1 Samuel 17
Ruth « 1 Samuel 16 ‹ 1 Samuel 17 › 1 Samuel 18 » 2 Samuel
ԳՈՂԻԱԹ ՄԵՆԱՄԱՐՏԻ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻՆԵՐԸ
1Փղշտացիները իրենց բանակը հաւաքեցին՝ պատերազմելու համար, եւ Յուդայի Սոքովին մէջ հաւաքուեցան. Սոքովի ու Ազեկայի մէջտեղ՝ Ափեսդոմմին բանակեցան։
2Սաւուղ եւ Իսրայելացիներն ալ հաւաքուեցան ու Էլայի հովիտին մէջ բանակեցան, եւ Փղշտացիներուն դէմ պատերազմելու համար շարուեցան։
3Փղշտացիները մէկ կողմը կայնած էին՝ լերան մը վրայ, իսկ Իսրայելացիները միւս կողմը կայնած էին՝ լերան մը վրայ, ու հովիտը անոնց մէջտեղն էր։
4Փղշտացիներու բանակավայրէն Գողիաթ անունով 1գեթացի ախոյեան մը ելաւ, վեց կանգուն եւ մէկ թիզ հասակով։
5Անոր գլուխը պղինձէ սաղաւարտ կար, ու հիւսուած զրահ մը հագած էր։ Անոր պղինձէ զրահին կշիռը հինգ հազար սիկղ էր։
62Սրունքներուն վրայ պղինձէ սռնապաններ ունէր, եւ ուսերուն մէջտեղ՝ պղինձէ տէգ մը։
7Անոր նիզակին բունը ոստայնանկներու գլանին պէս էր, ու նիզակին սուինը վեց հարիւր սիկղ երկաթէ շինուած էր։ Անոր ասպարը կրողը անոր առջեւէն կ’երթար։
8Ան եկաւ կայնեցաւ, եւ Իսրայէլի զօրասիւներուն պոռալով՝ անոնց ըսաւ. «Ինչո՞ւ դուրս ելեր էք ու մեզի դէմ պատերազմելու համար շարուեր էք. միթէ ես Փղշտացի չե՞մ, իսկ դուք՝ Սաւուղի ստրուկները։ Ձեր մէջէն մա՛րդ մը ընտրեցէք, որպէսզի իջնէ ինծի հետ մենամարտի։
9Եթէ կարենայ ինծի հետ 3կռուիլ եւ զիս մեռցնէ, մենք ձեր ստրուկները կ’ըլլանք. բայց եթէ ես յաղթեմ ու զայն մեռցնեմ, դո՛ւք մեր ստրուկները կ’ըլլաք եւ մեզի կը ծառայէք»։
10Նաեւ Փղշտացին ըսաւ. «Ես այսօր Իսրայէլի զօրասիւներուն մարտահրաւէր ուղղեցի. ինծի մա՛րդ մը տուէք, որպէսզի իրարու հետ կռուինք»։
11Երբ Սաւուղ եւ ամբողջ Իսրայէլը Փղշտացիին այս խօսքերը լսեցին, զարհուրեցան ու չափազանց վախցան։
ԴԱՒԻԹ ՍԱՒՈՒՂԻ ԲԱՆԱԿԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ
12Դաւիթ՝ Յեսսէ անունով Եփրաթացիի մը որդին էր, այսինքն՝ Յուդայի Բեթլեհէմէն եղող մարդու մը. ան ութ որդի ունէր։ Այդ մարդը՝ Սաւուղի օրերը ծեր մարդ մը կը սեպուէր մարդոց մէջ։
13Յեսսէի երեք մեծ որդիները իր քովէն գացած եւ Սաւուղի հետեւած էին՝ պատերազմելու համար։ Պատերազմի գացող երեք որդիներուն անուններն էին՝ Եղիաբ — անդրանիկինը —, Աբինադաբ — երկրորդինը —, ու Սամաա — երրորդինը —։
14Դաւիթ անոր ամենէն պզտիկն էր. երեք մեծերը Սաւուղի հետեւած էին,
15իսկ Դաւիթ Սաւուղի քովէն երթալով Բեթլեհէմ վերադարձեր էր, որպէսզի իր հօր ոչխարները արածէ։
16Այդ Փղշտացին առտու եւ իրիկուն կը մօտենար, ու քառասուն օր ներկայացաւ՝ զանոնք մենամարտի հրաւիրելով։
17Յեսսէ իր որդիին՝ Դաւիթի ըսաւ. «Այժմ եղբայրներուդ համար ա՛ռ այս մէկ արդու բոհրած ցորենը եւ այս տասը հացը, բանակավայ՛րը վազէ ու տո՛ւր եղբայրներուդ։
18Այս տասը կտոր պանիրն ալ անոնց հազարապետի՛ն տար, նայէ՛ թէ եղբայրներդ ողջ առո՛ղջ են, եւ անոնցմէ գրաւակա՛ն մը առ»։
19Սաւուղ, անոնք ու բոլոր Իսրայելացիները Էլայի հովիտին մէջ կը պատերազմէին Փղշտացիներուն դէմ։
20Առտուն՝ Դաւիթ կանուխ ելաւ, ոչխարները ձգեց պահապան հովիւի մը, այդ բաները առաւ եւ գնաց, ինչպէս Յեսսէ իրեն ապսպրեր էր։ Երբ 4կառքերուն տեղը՝՝ հասաւ, զօրագունդը դուրս կ’ելլէր՝ շարուելու, եւ պատերազմելու համար կը գոռային.
21արդարեւ Իսրայելացիներն ու Փղշտացիները զօրասիւն զօրասիւնի դէմ շարեր էին։
22Դաւիթ իր վրայէն գոյքերը վար առնելով՝ գոյքերու պահապանին ձեռքը ձգեց, դէպի զօրասիւնը վազեց, եւ գնաց իր եղբայրներուն 5որպիսութիւնը հարցուց։
23Երբ ինք անոնց հետ կը խօսէր, ահա՛ այդ փղշտացի ախոյեանը՝ Գողիաթ անունով, որ Գէթ քաղաքէն էր, Փղշտացիներու շարքերէն բարձրացաւ ու նոյն խօսքերը ըսաւ. Դաւիթ ալ լսեց։
24Բոլոր Իսրայելացիները, երբ այդ մարդը տեսան, անոր 6առջեւէն փախան՝ զարհուրելով։
25Իսրայելացիները կ’ըսէին. «Այս բարձրացող մարդը տեսա՞ք, որ Իսրայէլի մարտահրաւէր ուղղելու կը բարձրանայ. ո՛վ որ զինք մեռցնէ, թագաւորը մեծ հարստութեամբ պիտի հարստացնէ զայն, իր աղջիկը անոր պիտի տայ, եւ անոր հօր տունը Իսրայէլի մէջ ազատ պիտի ընէ»։
26Դաւիթ իր քով եղող մարդոց հետ խօսելով՝ ըսաւ. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս Փղշտացին մեռցնող ու Իսրայէլէն նախատինքը ջնջող մարդուն. քանի որ ո՞վ է այս անթլփատ Փղշտացին, որ ապրող Աստուծոյն զօրասիւները նախատէ»։
27Ժողովուրդը նոյն խօսքերը հաղորդելով անոր՝ պատասխանեց. «Ա՛յսպէս պիտի ըլլայ զինք մեռցնող մարդուն»։
28Անոր մեծ եղբայրը՝ Եղիաբ լսեց երբ ան կը խօսէր այդ մարդոց հետ։ Եղիաբի բարկութիւնը Դաւիթի դէմ բորբոքեցաւ, եւ ըսաւ. «Դուն ինչո՞ւ հոս իջար. որո՞ւ ձգեցիր այդ փոքրաթիւ ոչխարները՝ անապատին մէջ։ Ես քու հպարտութիւնդ ու սիրտիդ չարութիւնը գիտեմ. անտարակոյս դուն պատերազմը տեսնելու համար իջած ես»։
29Դաւիթ ըսաւ. «Հիմա ի՞նչ ըրի. այս 7խօսք չէ»։
30Անոր քովէն՝ ուրիշ մարդու մը դարձաւ եւ նոյն խօսքերը ըսաւ. ժողովուրդն ալ դարձեալ 8պատասխանեց անոր՝ նախկին խօսքերուն համաձայն։
31Դաւիթի ըսած խօսքերը լսուեցան, ու երբ Սաւուղի առջեւ պատմեցին, Սաւուղ իր քով բերել տուաւ զայն։
32Դաւիթ Սաւուղի ըսաւ. «Անոր պատճառով ո՛չ մէկուն սիրտը թող 9կոտրի. քու ծառադ պիտի երթայ եւ այդ Փղշտացիին հետ կռուի»։
33Սաւուղ Դաւիթի ըսաւ. «Դուն չես կրնար այդ Փղշտացիին դէմ երթալ ու անոր հետ կռուիլ. արդարեւ դուն պատանի մըն ես, իսկ ան՝ պատերազմիկ մը իր մանկութենէն»։
34Դաւիթ Սաւուղի ըսաւ. «Մինչ քու ծառադ իր հօր ոչխարները կ’արածէր, երբ առիւծ մը կամ արջ մը գար ու հօտերէն ոչխար մը տանէր,
35ես անոր ետեւէն երթալով՝ զայն կը զարնէի եւ անոր երախէն կ’ազատէի։ Եթէ 10իմ վրաս յարձակէր՝՝, զայն մօրուքէն կը բռնէի, կը զարնէի ու կը մեռցնէի։
36Քու ծառադ առիւծ ալ մեռցուցած է, արջ ալ, եւ այս անթլփատ Փղշտացին ալ անոնցմէ մէկուն պէս պիտի ըլլայ, քանի որ ապրող Աստուծոյն զօրասիւները նախատեց»։
37Նաեւ Դաւիթ ըսաւ. «Առիւծին եւ արջին ձեռքէն զիս ազատող Տէրը՝ այս Փղշտացիին ձեռքէն ալ պիտի ազատէ»։ Սաւուղ Դաւիթի ըսաւ. «Գնա՛, ու Տէրը քեզի հետ ըլլայ»։
38Սաւուղ իր հանդերձները Դաւիթի հագցուց, անոր գլուխը պղինձէ սաղաւարտ մը դրաւ, եւ անոր զրահ ալ հագցուց։
39Դաւիթ հանդերձներուն վրայէն Սաւուղի սուրը մէջքը կապեց, եւ 11ուզեց քալել, քանի փորձած չէր։ Յետոյ Դաւիթ Սաւուղի ըսաւ. «Ասոնցմով չեմ կրնար քալել, որովհետեւ վարժուած չեմ»։ Ուստի Դաւիթ զանոնք իր վրայէն հանեց։
ԴԱՒԻԹ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ԳՈՂԻԱԹԻ
40Իր ցուպը ձեռքը առաւ, վտակէն իրեն համար հինգ ողորկ քար ընտրեց, զանոնք իր ունեցած հովիւի տոպրակին՝ այսինքն մախաղին մէջ դրաւ, ու պարսատիկը ձեռքը բռնելով՝ Փղշտացիին մօտեցաւ։
41Փղշտացին ալ եկաւ եւ Դաւիթի մօտեցաւ. անոր ասպարը կրող մարդը անոր առջեւն էր։
42Երբ Փղշտացին նայեցաւ ու Դաւիթը տեսաւ, զայն արհամարհեց. արդարեւ ան պատանի մըն էր, շէկ եւ գեղեցիկ տեսքով։
43Փղշտացին Դաւիթի ըսաւ. «Միթէ ես շո՞ւն եմ, որ ցուպով ինծի կու գաս», ու Փղշտացին իր աստուածներով Դաւիթը նզովեց։
44Փղշտացին Դաւիթի ըսաւ «Ինծի՛ եկուր, որ քու մարմինդ երկինքի թռչուններուն եւ դաշտի գազաններուն տամ»։
45Դաւիթ Փղշտացիին ըսաւ. «Դուն ինծի սուրով, նիզակով ու տէգով կու գաս, բայց ես զօրքերու Տէրոջ, քու նախատած Իսրայէլի զօրասիւներուն Աստուծոյն անունով քեզի կու գամ։
46Այսօր Տէրը քեզ 12իմ ձեռքս պիտի մատնէ՝՝. ես քեզ պիտի մեռցնեմ, վրայէդ գլուխդ պիտի առնեմ, եւ Փղշտացիներու բանակին դիակները այսօր երկինքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն պիտի տամ. որպէսզի ամբողջ երկիրը գիտնայ թէ Իսրայէլի մէջ Աստուած կայ,
47եւ այս ամբողջ համախմբումը գիտնայ թէ Տէրը սուրով ու նիզակով չ’ազատեր. արդարեւ պատերազմը Տէրոջն է, եւ ան ձեզ մեր ձեռքը պիտի մատնէ»։
48Մինչ Փղշտացին կը կանգնէր, կը քալէր ու կը մօտենար՝ Դաւիթի հանդիպելու, Դաւիթ շուտով դէպի զօրասիւնը վազեց՝ Փղշտացիին հանդիպելու։
49Դաւիթ ձեռքը իր տոպրակին մէջ խոթեց, անկէ քար մը առաւ, զայն պարսատիկով նետեց ու Փղշտացիին ճակատին զարկաւ. քարը անոր ճակատին մէջ մխրճուեցաւ, եւ ան երեսի վրայ գետինը ինկաւ։
50Այսպէս Դաւիթ՝ պարսատիկով ու քարով՝ Փղշտացիին յաղթեց, զարկաւ Փղշտացին ու մեռցուց զայն. բայց Դաւիթի ձեռքը սուր չկար։
51Դաւիթ վազելով Փղշտացիին վրայ կայնեցաւ, անոր սուրը գրաւեց, պատեանէն քաշեց, եւ զայն մեռցնելէն ետք՝ գլուխը անով կտրեց։ Փղշտացիները՝ իրենց զօրաւոր մարդուն մեռնիլը տեսնելով՝ փախան։
52Այն ատեն Իսրայէլի ու Յուդայի մարդիկը կանգնեցան, եւ գոռալով Փղշտացիները հալածեցին մինչեւ հովիտը ու մինչեւ Ակկարոնի դռները. խոցուած Փղշտացիները Սագարիմի ճամբային վրայ ինկան՝ մինչեւ Գէթ եւ Ակկարոն։
53Իսրայէլի որդիները Փղշտացիները խանդով հալածելէն վերադարձան, ու անոնց բանակավայրը կողոպտեցին։
54Դաւիթ Փղշտացիին գլուխը առաւ եւ զայն Երուսաղէմ տարաւ. բայց անոր զէնքերը իր վրանին մէջ դրաւ։
ԴԱՒԻԹ ՍԱՒՈՒՂԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
55Երբ Սաւուղ տեսաւ թէ Դաւիթ դուրս կ’ելլէ՝ Փղշտացիին դէմ, իր սպարապետին՝ Աբենների ըսաւ. «Աբեննե՛ր, այս պատանին որո՞ւն որդին է»։ Աբեններ ըսաւ. «Քու անձդ կ’ապրի՛, ո՛վ թագաւոր. չեմ գիտեր»։
56Թագաւորը ըսաւ. «Հարցուր թէ այս պատանին որո՛ւն որդին է»։
57Երբ Դաւիթ Փղշտացին զարնելէն ետք վերադարձաւ, Աբեններ առաւ զայն ու Սաւուղի առջեւ տարաւ. Փղշտացիին գլուխը անոր ձեռքն էր։
58Սաւուղ անոր ըսաւ. «Դուն որո՞ւն որդին ես, պատանի՛»։ Դաւիթ պատասխանեց. «Քու ծառայիդ՝ Բեթլեհեմացի Յեսսէի որդին եմ»։