Loading...

1 Samuel 20

Ruth  «  1 Samuel 19  ‹  1 Samuel 20  ›  1 Samuel 21  »  2 Samuel


ՅՈՎՆԱԹԱՆ Կ’ՕԳՆԷ ԴԱՒԻԹԻ

1

Դաւիթ Ռամայի Նաւաթէն փախաւ, եկաւ ու Յովնաթանի առջեւ ըսաւ. «Ես ի՞նչ ըրեր եմ, ի՞նչ է յանցանքս, ի՞նչ է մեղքս քու հօրդ առջեւ, որ 1զիս մեռցնել կ’ուզէ՝՝»։

2

Յովնաթան անոր ըսաւ. «Ամե՛նեւին. դուն պիտի չմեռնիս։ Ահա՛ իմ հայրս մեծ կամ պզտիկ բան մը չ’ըներ առանց 2ինծի իմացնելու՝՝։ Իմ հայրս ինչո՞ւ այդ բանը ինձմէ պիտի 3պահէ։ Այդպիսի բան չկայ»։

3

Իսկ Դաւիթ երդում ալ ըրաւ, եւ ըսաւ. «Քու հայրդ ստուգապէս գիտէ թէ ես 4առջեւդ շնորհք գտած եմ. ուստի կ’ըսէ. “Յովնաթան ասիկա թող չգիտնայ, որ չվշտանայ”։ Բայց Տէրը կ’ապրի՛ եւ քու անձդ կ’ապրի՛. իմ ու մահուան մէջտեղ միայն մէկ քայլ մնացեր է»։

4

Յովնաթան Դաւիթի ըսաւ. «Ինչ որ անձդ 5ուզէ, պիտի ընեմ քեզի համար»։

5

Դաւիթ Յովնաթանի ըսաւ. «Ահա՛ վաղը 6ամսագլուխ է, եւ պէտք է որ թագաւորին հետ ուտելու համար սեղան նստիմ. սակայն արձակէ՛ զիս, որ մինչեւ երրորդ օրուան իրիկունը դաշտին մէջ պահուըտիմ։

6

Եթէ հայրդ զիս 7փնտռէ, ըսէ՛. “Դաւիթ ինձմէ շատ խնդրեց որ իր քաղաքը՝ Բեթլեհէմ 8երթայ աճապարանքով՝՝, քանի որ իր ամբողջ ազգատոհմին տարեկան զոհը պիտի ըլլայ հոն”։

7

Եթէ 9ըսէ. “Լա՛ւ”, քու ծառադ խաղաղութիւն պիտի ունենայ. բայց եթէ շատ բորբոքի, գիտցի՛ր թէ ան որոշեր է չարիք ընել ինծի։

8

Ուստի կարեկցութեա՛մբ վարուէ ծառայիդ հետ, քանի որ դուն Տէրոջ անունով ուխտ կնքեցիր ծառայիդ հետ։ Իսկ եթէ իմ վրաս յանցանք մը կայ, դո՛ւն մեռցուր զիս. ինչո՞ւ զիս հօրդ տանիս»։

9

Յովնաթան ըսաւ. «Հեռո՛ւ ինձմէ, որ ստուգապէս գիտնալով թէ հայրս որոշած է վրադ չարիք բերել, քեզի չիմացնեմ»։

10

Դաւիթ Յովնաթանի ըսաւ. «Հապա եթէ հայրդ քեզի խստութեամբ պատասխանէ, ո՞վ ինծի պիտի իմացնէ»։

11

Յովնաթան Դաւիթի ըսաւ. «Եկո՛ւր, դո՛ւրս ելլենք՝ դէպի դաշտը». ու երկուքն ալ դուրս ելան՝ դէպի դաշտը։

12

Յովնաթան Դաւիթի ըսաւ. «Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը վկայ է. վաղը՝ այս ատեն, կամ միւս օր, եթէ հայրս 10քննելով տեսնեմ թէ Դաւիթի համար բարիք կայ, եւ նոյն ատեն մարդ չղրկեմ ու քեզի չիմացնեմ,

13

Տէրը Յովնաթանի այսպէս եւ ասկէ աւելին ընէ։ Բայց եթէ հօրս 11հաճելի ըլլայ քեզի չարիք մը ընել, ատիկա ալ քեզի պիտի իմացնեմ ու քեզ պիտի արձակեմ, որպէսզի խաղաղութեամբ երթաս։ Տէրը քեզի հետ ըլլայ, ինչպէս իմ հօրս հետ էր։

14

Ո՛չ միայն ողջ եղած ատենս կարեկցութեա՛մբ վարուէ ինծի հետ՝ որպէսզի չմեռնիմ,

15

հապա քու կարեկցութիւնդ իմ տունէս յաւիտեա՛ն մի՛ կտրեր, նոյնիսկ երբ Տէրը Դաւիթի թշնամիներէն իւրաքանչիւրը երկրագունդի մակերեսէն բնաջնջէ»։

16

Յովնաթան Դաւիթի տան հետ դաշինք կնքեց, եւ ըսաւ. «Տէրը Դաւիթի 12թշնամիներէն թող վրէժ առնէ՝՝»։

17

Յովնաթան Դաւիթի վերստին երդում ընել տուաւ՝ զինք սիրելուն համար. արդարեւ զայն իր անձին պէս կը սիրէր։

18

Յովնաթան անոր ըսաւ. «Վաղը ամսագլուխ է, ու դուն պիտի փնտռուիս, քանի որ աթոռդ 13պարապ պիտի մնայ՝՝։

19

Երրորդ օրը շուտո՛վ իջիր, եկո՛ւր այն տեղը՝ ուր գործին օրը պահուըտեցար, եւ նստէ՛ Եզէլի քարին վրայ։

20

Ես անոր քով երեք նետ պիտի արձակեմ՝ նշանակէտի մը վրայ արձակելու պէս,

21

եւ ահա՛ պատանին պիտի ղրկեմ՝ ըսելով. “Գնա՛, նետե՛րը գտիր”։ Եթէ պատանիին ըսեմ. “Ահա՛ նետերը քեզմէ ասդին են, զանոնք ա՛ռ”, այն ատեն եկո՛ւր, որովհետեւ խաղաղութիւն պիտի ունենաս. բան մը չկայ, Տէրը կ’ապրի՛։

22

Բայց եթէ պատանիին 14ըսեմ. “Ահա՛ նետերը քեզմէ անդին են”, այն ատեն գնա՛, քանի որ Տէրը քեզ կը ղրկէ։

23

Այս խօսքին համար, որ ես ու դուն խօսեցանք, ահա՛ Տէրը իմ եւ քու միջեւ յաւիտեան վկայ թող ըլլայ»։

24

Դաւիթ դաշտին մէջ պահուըտեցաւ։ Երբ ամսագլուխը հասաւ, թագաւորը 15ճաշելու համար սեղան նստաւ։

25

Միւս անգամներուն պէս՝ թագաւորը իր աթոռին վրայ նստաւ — պատին կռթնած աթոռին վրայ. Յովնաթան ոտքի ելաւ, Աբեններ Սաւուղի քով նստաւ, իսկ Դաւիթի տեղը պարապ 16մնաց։

26

Սաւուղ այդ օրը ոչինչ խօսեցաւ, քանի որ 17կը մտածէր՝՝. «Անոր բան մը պատահած է. ան մաքուր չէ, անտարակոյս մաքուր չէ»։

27

Հետեւեալ օրը, ամսուան երկրորդ օրն ալ, Դաւիթի տեղը պարապ մնաց. ուստի Սաւուղ իր որդիին՝ Յովնաթանի ըսաւ. «Յեսսէի որդին ինչո՞ւ երէկ եւ այսօր 18կերակուրի չեկաւ»։

28

Յովնաթան Սաւուղի պատասխանեց. «Դաւիթ ինձմէ շատ խնդրեց որ Բեթլեհէմ երթայ,

29

ու ըսաւ. “Կ’աղերսե՛մ, արձակէ՛ զիս, քանի որ այդ քաղաքին մէջ մեր ազգատոհմը զոհ կ’ընէ, եւ իմ եղբայրս՝ ի՛նք ինծի պատուիրեց հոն ըլլալ։ Ուստի հիմա, եթէ քու առջեւդ շնորհք գտած եմ, կ’աղերսե՛մ, 19արձակէ՛ զիս որ երթամ ու եղբայրներս տեսնեմ”. ասոր համար թագաւորին սեղանը չեկաւ»։

30

Սաւուղի բարկութիւնը Յովնաթանի դէմ բորբոքեցաւ, ու անոր ըսաւ. «Ո՛վ վատասերած եւ ըմբոստ կնոջ որդի, ես չե՞մ գիտեր թէ դուն Յեսսէի որդին ընտրեցիր՝ 20քեզ ու մայրդ խայտառակելու՝՝ համար։

31

Արդարեւ՝ որքան ժամանակ որ Յեսսէի որդին երկրի վրայ ողջ ըլլայ, դուն պիտի չհաստատուիս, ո՛չ ալ քու թագաւորութիւնդ. ուստի հիմա մա՛րդ ղրկէ ու զայն ինծի՛ բեր, քանի որ ան մահուան 21արժանի է»։

32

Յովնաթան իր հօր՝ Սաւուղի պատասխանեց, եւ անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ պիտի մեռցուի. անիկա ի՞նչ ըրաւ»։

33

Սաւուղ նիզակը նետեց իրեն, որպէսզի զինք զարնէ։ Այն ատեն Յովնաթան գիտցաւ թէ իր հայրը որոշեր է Դաւիթը մեռցնել։

34

Յովնաթան բորբոքած բարկութեամբ սեղանէն ելաւ, եւ ամսուան երկրորդ օրը 22չճաշեց. արդարեւ Դաւիթի համար վշտացաւ, որովհետեւ իր հայրը զայն խայտառակեր էր։

35

Յովնաթան յաջորդ առտուն դաշտը 23գնաց, ինչպէս Դաւիթի հետ ժամանակ որոշեր էր. իրեն հետ պզտիկ պատանի մը կար։

36

Իր պատանիին ըսաւ. «Այժմ վազէ՛ եւ գտի՛ր իմ արձակած նետերս»։ Մինչ պատանին կը վազէր, ինք նետը անկէ անդին արձակեց։

37

Երբ պատանին Յովնաթանի արձակած նետին տեղը գնաց, Յովնաթան պատանիին ետեւէն պոռալով՝ ըսաւ. «Նետը քեզմէ անդին է»։

38

Նաեւ Յովնաթան պատանիին ետեւէն պոռաց. «Շո՛ւտ ըրէ, արտորա՛, մի՛ կենար»։ Յովնաթանի պատանին նետերը հաւաքեց եւ իր տիրոջ քով եկաւ։

39

Բայց պատանին ոչինչ գիտէր. այս բանը միայն Յովնաթան ու Դաւիթ գիտէին։

40

Յովնաթան իր զէնքերը իր պատանիին տուաւ եւ անոր ըսաւ. «Գնա՛, քաղա՛քը տար»։

41

Երբ պատանին գնաց, Դաւիթ հարաւային կողմէն կանգնեցաւ, դէմքին վրայ գետին ինկաւ ու երեք անգամ երկրպագեց. զիրար համբուրեցին եւ իրարու վրայ լացին, մինչեւ որ Դաւիթ չափէն աւելի շատ լացաւ։

42

Յովնաթան Դաւիթի ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ, ինչպէս երկուքս ալ Տէրոջ անունով երդում ըրինք եւ ըսինք. “Տէրը իմ ու քու միջեւ, եւ իմ զարմիս ու քու զարմիդ միջեւ վկայ ըլլայ՝ յաւիտեան”»։



1 Եբր.՝ անձս կը փնտռէ
2 Եբր.՝ ականջս բանալու
3 Եբր.՝ ծածկէ
4 Եբր.՝ աչքերուդ
5 Եբր.՝ ըսէ
6 Եբր.՝ նոր լուսին
7 Եբր.՝ աչքէ անցընէ
8 Եբր.՝ վազէ
9 Եբր.՝ սա՛ ըսէ
10 Եբր.՝ հետազօտելով
11 Եբր.՝ լաւ
12 Եբր.՝ թշնամիներուն ձեռքէն թող պահանջէ
13 Եբր.՝ պակաս պիտի ըլլայ
14 Եբր.՝ սա՛ ըսեմ
15 Եբր.՝ հաց ուտելու
16 Եբր.՝ եղաւ
17 Եբր.՝ կ’ըսէր
18 Եբր.՝ հացի
19 Եբր.՝ ազատէ՛
20 Եբր.՝ քու ամօթիդ եւ մօրդ մերկութեան ամօթին
21 Եբր.՝ որդի
22 Եբր.՝ հաց չկերաւ
23 Եբր.՝ դուրս ելաւ