1 Samuel 19
Ruth « 1 Samuel 18 ‹ 1 Samuel 19 › 1 Samuel 20 » 2 Samuel
ԴԱՒԻԹ ԿԸ ՀԱԼԱԾՈՒԻ ՍԱՒՈՒՂԷՆ
1Սաւուղ իր որդիին՝ Յովնաթանի, եւ իր բոլոր ծառաներուն ըսաւ, որ Դաւիթը մեռցնեն։
2Բայց Սաւուղի որդին՝ Յովնաթան 1Դաւիթը շատ կը սիրէր՝՝. ուստի Յովնաթան Դաւիթի իմացուց՝ ըսելով. «Իմ հայրս՝ Սաւուղ քեզ մեռցնել 2կ’ուզէ. հիմա կ’աղերսե՛մ, մինչեւ առտու զգուշացի՛ր դուն քեզի, ծածո՛ւկ տեղ մը կեցիր ու պահուըտէ՛.
3իսկ ես դուրս պիտի ելլեմ եւ հօրս քով պիտի կայնիմ՝ քու 3գտնուած դաշտիդ մէջ. քու մասիդ հօրս պիտի խօսիմ, եւ ինչ որ 4գիտնամ՝ քեզի պիտի հաղորդեմ»։
4Յովնաթան Դաւիթի մասին 5նպաստաւոր կերպով խօսեցաւ իր հօր՝ Սաւուղի, ու անոր ըսաւ. «Թագաւորը իր ծառային՝ Դաւիթի դէմ թող չմեղանչէ. քանի որ ան քեզի դէմ չէ մեղանչեր, եւ անոր գործերը քեզի համար շատ նպաստաւոր են։
5Արդարեւ իր 6կեանքը վտանգելով՝՝ Փղշտացին զարկաւ, ու Տէրը ամբողջ Իսրայէլի մեծ փրկութիւն մը շնորհեց։ Դուն տեսար եւ ուրախացար. ուստի ինչո՞ւ Դաւիթը առանց 7պատճառի մեռցնելով՝ անմեղ 8արիւն պիտի թափես՝՝»։
6Սաւուղ Յովնաթանի խօսքը մտիկ ըրաւ. Սաւուղ երդում ըրաւ՝ ըսելով. «Տէրը կ’ապրի՛. ան պիտի չմեռցուի»։
7Յովնաթան Դաւիթը կանչեց, ու Յովնաթան այս բոլոր խօսքերը անոր հաղորդեց։ Յետոյ Յովնաթան Դաւիթը Սաւուղի տարաւ, եւ ան 9առաջուան պէս անոր 10ծառայեց։
8Վերստին պատերազմ եղաւ։ Դաւիթ Փղշտացիներուն դէմ պատերազմելու 11գնաց, ու զանոնք մեծ պարտութեան մատնեց. անոնք ալ անոր 12առջեւէն փախան։
9Տէրոջմէն չար ոգի մը 13Սաւուղը համակեց՝՝, երբ ան իր տունը նստած էր եւ նիզակը ձեռքն էր, Դաւիթ ալ իր ձեռքով քնար կը նուագէր։
10Սաւուղ 14ուզեց որ Դաւիթը նիզակով զարնէ ու պատին գամէ, բայց ան Սաւուղի 15առջեւէն խուսափեցաւ. Սաւուղ նիզակը պատին զարկաւ։ Դաւիթ փախաւ եւ այդ գիշերը ճողոպրեցաւ.
11բայց Սաւուղ Դաւիթի տունը պատգամաւորներ ղրկեց, որպէսզի անոր վրայ հսկեն ու առտուն մեռցնեն։ Դաւիթի կինը՝ Մեղքող անոր իմացուց, եւ ըսաւ. «Եթէ այս գիշեր անձդ չազատես, վաղը քեզ պիտի մեռցնեն»։
12Ուստի Մեղքող Դաւիթը պատուհանէն վար իջեցուց. ան ալ գնաց ու փախաւ, եւ ճողոպրեցաւ։
13Մեղքող 16ընտանեկան կուռք՝՝ մը առաւ ու զայն մահիճին մէջ դրաւ. անոր սնարը՝ այծի մազէ բարձ մը դրաւ, ու զայն հագուստով մը ծածկեց։
14Երբ Սաւուղ պատգամաւորներ ղրկեց՝ Դաւիթը բռնելու համար, ան ըսաւ. «Հիւանդ է»։
15Սաւուղ դարձեալ պատգամաւորներ ղրկեց՝ Դաւիթը տեսնելու համար, եւ ըսաւ. «Զինք մահիճո՛վ ինծի 17բերէք, որպէսզի մեռցնեմ»։
16Երբ պատգամաւորները եկան, ահա՛ մահիճին մէջ ընտանեկան կուռք մը կար, ու անոր սնարը՝ այծի մազէ բարձ մը։
17Սաւուղ Մեղքողի ըսաւ. «Զիս ինչո՞ւ այսպէս խաբեցիր եւ թշնամիս արձակեցիր, ան ալ խոյս տուաւ»։ Մեղքող Սաւուղի պատասխանեց. «Ան ինծի ըսաւ. “Արձակէ՛ զիս՝ որպէսզի երթամ. ինչո՞ւ քեզ մեռցնեմ”»։
18Այսպէս՝ Դաւիթ փախաւ եւ ճողոպրեցաւ. Ռամա գնաց՝ Սամուէլի քով, ու անոր պատմեց ամէն ինչ որ Սաւուղ ըրեր էր իրեն։ Յետոյ ինք եւ Սամուէլ գացին ու Նաւաթի մէջ բնակեցան։
19Սաւուղի իմացուցին՝ ըսելով. «Ահա՛ Դաւիթ Ռամայի Նաւաթին մէջ է»։
20Այն ատեն Սաւուղ պատգամաւորներ ղրկեց՝ որպէսզի Դաւիթը բռնեն։ Երբ անոնք մարգարէութիւն ընող մարգարէներուն խումբը տեսան, եւ անոնց վերակացուն՝ Սամուէլը՝ կայնած, Աստուծոյ Հոգին Սաւուղի ղրկած պատգամաւորներուն վրայ 18եկաւ, ու անոնք ալ մարգարէութիւն ըրին։
21Երբ Սաւուղի իմացուցին, ուրիշ պատգամաւորներ ղրկեց, եւ անոնք ալ մարգարէութիւն ըրին։ Սաւուղ վերստին՝ երրորդ անգամ պատգամաւորներ ղրկեց. անոնք ալ մարգարէութիւն ըրին։
22Յետոյ ի՛նք ալ Ռամա գնաց, ու Սոկքովի մեծ ջրհորը հասնելով՝ հարցուց. «Սամուէլ եւ Դաւիթ ո՞ւր են»։ Մարդ մը ըսաւ. «Ահա՛ անոնք Ռամայի Նաւաթն են».
23ուստի Ռամայի Նաւաթը գնաց։ Աստուծոյ Հոգին իր վրայ ալ եկաւ, ու ճամբան գացած ատեն մարգարէութիւն ըրաւ՝ մինչեւ Ռամայի Նաւաթը հասնիլը։
24Ի՛նք ալ իր հագուստներէն մերկացաւ, եւ Սամուէլի առջեւ ի՛նք ալ մարգարէութիւն ըրաւ. այդ ամբողջ օրն ու ամբողջ գիշերը մերկ ինկաւ գետինը։ Հետեւաբար ըսուեցաւ. «Սաւո՞ւղ ալ մարգարէներուն մէջ է»։