Loading...

1 Samuel 15

Ruth  «  1 Samuel 14  ‹  1 Samuel 15  ›  1 Samuel 16  »  2 Samuel


ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԱՄԱՂԵԿԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

1

Սամուէլ Սաւուղի ըսաւ. «Տէրը զի՛ս ղրկեց քեզ թագաւոր օծելու իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլի վրայ. ուստի հիմա մտի՛կ ըրէ Տէրոջ 1խօսքը։

2

Զօրքերու Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Պիտի հատուցանեմ ինչ որ Ամաղէկ ըրաւ Իսրայէլի, անոր Եգիպտոսէն բարձրացած ատենը՝ ճամբային մէջ անոր 2ընդդիմանալով։

3

Հիմա գնա՛ եւ Ամաղէկը զա՛րկ։ Անոր ամբո՛ղջ ունեցածը նզովէ։ Մի՛ խնայեր անոր, հապա մեռցո՛ւր այր մարդիկն ու կիները, երախաները եւ ծծկերները, եզները, ոչխարները, ուղտերն ու էշերը”»։

4

Ուստի Սաւուղ ժողովուրդը կանչեց եւ Տեղայիմի մէջ զայն թուարկեց. երկու հարիւր հազար հետեւակ զօրք էին, իսկ Յուդայեանները՝ տասը հազար։

5

Սաւուղ Ամաղեկացիներու մէկ քաղաքը գնաց, ու ձորին մէջ դարանակալ եղաւ։

6

Սաւուղ Կենեցիներուն ըսաւ. «Գացէ՛ք, հեռացէ՛ք, եւ Ամաղեկացիներուն մէջէն իջէ՛ք, որպէսզի ձեզ անոնց հետ չզարնեմ. արդարեւ դուք Իսրայէլի բոլոր որդիներուն հետ կարեկցութեամբ վարուեցաք՝ երբ անոնք Եգիպտոսէն բարձրացան»։ Ուստի Կենեցիները Ամաղեկացիներու մէջէն հեռացան։

7

Սաւուղ Ամաղէկը զարկաւ՝ Եւիլայէն մինչեւ Եգիպտոսի դիմացի Սուրը։

8

Ամաղէկի թագաւորը՝ Ագագը ողջ բռնեց, իսկ ամբողջ ժողովուրդը սուրի բերանով անճիտեց։

9

Բայց Սաւուղ ու ժողովուրդը խնայեցին Ագագի, նաեւ լաւագոյն ոչխարներուն, արջառներուն եւ 3գէրերուն, պարարտ գառներուն ու բոլոր լաւ բաներուն. զանոնք անճիտել չուզեցին, հապա միայն բոլոր անարգ եւ 4անպիտան 5անասունները անճիտեցին։


ՍԱՒՈՒՂ ԿԸ ՄԵՐԺՈՒԻ ԻԲՐ ԹԱԳԱՒՈՐ

10

Տէրոջ խօսքը Սամուէլի 6ուղղուեցաւ՝ ըսելով.

11

«Կը զղջամ որ Սաւուղը թագաւոր նշանակեցի, քանի որ 7ինձմէ հեռացաւ ու իմ հրամաններս չգործադրեց»։ Սամուէլ տրտմեցաւ, եւ ամբողջ գիշերը Տէրոջ աղաղակեց։

12

Սամուէլ կանուխ ելաւ, որպէսզի առտուն երթայ Սաւուղը դիմաւորէ։ Սամուէլի իմացուցին՝ ըսելով. «Սաւուղ Կարմեղոս եկաւ, եւ ահա՛ իրեն համար 8յաղթանակի կոթող՝՝ մը կանգնեցուց. ապա անկէ 9վերադառնալով հեռացաւ՝՝ ու Գաղգաղա իջաւ»։

13

Սամուէլ Սաւուղի քով գնաց, եւ Սաւուղ անոր ըսաւ. «Դուն Տէրոջմէն օրհնեա՜լ ըլլաս. Տէրոջ հրամանը գործադրեցի»։

14

Բայց Սամուէլ ըսաւ. «Հապա ի՞նչ է այդ ոչխարներուն 10մայիւնը՝ որ ականջիս կը հասնի, ու արջառներուն 11բառաչը՝ որ կը լսեմ»։

15

Սաւուղ ըսաւ. «Զանոնք Ամաղեկացիներէն բերին. արդարեւ ժողովուրդը լաւագոյն ոչխարներուն եւ արջառներուն խնայեց, որպէսզի զանոնք Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ զոհ մատուցանէ. սակայն միւսները անճիտեցինք»։

16

Այն ատեն Սամուէլ Սաւուղի ըսաւ. «Կեցի՛ր որ քեզի հաղորդեմ ինչ որ Տէրը այս գիշեր ինծի ըսաւ»։ Ան ալ անոր ըսաւ. «Խօսէ՛»։

17

Սամուէլ Սաւուղի ըսաւ. «Ահա՛ դուն՝ 12որ աչքերուդ պզտիկ 13կը թուէիր՝՝, Իսրայէլի տոհմերուն գլխաւորը եղար, ու Տէրը քեզ Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեց։

18

Տէրը 14քեզի առաքելութիւն մը յանձնեց՝՝ ըսելով. “Գնա՛, այդ մեղաւոր Ամաղեկացիները նզովէ՛ եւ անոնց դէմ պատերազմէ՛, մինչեւ որ զանոնք սպառես”։

19

Իսկ դուն ինչո՞ւ Տէրոջ խօսքը մտիկ չըրիր, ու աւարին վրայ նետուելով՝ Տէրոջ 15առջեւ չարիք գործեցիր»։

20

Սաւուղ Սամուէլի ըսաւ. «Ահա՛ ես Տէրոջ խօսքը մտիկ ըրի. Տէրը զիս ո՛ր ճամբան որ ղրկեց՝ այդ ճամբան գացի, Ամաղէկի թագաւորը՝ Ագագը բերի, եւ Ամաղէկը նզովեցի։

21

Սակայն ժողովուրդը այդ աւարէն ոչխարներ ու արջառներ առաւ, նզովուածներէն 16լաւագոյնները, որպէսզի զանոնք Գաղգաղայի մէջ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ զոհ մատուցանէ»։

22

Սամուէլ ըսաւ. «Միթէ Տէրոջ առջեւ ողջակէզներն ու զոհերը՝ Տէրոջ խօսքը մտիկ ընելու չափ հաճոյալի՞ են։ Ահա՛ 17հնազանդութիւնը զոհէն աւելի լաւ է, եւ խօսքին ուշադիր ըլլալը՝ խոյերու ճարպէն։

23

Արդարեւ ըմբոստութիւնը դիւթութեան մեղքին պէս է, ու յամառութիւնը՝ 18կռապաշտութեան պէս՝՝։ Քանի դուն Տէրոջ խօսքը մերժեցիր, ան ալ քեզ մերժեց՝ որպէսզի թագաւոր չըլլաս»։

24

Սաւուղ Սամուէլի ըսաւ. «Մեղանչեցի՝ Տէրոջ հրամանը եւ քու խօսքերդ զանց ընելով, քանի որ ժողովուրդէն վախցայ ու անո՛նց խօսքը մտիկ ըրի։

25

Հիմա կ’աղաչե՜մ, ներէ՛ իմ յանցանքս եւ վերադարձի՛ր ինծի հետ, որպէսզի Տէրոջ երկրպագեմ»։

26

Սամուէլ Սաւուղի ըսաւ. «Ես քեզի հետ չեմ վերադառնար. քանի դուն Տէրոջ խօսքը մերժեցիր, Տէրն ալ քեզ մերժեց՝ որպէսզի Իսրայէլի վրայ թագաւոր չըլլաս»։

27

Երբ Սամուէլ դարձաւ որ Սաւուղի քովէն երթայ, ան բռնեց իր պարեգօտին քղանցքէն, որ պատռեցաւ։

28

Այն ատեն Սամուէլ անոր ըսաւ. «Տէրը այսօր քու վրայէդ Իսրայէլի թագաւորութիւնը պատռեց, եւ զայն քեզմէ լաւ եղող ընկերիդ տուաւ։

29

Իսրայէլի Զօրութիւնը չի 19ստեր ու չի զղջար, քանի որ ան մարդ չէ՝ որ զղջայ»։

30

Սաւուղ ըսաւ. «Մեղանչեցի. հիմա կ’աղաչե՜մ, զիս պատուէ՛ ժողովուրդիս երէցներուն առջեւ եւ Իսրայէլի առջեւ. ինծի՛ հետ վերադարձիր, որպէսզի Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ երկրպագեմ»։

31

Ուստի Սամուէլ վերադարձաւ Սաւուղի ետեւէն, ու Սաւուղ Տէրոջ երկրպագեց։

32

Յետոյ Սամուէլ ըսաւ. «Ամաղէկի թագաւորը՝ Ագագը ինծի՛ բերէք»։ Ագագ զուարճութեամբ անոր մօտեցաւ։ Ագագ ինքնիրեն կ’ըսէր. «Անտարակոյս մահուան դառնութիւնը անցած է»։

33

Բայց Սամուէլ ըսաւ. «Ինչպէս քու սուրդ կիները անզաւակ թողուց, նոյնպէս քու մայրդ կիներուն մէջ անզաւակ մնայ»։ Եւ Սամուէլ Տէրոջ առջեւ կտրատեց Ագագը՝ Գաղգաղայի մէջ։

34

Սամուէլ Ռամա գնաց, ու Սաւուղ իր տունը՝ Սաւուղի Գաբաան ելաւ։ Սամուէլ մինչեւ իր մահուան օրը՝ անգա՛մ մըն ալ Սաւուղը չտեսաւ. բայց Սամուէլ Սաւուղի համար կը սգար, քանի որ Տէրը Սաւուղը Իսրայէլի վրայ թագաւոր նշանակելուն զղջացեր էր։



1 Եբր.՝ խօսքերուն ձայնը
2 Եբր.՝ դէմ դնելով
3 Կամ՝ երկրորդականներուն
4 Եբր.՝ հալած
5 Եբր.՝ ստացուածքները
6 Եբր.՝ եղաւ
7 Եբր.՝ իմ ետեւէս
8 Եբր.՝ ձեռք
9 Եբր.՝ դառնալով՝ անցաւ
10 Եբր.՝ ձայնը
11 Եբր.՝ ձայնը
12 Եբր.՝ թէեւ
13 Եբր.՝ էիր
14 Եբր.՝ քեզ ճամբայ մը ղրկեց
15 Եբր.՝ աչքերուն
16 Եբր.՝ առաջինները
17 Կամ՝ մտիկ ընելը
18 Եբր.՝ անօրէնութեան եւ ընտանեկան կուռքերու
19 Եբր.՝ կեղծեր