1 Samuel 16
Ruth « 1 Samuel 15 ‹ 1 Samuel 16 › 1 Samuel 17 » 2 Samuel
ԴԱՒԻԹ ԹԱԳԱՒՈՐ Կ’ՕԾՈՒԻ
1Տէրը Սամուէլի ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ Սաւուղի համար պիտի սգաս, քանի ես զայն մերժեցի՝ որպէսզի Իսրայէլի վրայ չթագաւորէ։ Եղջիւրդ իւղո՛վ լեցուր եւ գնա՛. քեզ Բեթլեհեմացի Յեսսէի պիտի ղրկեմ, որովհետեւ անոր որդիներէն մէկը ինծի թագաւոր 1ընտրեցի»։
2Սամուէլ ըսաւ. «Ի՞նչպէս երթամ. եթէ Սաւուղ լսէ, զիս կը մեռցնէ»։ Տէրը ըսաւ. «2Քեզի հետ՝՝ երի՛նջ մը առ, ըսէ՛ թէ “Տէրոջ զոհ ընելու եկայ”,
3ու Յեսսէն զոհի՛ն հրաւիրէ. քեզի պիտի գիտցնեմ ինչ որ պիտի ընես, եւ ինծի թագաւոր պիտի օծես ա՛ն՝ որ քեզի պիտի ըսեմ»։
4Սամուէլ Տէրոջ ըսածը ըրաւ, ու Բեթլեհէմ գնաց։ Քաղաքին երէցները դողալով զինք դիմաւորեցին եւ ըսին. «Արդեօք խաղաղութեա՞մբ եկար»։
5Ինք ալ ըսաւ. «Խաղաղութեամբ. Տէրոջ զոհ ընելու եկայ։ Դուք ձեզ սրբացուցէ՛ք ու ինծի հետ զոհի՛ եկէք»։ Յեսսէն եւ անոր որդիները սրբացուց, ու զանոնք զոհի հրաւիրեց։
6Երբ անոնք եկան, Եղիաբը տեսնելով՝ ըսաւ. «Անտարակոյս Տէրոջ օծեալը իր առջեւ է»։
7Բայց Տէրը Սամուէլի ըսաւ. «Անոր երեւոյթին ու հասակին բարձրութեան մի՛ նայիր, քանի որ ես զայն մերժեցի. արդարեւ Աստուած մարդուն նման չի նայիր, որովհետեւ մարդը 3արտաքին երեւոյթին՝՝ կը նայի, բայց Տէրը սիրտին կը նայի»։
8Յեսսէ Աբինադաբը կանչեց եւ զայն Սամուէլի առջեւէն անցուց. Սամուէլ ըսաւ. «Տէրը ասիկա ալ չընտրեց»։
9Յեսսէ Սամաան անցուց, ու Սամուէլ ըսաւ. «Տէրը ասիկա ալ չընտրեց»։
10Երբ Յեսսէ Սամուէլի առջեւէն իր եօթը որդիները անցուց, Սամուէլ Յեսսէի ըսաւ. «Տէրը ասոնցմէ ո՛չ մէկը ընտրեց»։
11Յետոյ Սամուէլ Յեսսէի ըսաւ. «Բոլոր երիտասարդներդ հո՞ս են»։ Ան ըսաւ. «Տակաւին ամենէն պզտիկը կը մնայ. ահա՛ ան ոչխարները կ’արածէ»։ Սամուէլ Յեսսէի ըսաւ. «Մա՛րդ ղրկէ եւ զայն բերել տուր. որովհետեւ մինչեւ որ ան հոս չգայ, մենք սեղան պիտի չնստինք»։
12Ուստի մարդ ղրկեց ու զայն բերել տուաւ։ Ան շէկ էր, գեղեցիկ աչքեր ունէր, եւ վայելչագեղ տեսք։ Այն ատեն Տէրը ըսաւ. «Կանգնէ՛, զի՛նք օծէ, քանի որ ասիկա՛ է»։
13Սամուէլ իւղին եղջիւրը առաւ ու զայն օծեց իր եղբայրներուն մէջ։ Այդ օրէն սկսեալ Տէրոջ Հոգին Դաւիթը համակեց. Սամուէլ ալ կանգնեցաւ եւ Ռամա գնաց։
ԴԱՒԻԹ ՍԱՒՈԻՂԻ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ
14Տէրոջ Հոգին Սաւուղէն հեռացաւ, ու Տէրոջմէն չար ոգի մը զայն կը զարհուրեցնէր։
15Սաւուղի ծառաները անոր ըսին. «Ահա՛ այժմ Աստուծմէ չար ոգի մը քեզ կը զարհուրեցնէ։
16Մեր տէրը իր առջեւ եղող ծառաներուն այժմ թող հրամայէ, որ ճարտար քնարահար մը փնտռեն, որպէսզի երբ Աստուծմէ այդ չար ոգին քու վրադ 4գայ, անիկա իր ձեռքով քնար նուագէ ու դուն զուարթանաս»։
17Սաւուղ ալ իր ծառաներուն ըսաւ. «Այժմ ինծի լա՛ւ նուագահար մը 5գտէք ու զայն ինծի՛ բերէք»։
18Սպասաւորներէն մէկը պատասխանեց. «Ահա՛ Բեթլեհեմացի Յեսսէի մէկ որդին տեսայ, որ քնար նուագել գիտէ. ան զօրաւոր կտրիճ մըն է, պատերազմիկ մը. ճարտասան եւ վայելչակազմ մարդ մըն է, ու Տէրը անոր հետ է»։
19Սաւուղ Յեսսէի պատգամաւորներ ղրկեց եւ ըսաւ. «Ոչխարներուն քով գտնուող որդիդ՝ Դաւիթը ինծի՛ ղրկէ»։
20Ուստի Յեսսէ քանի մը հաց, տիկ մը գինի, եւ այծերէն ուլ մը առնելով՝ իշու վրայ բեռցուց, ու զանոնք իր որդիին՝ Դաւիթի ձեռքով Սաւուղի ղրկեց։
21Դաւիթ Սաւուղի եկաւ եւ անոր ներկայացաւ։ Սաւուղ զինք շատ սիրեց, ու Դաւիթ անոր զինակիրը եղաւ։
22Սաւուղ Յեսսէի մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Կ’աղերսե՛մ, Դաւիթ իմ 6քովս թող կենայ՝՝, քանի որ ան իմ 7առջեւս շնորհք գտաւ»։
23Երբ Աստուծմէ չար ոգին Սաւուղի վրայ գար, Դաւիթ քնարը կ’առնէր եւ իր ձեռքով կը նուագէր. Սաւուղ ալ կը հանգստանար, կը զուարթանար, ու չար ոգին իրմէ կը հեռանար։