Loading...

1 Samuel 12

Ruth  «  1 Samuel 11  ‹  1 Samuel 12  ›  1 Samuel 13  »  2 Samuel


ՍԱՄՈՒԷԼԻ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

1

Սամուէլ ամբողջ Իսրայէլի ըսաւ. «Ահա՛, դուք ինծի ինչ որ ըսիք, ես ձեր խօսքը մտիկ ըրի ու ձեր վրայ թագաւոր նշանակեցի։

2

Ահա՛ հիմա թագաւորը ձեր առջեւէն կ’ընթանայ. բայց ես ծերացայ եւ մազերս ճերմկցան։ Ահա՛ իմ որդիներս ձեզի հետ են, ու ես՝ մանկութենէս մինչեւ այսօր՝ ձեր առջեւ ընթացայ։

3

Ահա՛ ես հոս եմ. Տէրոջ առջեւ եւ անոր օծեալին առջեւ ինծի դէմ 1վկայեցէ՛ք, թէ ես որո՞ւն եզը կամ որո՞ւն էշը առի, ո՞վ հարստահարեցի կամ ճնշեցի, որո՞ւն ձեռքէն կաշառք ստացայ եւ անով իմ աչքերս 2գոցեցի, ու զայն ձեզի վերադարձնեմ»։

4

Անոնք ըսին. «Մեզ հարստահարած կամ ճնշած չես, եւ ո՛չ մէկուն ձեռքէն որեւէ բան առած ես»։

5

Ինք ալ անոնց ըսաւ. «Տէրը ձեզի դէմ վկայ է, եւ անոր օծեալը այսօր վկայ է, թէ դուք իմ ձեռքիս մէջ բան մը չգտաք»։ Անոնք պատասխանեցին. «Վկայ է»։

6

Այն ատեն Սամուէլ ժողովուրդին ըսաւ. «Մովսէսն ու Ահարոնը 3ընտրողը եւ ձեր հայրերը Եգիպտոսի երկրէն բարձրացնողը Տէ՛րն է։

7

Հիմա ներկայացէ՛ք, որ ձեզի հետ Տէրոջ առջեւ 4քննեմ այն բոլոր 5արդար գործերը՝՝, որ Տէրը ձեզի ու ձեր հայրերուն համար կատարեց։

8

Երբ Յակոբ Եգիպտոս գնաց, հոն ձեր հայրերը Տէրոջ աղաղակեցին, եւ Տէրը Մովսէսն ու Ահարոնը ղրկեց, որոնք ձեր հայրերը Եգիպտոսէն դուրս հանեցին եւ զանոնք այս տեղը բնակեցուցին։

9

Բայց անոնք Տէրը՝ իրենց Աստուածը մոռցան. ան ալ զանոնք Հասորի սպարապետը եղող Սիսարայի ձեռքը, Փղշտացիներուն ձեռքը ու Մովաբի թագաւորին ձեռքը մատնեց, որոնք անոնց դէմ պատերազմեցան։

10

Ուստի Տէրոջ աղաղակելով՝ ըսին. “Մենք մեղանչեցինք, որովհետեւ Տէրը լքեցինք եւ Բահաղներն ու Աստարովթը պաշտեցինք։ Սակայն հիմա մեզ ազատէ՛ մեր թշնամիներուն ձեռքէն, եւ քե՛զ պիտի պաշտենք”։

11

Տէրն ալ Յերոբահաղը, Բեդանը, Յեփթայէն ու Սամուէլը ղրկեց, ձեր շրջակայ թշնամիներուն ձեռքէն ձեզ ազատեց, եւ ապահովութեամբ բնակեցաք։

12

Բայց երբ տեսաք թէ Ամմոնի որդիներուն թագաւորը՝ Նահաս ձեր դէմ կու գայ, ինծի ըսիք. “Ո՛չ, անպատճառ մեր վրայ թագաւոր մը թող ըլլայ”. թէպէտ ձեր թագաւորը Տէրն էր՝ ձեր Աստուածը։

13

Եւ հիմա, ահա՛ այն թագաւորը՝ որ ընտրեցիք ու խնդրեցիք. ահա՛ Տէրը ձեր վրայ թագաւոր մը կարգեց։

14

Եթէ Տէրոջմէն վախնաք, զինք պաշտէք, իր խօսքը մտիկ ընէք ու Տէրոջ 6հրամանին դէմ չընդվզիք, թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր թագաւորը՝ որ ձեր վրայ կը թագաւորէ, Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն պիտի հետեւիք։

15

Բայց եթէ Տէրոջ խօսքը մտիկ չընէք ու Տէրոջ հրամանին դէմ ընդվզիք, Տէրոջ ձեռքը ձեր վրայ պիտի ըլլայ, ինչպէս ձեր հայրերուն վրայ էր։

16

Հիմա կայնեցէ՛ք ու տեսէ՛ք այն մեծ արարքը՝ որ Տէրը ձեր աչքերուն առջեւ պիտի կատարէ։

17

Այսօր ցորենի հունձքին ժամանակը չէ՞։ Ես Տէրոջ պիտի աղաղակեմ, եւ ան 7որոտում ու անձրեւ պիտի 8ղրկէ, որպէսզի հասկնաք եւ տեսնէք թէ դուք Տէրոջ 9առջեւ մեծ չարիք գործեցիք՝ ձեզի թագաւոր խնդրելով»։

18

Այն ատեն Սամուէլ Տէրոջ աղաղակեց, ու Տէրը նոյն օրը որոտում եւ անձրեւ ղրկեց։ Ամբողջ ժողովուրդը Տէրոջմէն ու Սամուէլէ չափազանց վախցաւ,

19

եւ ամբողջ ժողովուրդը Սամուէլի ըսաւ. «Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ աղօթէ՛ քու ծառաներուդ համար, որպէսզի չմեռնինք. արդարեւ մեր բոլոր մեղքերուն վրայ այս չարութիւնն ալ աւելցուցինք՝ մեզի թագաւոր մը խնդրելով»։

20

Սամուէլ ժողովուրդին ըսաւ. «Մի՛ վախնաք. թէեւ դուք այս ամբողջ չարիքը գործեցիք, սակայն 10Տէրոջմէն մի՛ խոտորիք ու ձեր ամբողջ սիրտով Տէ՛րը պաշտեցէք։

21

Անկէ մի՛ խոտորիք, քանի որ ոչնչութիւններու հետեւած կ’ըլլաք, որոնք ձեզի անօգուտ են եւ ձեզ ազատելու կարող չեն, որովհետեւ անոնք ոչինչ են։

22

Տէրը իր մեծ անունին համար իր ժողովուրդը երեսէ չի ձգեր, որովհետեւ Տէ՛րը բարեհաճեցաւ ձեզ իրեն ժողովուրդ ընել։

23

Բայց հեռո՛ւ ինձմէ՝ որ Տէրոջ դէմ մեղանչեմ, ձեզի համար աղօթելէ դադրելով. հապա ես ձեզի բարի եւ ուղիղ ճամբան պիտի սորվեցնեմ։

24

Միայն թէ Տէրոջմէ՛ն վախցէք, եւ ճշմարտութեամբ ու ձեր ամբողջ սիրտով զի՛նք պաշտեցէք, որովհետեւ տեսաք թէ ան ձեզի համար ի՜նչ մեծագործութիւններ կատարեց։

25

Իսկ եթէ շարունակէք չարիք ընել, թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր թագաւորը պիտի կորսուիք»։



1 Եբր.՝ պատասխանեցէ՛ք
2 Եբր.՝ թաքուն պահեցի
3 Եբր.՝ ընողը
4 Եբր.՝ դատեմ
5 Եբր.՝ արդարութիւնները
6 Եբր.՝ բերանին
7 Եբր.՝ ձայն
8 Եբր.՝ տայ
9 Եբր.՝ աչքերուն
10 Եբր.՝ Տէրոջ ետեւէն