1 Samuel 21
Ruth « 1 Samuel 20 ‹ 1 Samuel 21 › 1 Samuel 22 » 2 Samuel
ԴԱՒԻԹ ԽՈՅՍ ԿՈՒ ՏԱՅ ՍԱՒՈՒՂԷՆ
1Դաւիթ Նոբ գնաց՝ Աքիմելէք քահանային։ Աքիմելէք սարսռալով Դաւիթը դիմաւորեց եւ անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ մինակ ես ու քեզի հետ մարդ չկայ»։
2Դաւիթ Աքիմելէք քահանային ըսաւ. «Թագաւորը ինծի բան մը հրամայեց եւ ինծի ըսաւ. “Ո՛չ մէկը ոչինչ թող գիտնայ այն գործէն՝ որուն համար քեզ կը ղրկեմ, ո՛չ ալ քեզի հրամայածէս”։ Ես երիտասարդներուն այսինչ կամ այնինչ տեղը 1որոշեր եմ։
3Հիմա ի՞նչ կայ ձեռքիդ տակ. 2ինծի հինգ հաց տուր, կամ ինչ որ կը գտնուի»։
4Քահանան Դաւիթի պատասխանեց. «Ձեռքիս տակ հասարակ հաց չկայ, միայն սուրբ հաց կայ. եթէ երիտասարդները գոնէ կիներէ զգուշացած են՝ թող ուտեն»։
5Դաւիթ քահանային պատասխանելով՝ անոր ըսաւ. «Իրաւ է թէ կիները մեզմէ 3հեռու մնացին՝՝ 4մեկնած օրէս՝ այսինքն երկու կամ երեք օրէ ի վեր, եւ երիտասարդներուն անօթները 5մաքուր են. այս հացն ալ 6հասարակ կրնայ սեպուիլ՝՝, մանաւանդ որ այսօր անօթներուն մէջ ուրիշ հաց կը սրբացուի»։
6Ուստի քահանան սուրբ հացը տուաւ անոր. արդարեւ հոն ուրիշ հաց չկար, բայց միայն առաջադրութեան հացը, որ Տէրոջ առջեւէն 7կը վերցուէր՝՝, ու 8վերցուած օրը տաք հաց կը դրուէր։
7Այդ օրը Սաւուղի ծառաներէն մէկը հոն՝ Տէրոջ առջեւ արգելափակուած էր. անոր անունը եդովմայեցի Դովեկ էր, եւ Սաւուղի հովիւներուն 9գլխաւորն էր։
8Դաւիթ Աքիմելէքի ըսաւ. «Այստեղ՝ ձեռքիդ տակ՝ նիզակ մը կամ սուր մը չկա՞յ. արդարեւ թագաւորին գործին ստիպողական ըլլալուն համար՝ սուրս ու զէնքերս ինծի հետ չառի»։
9Քահանան ըսաւ. «Ահա՛ Փղշտացի Գողիաթի սուրը՝ որ Էլայի հովիտին մէջ մեռցուցիր. ան եփուտին ետեւը՝ լաթի մը մէջ փաթթուած կը կենայ։ Եթէ ուզես զայն առնել՝ ա՛ռ, քանի հոս անկէ ուրիշը չկայ»։ Դաւիթ ըսաւ. «Անոր նմանը չկայ. զայն տո՛ւր ինծի»։
10Դաւիթ կանգնեցաւ եւ այդ օրը Սաւուղի 10պատճառով փախաւ, ու Գէթի Անքուս թագաւորին գնաց։
11Անքուսի ծառաները անոր ըսին. «Ասիկա Դաւիթը չէ՞, երկրին թագաւորը. իր մասին չէ՞ր որ պարողները 11խմբերգելով կ’ըսէին. “Սաւուղ իր հազարաւորները զարկաւ, Եւ Դաւիթ՝ իր բիւրաւորները”»։
12Դաւիթ այս 12խօսքերէն ազդուեցաւ՝՝, ու Գէթի թագաւորէն՝ Անքուսէն շատ վախցաւ։
13Անոնց առջեւ իր դատողութիւնը այլափոխելով՝ անոնց ձեռքերուն մէջ ինքզինք խենթ ձեւացուց. դռներու փեղկերուն վրայ նշաններ կը գծէր, եւ իր լորձունքը մօրուքին վրայ կը վազցնէր։
14Անքուս իր ծառաներուն ըսաւ. «Ահա՛ այս մարդուն խելագար ըլլալը տեսաք, զայն ինչո՞ւ ինծի բերիք։
15Միթէ ես խելագարներու կարօ՞տ եմ, որ ատիկա իմ առջեւս բերիք խելագարութիւն ընելու համար. ատիկա իմ տո՞ւնս պիտի մտնէ»։