Loading...

1 Samuel 13

Ruth  «  1 Samuel 12  ‹  1 Samuel 13  ›  1 Samuel 14  »  2 Samuel


ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

1

Երբ այս բաները եղան, Սաւուղ 1մէկ տարուան թագաւոր էր։ Երբ Իսրայէլի վրայ երկու տարի թագաւորութիւն ըրած էր,

2

Սաւուղ Իսրայէլէն եօթը հազար մարդ ընտրեց իրեն համար։ Երկու հազարը Սաւուղի հետ Մաքմաս ու Բեթէլի լեռն էին, իսկ հազարն ալ Յովնաթանի հետ Բենիամինի Գաբաան էին։ Մնացած ժողովուրդը ղրկեց, ամէն մարդ իր վրանը։

3

Յովնաթան 2Գաբաայի մէջ եղող Փղշտացիներուն պահակազօրքը զարկաւ, ու Փղշտացիները լսեցին։ Այն ատեն Սաւուղ ամբողջ երկրին մէջ շեփոր հնչեցնել տուաւ՝ ըսելով. «Եբրայեցիները թող լսեն»։

4

Ամբողջ Իսրայէլը լսեց թէ Սաւուղ Փղշտացիներուն պահակազօրքը զարկաւ, եւ Իսրայէլ Փղշտացիներուն առջեւ ատելի եղաւ։ Ժողովուրդը Գաղգաղայի մէջ Սաւուղի քով հաւաքուեցաւ.

5

Փղշտացիներն ալ հաւաքուեցան, որպէսզի Իսրայէլի դէմ պատերազմին։ Անոնք երեսուն հազար կառք ու վեց հազար ձիաւոր ունէին, եւ ժողովուրդը ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էր. անոնք բարձրացան ու Բեթաւանի արեւելեան կողմը՝ Մաքմասի մէջ բանակեցան։

6

Իսրայելացիները տեսան թէ 3տագնապի մէջ կը գտնուին՝՝, քանի որ ժողովուրդը ճնշուած էր։ Ժողովուրդը քարայրներու, թուփերու, ժայռերու, աշտարակներու եւ գուբերու մէջ պահուըտեցաւ։

7

Եբրայեցիներէն ոմանք Յորդանանէն անցնելով Գադի ու Գաղաադի երկիրը գացին. բայց Սաւուղ դեռ Գաղգաղայի մէջ էր, եւ ամբողջ ժողովուրդը դողալով անոր կը հետեւէր։

8

Ան Սամուէլի որոշած ժամանակին չափ՝ եօթը օր սպասեց, բայց Սամուէլ Գաղգաղա չեկաւ, եւ ժողովուրդը անոր քովէն ցրուեցաւ։

9

Ուստի Սաւուղ ըսաւ. «Ողջակէզն ու խաղաղութեան զոհերը ինծի՛ մօտեցուցէք», եւ ի՛նք մատուցանեց ողջակէզը։

10

Երբ ան ողջակէզը մատուցանելը աւարտեց, ահա՛ Սամուէլ եկաւ. Սաւուղ դուրս ելաւ զայն դիմաւորելու եւ բարեւելու։

11

Սամուէլ ըսաւ. «Ի՞նչ ըրիր»։ Սաւուղ ըսաւ. «Տեսայ թէ ժողովուրդը իմ քովէս կը ցրուի, դուն քու որոշած օրերուդ մէջ չեկար, ու Փղշտացիները Մաքմասի մէջ հաւաքուած են,

12

եւ ըսի. “Փղշտացիները հիմա իմ վրաս՝ Գաղգաղա պիտի իջնեն, բայց ես Տէրոջ առջեւ պաղատած չեմ”. ուստի 4համարձակելով ողջակէզը մատուցանեցի»։

13

Սամուէլ ըսաւ Սաւուղի. «Անմիտ եղար, Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ քեզի հրամայած պատուիրանը չպահելով. քանի որ հիմա Տէրը քու թագաւորութիւնդ յաւիտեան պիտի հաստատէր Իսրայէլի վրայ։

14

Բայց հիմա քու թագաւորութիւնդ հաստատ պիտի չըլլայ. Տէրը իրեն համար՝ իր սիրտին համաձայն մարդ մը կը փնտռէ, որ Տէրը առաջնորդ պիտի 5նշանակէ իր ժողովուրդին վրայ, որովհետեւ դուն Տէրոջ քեզի պատուիրած հրամանը չպահեցիր»։

15

Ապա Սամուէլ կանգնեցաւ ու Գաղգաղայէն Բենիամինի Գաբաան գնաց։ Սաւուղ իր քով գտնուող ժողովուրդը թուարկեց. վեց հարիւրի չափ մարդ կար։

16

Սաւուղ, անոր որդին՝ Յովնաթան, եւ անոնց հետ գտնուող մարդիկը Բենիամինի 6Գաբաան կը կենային, իսկ Փղշտացիներուն բանակը Մաքմասի մէջ էր։

17

Փղշտացիներու բանակավայրէն երեք ջոկատ աւարառու ելաւ. մէկ ջոկատը դէպի Եփրայի ճամբան՝ Սաւուղի երկիրը 7ուղղուեցաւ,

18

ջոկատ մը դէպի Բեթորոնի ճամբան ուղղուեցաւ, ջոկատ մըն ալ դէպի անապատը ուղղուեցաւ, ու Սեբոյիմի ձորը նայող սահմանին ճամբան բռնեց։

19

Իսրայէլի ամբողջ երկրին մէջ 8դարբին մը չէր գտնուեր, քանի որ Փղշտացիները ըսեր էին. «Եբրայեցիները սուր կամ նիզակ թող չշինեն»։

20

Բոլոր Իսրայելացիները Փղշտացիներուն երկիրը կ’իջնէին, ամէն մէկը իր խոփը, բրիչը, տապարն ու բահը սրելու համար։

21

Սակայն խարտոցներ ունէին՝ բահերուն, բրիչներուն, եռաժանիներուն եւ տապարներուն համար, ու խթանները շտկելու համար։

22

Հետեւաբար՝ պատերազմին օրը՝ Սաւուղի եւ Յովնաթանի հետ եղող ամբողջ ժողովուրդին ձեռքը սուր կամ նիզակ չէր գտնուեր. միայն Սաւուղի ու անոր որդիին՝ Յովնաթանի քով կը գտնուէր։

23

Փղշտացիներու պահակազօրքը դուրս ելաւ՝ դէպի Մաքմասի կիրճը։



1 Եբրայերէնի մէջ՝ թիւերը անորոշ են
2 Կամ՝ Գաբայի
3 Եբր.՝ կը տագնապին
4 Եբր.՝ ինքզինքս ստիպելով
5 Եբր.՝ պատուիրէ
6 Կամ՝ Գաբան
7 Եբր.՝ դարձաւ
8 Եբր.՝ արհեստաւոր