»։ Ուստի զայն արհամարհեցին եւ անոր ընծայ չտարին. բայց ինք լուռ կեցաւ։