Loading...

1 Samuel 18

Ruth  «  1 Samuel 17  ‹  1 Samuel 18  ›  1 Samuel 19  »  2 Samuel


1

Երբ Սաւուղի հետ խօսիլը աւարտեց, Յովնաթանի անձը Դաւիթի անձին կապուեցաւ, ու Յովնաթան իր անձին պէս սիրեց զայն։

2

Նոյն օրը Սաւուղ զայն առաւ ու չթոյլատրեց որ իր հօր տունը վերադառնայ։

3

Յովնաթան Դաւիթի հետ ուխտ կնքեց, քանի որ իր անձին պէս կը սիրէր զայն։

4

Յովնաթան իր վրայի պարեգօտէն մերկացաւ, եւ զայն, իր վերարկուն, մինչեւ անգամ իր սուրը, աղեղն ու գօտին Դաւիթի տուաւ։

5

Դաւիթ ամէն տեղ 1կ’երթար, ո՛ւր որ Սաւուղ զինք կը ղրկէր, եւ 2իմաստութեամբ կը վարուէր՝՝։ Սաւուղ զինք պատերազմիկներուն վրայ նշանակեց. ան ամբողջ ժողովուրդին 3հաճելի էր. Սաւուղի ծառաներուն ալ հաճելի էր։


ՍԱՒՈՒՂ ԿԸ ՆԱԽԱՆՁԻ ԴԱՒԻԹԻ

6

Երբ Դաւիթ Փղշտացին զարնելէն կը վերադառնար եւ զօրքերը կու գային, Իսրայէլի բոլոր քաղաքներէն՝ կիները, երգելով ու պարելով, դուրս ելան Սաւուղ թագաւորը դիմաւորելու, թմբուկներով, ուրախութեամբ եւ 4ծնծղաներով։

7

Խայտացող կիները 5կը խմբերգէին՝՝ ու կ’ըսէին. «Սաւուղ իր հազարաւորները զարկաւ, Եւ Դաւիթ՝ իր բիւրաւորները»։

8

Սաւուղ շատ բորբոքեցաւ. այս խօսքը իրեն 6անհաճոյ եղաւ, եւ ըսաւ. «Բիւրաւորները Դաւիթի տուին, իսկ հազարաւորները ինծի տուին։ Հիմա թագաւորութենէն ուրիշ ի՞նչ կը պակսի անոր»։

9

Այդ օրէն սկսեալ Սաւուղ ծուռ աչքով կը նայէր Դաւիթի։

10

Հետեւեալ օրը Աստուծմէ չար ոգի մը Սաւուղը համակեց, ու տան մէջ մարգարէութիւն ըրաւ։ Դաւիթ ուրիշ օրերու պէս իր ձեռքով քնար կը նուագէր, եւ Սաւուղի ձեռքը նիզակ մը կար։

11

Սաւուղ նիզակը նետեց՝ ըսելով. «Դաւիթը պատին պիտի 7գամեմ»։ Բայց Դաւիթ երկու անգամ անոր 8առջեւէն խուսափեցաւ՝՝։

12

Ուստի Սաւուղ Դաւիթէն կը վախնար, քանի Տէրը անոր հետ էր, բայց Սաւուղէն հեռացեր էր։

13

Սաւուղ զայն իր քովէն հեռացուց, եւ զայն հազարապետ նշանակեց. ուստի ան ժողովուրդին առջեւէն կ’ելլէր ու կը մտնէր։

14

Դաւիթ իր բոլոր 9ճամբաներուն մէջ իմաստութեամբ կը վարուէր՝՝, եւ Տէրը անոր հետ էր։

15

Սաւուղ անոր 10այնքան իմաստութեամբ վարուիլը՝՝ տեսնելով՝ անկէ կը վախնար։

16

Ամբողջ Իսրայէլն ու Յուդան Դաւիթը կը սիրէին, որովհետեւ անիկա՛ իրենց առջեւէն կ’ելլէր եւ կը մտնէր։

17

Սաւուղ Դաւիթի ըսաւ. «Ահա՛ իմ մեծ աղջիկս՝ Մերովբը քեզի պիտի տամ իբր կին. միայն թէ դուն ինծի համար 11կտրի՛ճ եղիր ու Տէրոջ պատերազմնե՛րը 12մղէ»։ Արդարեւ Սաւուղ ինքնիրեն կ’ըսէր. «Ի՛մ ձեռքս թող չըլլայ անոր վրայ, հապա Փղշտացիներո՛ւն ձեռքը թող ըլլայ անոր վրայ»։

18

Դաւիթ Սաւուղի ըսաւ. «Ես ո՞վ եմ, եւ իմ կեանքս կամ հօրս ազգատոհմը Իսրայէլի մէջ ի՞նչ է, որ թագաւորին փեսայ ըլլամ»։

19

Երբ Սաւուղի աղջիկը՝ Մերովբը Դաւիթի պիտի տրուէր, Մաուլացի Եդրիէլի տրուեցաւ։


ԴԱՒԻԹ Կ’ԱՄՈՒՍՆԱՆԱՅ ՍԱՒՈՒՂԻ ԱՂՋԻԿԻՆ ՀԵՏ

20

Սաւուղի աղջիկը՝ Մեղքող կը սիրէր Դաւիթը. երբ Սաւուղի իմացուցին, այս բանը անոր 13հաճելի թուեցաւ՝՝։

21

Սաւուղ ըսաւ. «Ես զայն անոր տամ, որպէսզի անոր որոգայթ ըլլայ ու Փղշտացիներուն ձեռքը անոր վրայ ըլլայ»։ Ուստի Սաւուղ Դաւիթի ըսաւ. «Ինծի այսօր 14երկրորդ փեսայ եղիր»։

22

Սաւուղ իր ծառաներուն հրամայեց որ Դաւիթի հետ ծածկաբար խօսին, եւ ըսեն. «Ահա՛ թագաւորը քեզմէ կ’ախորժի, ու անոր բոլոր ծառաները քեզ կը սիրեն. ուստի հիմա թագաւորին փեսա՛յ եղիր»։

23

Սաւուղի ծառաները այս խօսքերը Դաւիթի ականջներուն ըսին։ Դաւիթ ալ ըսաւ. «Թագաւորին փեսայ ըլլալը 15պզտի՞կ բան կը թուի ձեզի՝՝. քանի որ ես թշուառ եւ աննշան մարդ մըն եմ»։

24

Սաւուղի ծառաները իրեն իմացուցին՝ ըսելով. «Դաւիթ այս կերպով խօսեցաւ»։

25

Սաւուղ ըսաւ. «Դաւիթի սա՛ ըսէք. “Թագաւորը որեւէ օժիտ չ’ուզեր, բայց միայն Փղշտացիներէն հարիւր թլիփ, որպէսզի թագաւորին թշնամիներէն վրէժ առնուի”»։ (Սաւուղ կը խորհէր Դաւիթը Փղշտացիներուն 16ձեռքը մատնել՝՝։)

26

Երբ անոր ծառաները այս խօսքերը Դաւիթի իմացուցին, Դաւիթի հաճելի թուեցաւ՝ որ թագաւորին փեսայ ըլլայ։

27

Ուստի օրերուն լրանալէն առաջ՝ Դաւիթ կանգնեցաւ, իր մարդոցմով գնաց եւ Փղշտացիներէն երկու հարիւր մարդ զարկաւ։ Դաւիթ անոնց թլիփները բերաւ, ու զանոնք լման թագաւորին տուին՝ որպէսզի թագաւորին փեսայ ըլլայ։ Սաւուղ ալ իր աղջիկը՝ Մեղքողը տուաւ անոր իբր կին։

28

Երբ Սաւուղ տեսաւ ու հասկցաւ թէ Տէրը Դաւիթի հետ է, եւ թէ 17իր աղջիկը՝ Մեղքող զայն կը սիրէ,

29

Սաւուղ ա՛լ աւելի վախցաւ Դաւիթէն։ Սաւուղ 18ընդմիշտ Դաւիթի թշնամի եղաւ։

30

Փղշտացիներու իշխանները դուրս ելան, ու անոնց ելլելէն ետք՝ Դաւիթ Սաւուղի բոլոր ծառաներէն աւելի 19իմաստութեամբ կը վարուէր՝՝. ուստի անոր անունը շատ հռչակաւոր եղաւ։



1 Եբր.՝ դուրս կ’ելլէր
2 Եբր.՝ ուշիմ էր, կամ՝ կը յաջողէր
3 Եբր.՝ աչքերուն լաւ
4 Եբր.՝ եռանկիւնաձեւ նուագարաններով
5 Եբր.՝ պատասխանելով կ’երգէին
6 Եբր.՝ աչքերուն գէշ
7 Եբր.՝ զարնեմ
8 Եբր.՝ երեսէն դարձաւ
9 Կամ՝ արշաւներուն մէջ կը յաջողէր
10 Կամ՝ շատ յաջողիլը
11 Եբր.՝ կտրիճի որդի՛
12 Եբր.՝ պատերազմէ
13 Եբր.՝ աչքերուն ուղիղ եղաւ
14 Կամ՝ երկու աղջիկներէս մէկով
15 Եբր.՝ թեթե՞ւ բան է ձեր աչքերուն
16 Կամ՝ ձեռքով կորսնցնել
17 Եբր.՝ Սաւուղի
18 Եբր.՝ ամբողջ օրը
19 Կամ՝ կը յաջողէր