Loading...

1 Samuel 14

Ruth  «  1 Samuel 13  ‹  1 Samuel 14  ›  1 Samuel 15  »  2 Samuel


ՅՈՎՆԱԹԱՆԻ ՅԱՆԴՈՒԳՆ ԱՐԱՐՔԸ

1

Օր մը Սաւուղի որդին՝ Յովնաթան իր զինակիր երիտասարդին ըսաւ. «Եկո՛ւր, անդիի՛ կողմը անցնինք՝ Փղշտացիներու պահակազօրքին կողմը». բայց իր հօր չիմացուց։

2

Սաւուղ Գաբաայի ծայրը՝ Մագրոնի մէջ եղող նռնենիին տակ կը կենար։ Իրեն հետ եղող ժողովուրդը վեց հարիւր մարդու չափ էր։

3

Հեղիի որդիին՝ Փենեհէսի որդիին՝ Իքաբոդի եղբօր Աքիտովբի որդին՝ Աքիա Սելովի մէջ Տէրոջ քահանան էր, ու եփուտ կը հագնէր։ Ժողովուրդը Յովնաթանի երթալը չէր գիտեր։

4

Այն կիրճերուն մէջ, ուրկէ Յովնաթան Փղշտացիներուն պահակազօրքին կողմը անցնիլ 1կ’ուզէր, մէկ կողմէն 2քարաժայռ մը կար, եւ միւս կողմէն ալ՝ քարաժայռ մը, որոնց մէկուն անունը Բազէս էր, իսկ միւսին անունը՝ Սենա։

5

Այդ 3քարաժայռերէն մէկը հիւսիսային կողմը՝ Մաքմասի դիմաց ցցուած էր, ու միւսը հարաւային կողմը՝ 4Գաբաայի դիմաց։

6

Յովնաթան իր զինակիր երիտասարդին ըսաւ. «Եկո՛ւր, այս անթլփատներուն պահակազօրքին կողմը անցնինք. թերեւս Տէրը մեզի համար գործէ. որովհետեւ ո՛չ մէկ արգելք կայ Տէրոջ առջեւ՝ որ շատ կամ քիչ մարդով ազատէ»։

7

Իր զինակիրը իրեն ըսաւ. «Ըրէ՛ ամէն ինչ որ սիրտիդ մէջ կայ. 5յառա՛ջ գնա՝՝. ահա՛ ես քեզի հետ եմ՝ սիրտիդ համաձայն»։

8

Յովնաթան ըսաւ. «Հիմա մենք այդ մարդոց կողմը անցնինք եւ անոնց երեւնանք։

9

Եթէ մեզի 6ըսեն. “7Կեցէ՛ք, մինչեւ որ մենք ձեզի գանք”, մեր տեղը կայնինք ու անոնց քով չբարձրանանք։

10

Բայց եթէ ըսեն. “Մե՛ր քով բարձրացէք”, այն ատեն բարձրանանք, որովհետեւ Տէրը զանոնք մեր ձեռքը մատնած է, եւ ասիկա մեզի նշան ըլլայ»։

11

Երբ երկուքը Փղշտացիներու պահակազօրքին երեւցան, Փղշտացիները ըսին. «Ահա՛ Եբրայեցիները իրենց պահուըտած ծակերէն դուրս կ’ելլեն»։

12

Ուստի պահակազօրքին մարդիկը Յովնաթանի ու անոր զինակիրին ըսին. «Մե՛ր քով բարձրացէք, որ ձեզի բան մը գիտցնենք»։ Յովնաթան իր զինակիրին ըսաւ. «Ի՛մ ետեւէս բարձրացիր, քանի Տէրը զանոնք Իսրայէլի ձեռքը մատնած է»։

13

Յովնաթան՝ իր ձեռքերով ու ոտքերով մագլցեցաւ, եւ անոր զինակիրն ալ իր ետեւէն։ Անոնք Յովնաթանի առջեւ ինկան. անոր զինակիրն ալ իր ետեւէն կը մեռցնէր։

14

Յովնաթան եւ անոր զինակիրը այս առաջին հարուածով քսան մարդու չափ զարկին՝ կէս լծավարի չափ գետինի վրայ։

15

Բանակին, ռազմադաշտին ու ամբողջ ժողովուրդին մէջ 8սարսափ եղաւ. պահակազօրքը եւ աւարառուներն ալ 9սարսափեցան, ու երկիրը սարսեցաւ, այնպէս որ անոնց վրայ Աստուծոյ կողմէն սարսափ մը ինկաւ։


ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

16

Բենիամինի Գաբաայէն Սաւուղի դէտերը տեսան թէ ահա՛ այդ բազմութիւնը 10մեծ սոսկումի մէջ է՝՝, եւ 11հետզհետէ կը ցրուի։

17

Սաւուղ իրեն հետ եղող ժողովուրդին ըսաւ. «Այժմ աչքէ՛ անցուցէք ու նայեցէ՛ք թէ մեզմէ ո՞վ գացեր է»։ Ուստի անոնք աչքէ անցուցին, եւ ահա՛ Յովնաթան ու անոր զինակիրը չկային։

18

Սաւուղ Աքիայի ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակը մօտեցո՛ւր». արդարեւ այդ օրերը Աստուծոյ տապանակը Իսրայէլի որդիներուն հետ էր։

19

Երբ Սաւուղ քահանային հետ կը խօսէր, Փղշտացիներու բանակին մէջի դղրդիւնը հետզհետէ կը շատնար. Սաւուղ ըսաւ քահանային. «Ձեռքդ 12ե՛տ քաշէ՝՝»։

20

Սաւուղ եւ իրեն հետ եղող ամբողջ ժողովուրդը 13հաւաքուեցան ու մինչեւ պատերազմին դաշտը գացին, եւ ահա՛ ամէն մարդ իր սուրը իր ընկերին վրայ դարձուցեր էր, ու շատ մեծ խուճապ կար։

21

Այն Եբրայեցիները, որոնք առաջ Փղշտացիներուն հետ էին, եւ շրջակայ երկիրներէն անոնց հետ բանակավայրը բարձրացեր էին, անո՛նք ալ Սաւուղի ու Յովնաթանի հետ եղող Իսրայելացիներուն 14միացան։

22

Նաեւ Եփրեմի լերան վրայ պահուըտած բոլոր Իսրայելացիները, Փղշտացիներուն փախչիլը լսելով, իրե՛նք ալ անոնց ետեւէն հասան՝ պատերազմին մէջ մտնելով։

23

Այդ օրը Տէրը ազատեց Իսրայէլը, եւ պատերազմը Բեթաւան անցաւ։


ԴԷՊՔԵՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ ԵՏՔ

24

Իսրայելացիները այդ օրը ճնշուեցան, քանի որ Սաւուղ ժողովուրդին երդում ընել տուեր էր՝ ըսելով. «Ո՛վ որ մինչեւ իրիկուն հաց ուտէ՝ անիծեա՛լ ըլլայ, որպէսզի իմ թշնամիներէս վրէժ առնեմ». ուստի ամբողջ ժողովուրդէն ո՛չ մէկը հաց համտեսեց։

25

Երկրին ամբողջ ժողովուրդը անտառ մը հասաւ, ուր 15գետինի մակերեսին՝՝ վրայ մեղր կար։

26

Երբ ժողովուրդը անտառը մտաւ, ահա՛ մեղր 16կը հոսէր՝՝. բայց ո՛չ մէկը ձեռքը բերանին 17մօտեցուց, քանի որ ժողովուրդը երդումէն վախցաւ։

27

Սակայն Յովնաթան լսած չէր, երբ իր հայրը ժողովուրդին երդում ընել տուեր էր. ուստի իր ձեռքի գաւազանին ծայրը երկարեց, զայն մեղրի խորիսխին մէջ խոթեց, եւ ձեռքը բերանը տանելով՝ աչքերը լուսաւորուեցան։

28

Այն ատեն ժողովուրդէն մէկը ըսաւ. «Քու հայրդ ժողովուրդին մեծ երդում ընել տուաւ՝ ըսելով. “Այսօր հաց ուտող մարդը անիծեա՛լ ըլլայ”, ու ժողովուրդը պարտասած է»։

29

Յովնաթան ըսաւ. «Իմ հայրս 18ժողովուրդը դժբախտացուց։ Այժմ նայեցէ՛ք ի՛նչպէս աչքերս լուսաւորուեցան, քանի որ այս մեղրը քիչ մը համտեսեցի։

30

Ա՛լ ո՜րչափ աւելի, եթէ ժողովուրդը այսօր իր թշնամիներէն գտած աւարը կշտանալու չափ ուտէր. հիմա Փղշտացիներուն մէջ 19աւելի մեծ պարտութիւն պիտի ըլլար՝՝»։

31

Այդ օրը անոնք Փղշտացիները Մաքմասէն մինչեւ Այեղոն զարկին, բայց ժողովուրդը չափազանց պարտասեցաւ։

32

Ժողովուրդը աւարին վրայ նետուեցաւ. ոչխարները, արջառներն ու հորթերը առին, եւ գետինին վրայ մորթեցին. ու ժողովուրդը զանոնք արիւնով կերաւ։

33

Սաւուղի իմացուցին՝ ըսելով. «Ահա՛ ժողովուրդը Տէրոջ դէմ կը մեղանչէ, քանի արիւնով կ’ուտէ»։ Ան ալ ըսաւ. «Անհաւատարիմ եղաք. 20հի՛մա իմ քովս մեծ քար մը գլորեցէք»։

34

Ապա Սաւուղ ըսաւ. «Ժողովուրդին մէջ ցրուեցէ՛ք եւ անոնց ըսէ՛ք. “Իւրաքանչիւրը իր եզն ու ոչխարը ինծի՛ թող մօտեցնէ, հո՛ս մորթէ եւ ուտէ, ու Տէրոջ դէմ չմեղանչէ՝ արիւնով ուտելով”»։ Ուստի այդ գիշերը՝ ամբողջ ժողովուրդը, իւրաքանչիւրը իր ձեռքով, իր եզը մօտեցուց եւ հոն մորթեց։

35

Սաւուղ Տէրոջ զոհասեղան մը կառուցանեց. ասիկա եղաւ Տէրոջ համար Սաւուղի կառուցանած առաջին զոհասեղանը։

36

Սաւուղ ըսաւ. «Գիշերը Փղշտացիներուն ետեւէն իջնենք, ու մինչեւ արշալոյս՝ զանոնք կողոպտենք, եւ անոնցմէ ո՛չ մէկ մարդ թողունք»։ Անոնք ալ ըսին. «Ինչ որ 21քեզի հաճելի՝՝ է՝ զա՛յն ըրէ»։ Քահանան ըսաւ. «Հոս Աստուծո՛յ մօտենանք»։

37

Սաւուղ Աստուծոյ հարցուց. «Փղշտացիներուն ետեւէն իջնե՞մ. զանոնք Իսրայէլի ձեռքը պիտի մատնե՞ս»։ Բայց այդ օրը իրեն չպատասխանեց։

38

Ուստի Սաւուղ ըսաւ. «Հո՛ս մօտեցէք, ո՛վ ժողովուրդին 22գլխաւոր մարդիկը՝՝, հասկցէ՛ք ու տեսէ՛ք թէ այսօր այս մեղքը որո՞ւնն է։

39

Արդարեւ Իսրայէլը ազատող Տէրը կ’ապրի՛. եթէ իմ որդիիս՝ Յովնաթանին ալ ըլլայ, անպատճառ պիտի մեռնի»։ Սակայն ամբողջ ժողովուրդին մէջէն ո՛չ մէկը անոր պատասխանեց։

40

Յետոյ ան ամբողջ Իսրայէլի ըսաւ. «Դուք մէ՛կ կողմը կայնեցէք, ու ես եւ իմ որդիս Յովնաթան՝ միւս կողմը կայնինք»։ Ժողովուրդը Սաւուղի ըսաւ. «Քեզի հաճելի եղածը ըրէ՛»։

41

Սաւուղ Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն ըսաւ. «23Ճշմարտութի՛ւնը յայտնէ՝՝»։ Յովնաթան ու Սաւուղ վիճակով բռնուեցան, իսկ ժողովուրդը 24ազատ մնաց՝՝։

42

Սաւուղ ըսաւ. «Իմ վրաս եւ իմ որդիիս՝ Յովնաթանի վրայ վիճա՛կ ձգեցէք». ու Յովնաթան բռնուեցաւ։

43

Ուստի Սաւուղ Յովնաթանի ըսաւ. «Իմացո՛ւր ինծի թէ ի՛նչ ըրիր»։ Յովնաթան անոր իմացուց՝ ըսելով. «Ձեռքիս գաւազանին ծայրով քիչ մը մեղր համտեսեցի, ու ահա՛ պիտի մեռնիմ»։

44

Սաւուղ պատասխանեց. «Աստուած ինծի այսպէս եւ ասկէ աւելին ընէ, եթէ դուն անպատճառ չմեռնիս, Յովնաթա՛ն»։

45

Բայց ժողովուրդը Սաւուղի ըսաւ. «Յովնաթա՞ն պիտի մեռնի, ա՛ն որ այսօր Իսրայէլի մէջ այս մեծ փրկութիւնը իրագործեց։ Ամե՛նեւին. քանի Տէրը կ’ապրի, անոր գլուխին մէ՛կ մազն իսկ գետինը պիտի չիյնայ, որովհետեւ այսօր Աստուծոյ հետ գործեց»։ Այսպէս՝ ժողովուրդը Յովնաթանը ազատեց, եւ ան չմեռաւ։

46

Սաւուղ 25Փղշտացիները հետապնդելէն վերադարձաւ՝՝, ու Փղշտացիները իրենց տեղը գացին։


ՍԱՒՈՒՂԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

47

Երբ Սաւուղ Իսրայէլի վրայ 26սկսաւ թագաւորել՝՝, բոլոր շրջակայ թշնամիներուն դէմ պատերազմեցաւ, այսինքն՝ Մովաբի դէմ, Ամմոնի որդիներուն դէմ, Եդովմի դէմ, Սուբայի թագաւորներուն դէմ, ու Փղշտացիներուն դէմ. ո՛ր կողմը որ դարձաւ՝ յաղթեց։

48

27Քաջութիւն ցոյց տալով՝՝ Ամաղէկը զարկաւ, եւ Իսրայէլը ազատեց իր կողոպտիչներուն ձեռքէն։

49

Սաւուղի որդիներն էին՝ Յովնաթան, Յեսուի ու Մեղքիսաւէ, իսկ անոր երկու աղջիկներուն անունները՝ անդրանիկին անունը Մերովբ էր, եւ պզտիկին անունը՝ Մեղքող։

50

Սաւուղի կնոջ անունը Աքինոամ էր — Աքիմաասի աղջիկը։ Անոր սպարապետին անունը Աբեններ էր — Սաւուղի հօրեղբօր՝ Ների որդին։

51

Կիս՝ Սաւուղի հայրը, ու Ներ՝ Աբենների հայրը, Աբիէլի որդիներն էին։

52

Սաւուղի բոլոր օրերը Փղշտացիներուն դէմ սաստիկ պատերազմ կար. ուստի երբ Սաւուղ զօրաւոր մարդ մը կամ 28կտրիճ մը տեսնէր, զայն իր քով կը հաւաքէր։



1 Եբր.՝ կը փնտռէր
2 Եբր.՝ ժայռի ակռայ, այսինքն՝ ցից ժայռ
3 Եբր.՝ ակռաներէն
4 Կամ՝ Գաբայի
5 Եբր.՝ դարձի՛ր
6 Եբր.՝ սա՛ ըսեն
7 Եբր.՝ Լո՛ւռ կեցէք
8 Եբր.՝ սարսուռ
9 Եբր.՝ սարսռացին
10 Եբր.՝ կը հալի
11 Եբր.՝ երթալով
12 Եբր.՝ հաւաքէ՛
13 Եբր.՝ աղաղակով կանչուեցան
14 Եբր.՝ հետ եղան
15 Եբր.՝ դաշտին
16 Եբր.՝ կ’երթար
17 Եբր.՝ հասցուց
18 Եբր.՝ երկիրը
19 Կամ՝ շատ մեծ պարտութիւն չեղաւ
20 Եբր.՝ ասօր
21 Եբր.՝ աչքերուդ լաւ
22 Եբր.՝ անկիւնի քարերը
23 Եբր.՝ Պարկեշտութեա՛ն վիճակը տուր
24 Եբր.՝ դուրս ելաւ
25 Եբր.՝ Փղշտացիներուն ետեւէն բարձրացաւ
26 Եբր.՝ թագաւորութիւնը գրաւեց
27 Կամ՝ Զօրք հաւաքելով
28 Եբր.՝ կտրիճի որդի