Loading...

1 Samuel 11

Ruth  «  1 Samuel 10  ‹  1 Samuel 11  ›  1 Samuel 12  »  2 Samuel


ՍԱՒՈՒՂ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ԱՄՄՈՆԱՑԻՆԵՐՈՒՆ

1

Ամմոնացի Նահաս բարձրացաւ եւ Գաղաադի Յաբիսին դէմ բանակեցաւ։ Յաբիսի բոլոր 1բնակիչները Նահասի ըսին. «Մեզի հետ դաշի՛նք կնքէ, ու քեզի հպատակինք»։

2

Ամմոնացի Նահաս անոնց պատասխանեց. «Ձեզի հետ սա՛ պայմանով դաշինք կը կնքեմ, երբ ձեր ամենուն աջ աչքը փորեմ, եւ այս նախատինքը ամբողջ Իսրայէլի վրայ դնեմ»։

3

Յաբիսի երէցները անոր ըսին. «Մեզի եօթը օր ժամանակ տուր, որպէսզի Իսրայէլի ամբողջ հողամասը պատգամաւորներ ղրկենք. եթէ մեզ ազատող չըլլայ, այն ատեն քեզի 2կը յանձնուինք՝՝»։

4

Ուստի պատգամաւորները Սաւուղի Գաբաան գացին, ու ժողովուրդին ականջներուն այս խօսքերը ըսին. ամբողջ ժողովուրդը իր ձայնը բարձրացնելով լացաւ,

5

3մինչ Սաւուղ արտէն կու գար՝ իր 4եզներուն ետեւէն։ Սաւուղ ըսաւ. «Ժողովուրդին ի՞նչ եղաւ, որ կու լան»։ Ուստի Յաբիսի բնակիչներուն խօսքերը պատմեցին անոր։

6

Երբ այս խօսքերը լսեց, Աստուծոյ Հոգին Սաւուղը համակեց, եւ անոր բարկութիւնը չափազանց բորբոքեցաւ։

7

Զոյգ մը եզ առաւ, զանոնք կտորներու բաժնեց, ու պատգամաւորներուն ձեռքով Իսրայէլի ամբողջ հողամասը ղրկեց՝ ըսելով. «Ո՛վ որ Սաւուղի ետեւէն եւ Սամուէլի ետեւէն չգայ, անոր եզներուն այսպէս պիտի ընեն»։ Ժողովուրդին վրայ Տէրոջ երկիւղը ինկաւ, ու բոլորը մէկ մարդու պէս դուրս ելան։

8

Սաւուղ Բեզեկի մէջ թուարկեց զանոնք. Իսրայէլի որդիները երեք հարիւր հազար էին, իսկ Յուդայի մարդիկը՝ երեսուն հազար։

9

Եկող պատգամաւորներուն ըսին. «Գաղաադի Յաբիսի բնակիչներուն սա՛ ըսէք. “Վաղը՝ երբ արեւը տաքնայ՝ ձեզի ազատութիւն պիտի ըլլայ”»։ Երբ պատգամաւորները գացին եւ Յաբիսի բնակիչներուն ասիկա իմացուցին, անոնք ուրախացան։

10

Յաբիսի բնակիչները Ամմոնացիներուն ըսին. «Վաղը ձեզի կը յանձնուինք, եւ ամէն ինչ որ 5ձեզի հաճելի՝՝ ըլլայ՝ ըրէ՛ք մեզի»։

11

Հետեւեալ օրը՝ Սաւուղ ժողովուրդը երեք ջոկատի բաժնեց, եւ առտուան պահուն բանակավայրին մէջ մտնելով՝ Ամմոնացիները զարկին մինչեւ որ օրը տաքցաւ. մնացածները այնպէս ցրուեցան՝ որ անոնցմէ երկու մարդ միասին չմնաց։

12

Այն ատեն ժողովուրդը Սամուէլի ըսաւ. «“Սաւո՞ւղ մեր վրայ թագաւոր պիտի ըլլայ” ըսողը ո՞վ է. այդ մարդիկը տուէ՛ք, որպէսզի մեռցնենք»։

13

Սակայն Սաւուղ ըսաւ. «Այսօր ո՛չ մէկ մարդ պիտի մեռցուի, որովհետեւ այսօր Տէրը Իսրայէլի համար փրկութիւն իրագործեց»։

14

Սամուէլ ժողովուրդին ըսաւ. «Եկէ՛ք Գաղգաղա երթանք, ու հոն թագաւորութիւնը վերահաստատենք»։

15

Ուստի ամբողջ ժողովուրդը Գաղգաղա գնաց, եւ հոն՝ Գաղգաղայի մէջ՝ Տէրոջ առջեւ Սաւուղը թագաւոր հռչակեցին։ Հոն՝ Տէրոջ առջեւ՝ խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին, ու Սաւուղ եւ Իսրայէլի բոլոր մարդիկը հոն մեծ ուրախութիւն ըրին։



1 Եբր.՝ մարդիկը
2 Եբր.՝ դուրս կ’ելլենք
3 Եբր.՝ եւ ահա՛
4 Եբր.՝ արջառներուն
5 Եբր.՝ ձեր աչքերուն լաւ