1 Samuel 22
Ruth « 1 Samuel 21 ‹ 1 Samuel 22 › 1 Samuel 23 » 2 Samuel
ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ՋԱՐԴԸ
1Դաւիթ անկէ գնաց, եւ Ոդողոմի քարայրը խոյս տուաւ։ Իր եղբայրներն ու հօր ամբողջ տունը լսեցին, եւ հոն իջան՝ անոր քով։
2Բոլոր տուայտող, պարտք ունեցող ու դառնասիրտ մարդիկը անոր քով հաւաքուեցան, եւ ինք անոնց պետը եղաւ. անոր քով չորս հարիւրի չափ մարդ եղաւ։
3Դաւիթ անկէ Մովաբի Մասփան գնաց, եւ Մովաբի թագաւորին ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, իմ հայրս ու մայրս ձեր քով թող 1կենան, մինչեւ որ գիտնամ թէ Աստուած ինծի ի՛նչ պիտի ընէ»։
4Զանոնք Մովաբի թագաւորին առջեւ առաջնորդեց, եւ անոնք անոր քով բնակեցան՝ որքան ժամանակ որ Դաւիթ 2բերդին մէջ կեցաւ։
5Գադ Մարգարէն Դաւիթի ըսաւ. «Բերդին մէջ մի՛ մնար։ Գնա՛ եւ Յուդայի երկի՛րը մտիր»։ Դաւիթ ալ գնաց ու Հարէթի անտառը հասաւ։
6Սաւուղ լսեց թէ Դաւիթ եւ անոր հետ եղող մարդիկը գտնուած են։ Սաւուղ Գաբաայի մէջ՝ Ռամայի 3ծառին տակ նստած էր. իր նիզակը ձեռքն էր, բոլոր ծառաներն ալ քովը կայնած էին։
7Սաւուղ քովը կայնող ծառաներուն ըսաւ. «Այժմ մտի՛կ ըրէք, ո՛վ Բենիամինեաններ. միթէ Յեսսէի որդին բոլորիդ ալ արտեր եւ այգինե՞ր պիտի տայ, բոլորդ ալ հազարապետներ ու հարիւրապետնե՞ր պիտի նշանակէ,
8որ բոլորդ ինծի դէմ դաւադրած էք։ Ո՛չ մէկը 4ինծի կ’իմացնէ՝՝ թէ Յեսսէի որդին դաշինք կնքած է իմ որդիիս հետ, ձեզմէ ո՛չ մէկը ինծի համար կը ցաւի եւ ինծի կ’իմացնէ՝՝ թէ ի՛մ որդիս ինծի դէմ ոտքի հանած է ծառաս, որպէսզի դարան մտնէ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ»։
9Սաւուղի ծառաներուն վերակացուն՝ եդովմայեցի Դովեկ պատասխանեց. «Յեսսէի որդին տեսայ, որ Նոբ եկաւ Աքիտովբի որդիին՝ Աքիմելէքի։
10Ինք ալ անոր համար Տէրոջ հարցուց, անոր պաշար տուաւ եւ անոր յանձնեց Փղշտացի Գողիաթի սուրը»։
11Այն ատեն թագաւորը մարդ ղրկեց, Աքիտովբի որդին՝ Աքիմելէք քահանան ու անոր հօր ամբողջ տունը — Նոբի մէջ եղող քահանաները — կանչեց, եւ բոլորն ալ թագաւորին եկան։
12Սաւուղ ըսաւ. «Այժմ մտի՛կ ըրէ՛, ո՛վ Աքիտովբի որդի»։ Ան ալ պատասխանեց. «Ահա՛ հոս եմ, իմ տէ՛րս»։
13Սաւուղ անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ դուն ու Յեսսէի որդին ինծի դէմ դաւադրեցիք, եւ դուն անոր հաց ու սուր տուիր, եւ անոր համար Աստուծոյ հարցուցիր, որպէսզի ան ինծի դէմ կանգնի ու դարան մտնէ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ»։
14Աքիմելէք թագաւորին պատասխանեց. «Քու բոլոր ծառաներուդ մէջ ո՞վ Դաւիթի պէս հաւատարիմ է. ան թագաւորին փեսան է, քու 5ատեանիդ վերակացուն՝՝, ու տանդ մէջ պատուաւոր է։
15Միթէ այսօ՞ր սկսայ Աստուծոյ հարցնել անոր համար. ամե՛նեւին։ Թագաւորը իր ծառային եւ իմ հօրս ամբողջ տան այսպիսի արարք թող չվերագրէ, քանի որ քու ծառադ այս բոլորէն ոչինչ գիտէր, պզտիկ կամ մեծ»։
16Թագաւորը ըսաւ. «Ա՛նպատճառ պիտի մեռնիս, Աքիմելէ՛ք, թէ՛ դուն եւ թէ հօրդ ամբողջ տունը»։
17Թագաւորը իր քով կայնող սուրհանդակներուն ըսաւ. «Դարձէ՛ք ու մեռցուցէ՛ք Տէրոջ քահանաները, որովհետեւ անոնց ձեռքն ալ Դաւիթի հետ է. արդարեւ անոր փախչիլը գիտցան, սակայն 6ինծի չիմացուցին՝՝»։ Բայց թագաւորին ծառաները չուզեցին իրենց ձեռքը երկարել՝ Տէրոջ քահանաներուն վրայ յարձակելու համար։
18Ուստի թագաւորը Դովեկի ըսաւ. «Դո՛ւն դարձիր եւ յարձակէ՛ քահանաներուն վրայ»։ Եդովմայեցի Դովեկ դարձաւ ու յարձակեցաւ քահանաներուն վրայ. այդ օրը ան ութսունհինգ մարդ մեռցուց, որոնք կտաւէ եփուտ կը հագնէին։
19Նաեւ Նոբը, քահանաներուն քաղաքը, սուրի բերանէ անցուց — այր մարդիկն ու կիները, երախաները եւ ծծկերները, եզները, էշերն ու ոչխարները սուրի բերանէ անցուց։
20Աքիտովբեան Աքիմելէքի մէկ որդին, որուն անունը Աբիաթար էր, խոյս տուաւ ու փախաւ՝ Դաւիթի ետեւէն գնաց։
21Աբիաթար Դաւիթի պատմեց թէ Սաւուղ Տէրոջ քահանաները մեռցուց։
22Դաւիթ Աբիաթարի ըսաւ. «Ես այն օրը գիտէի թէ եդովմայեցի Դովեկ՝ հոն գտնուելով՝ անշուշտ Սաւուղի պիտի իմացնէ։ Ե՛ս 7պատճառ եղայ՝՝ քու հօրդ տան բոլոր անձերուն մահուան։
23Քո՛վս կեցիր, մի՛ վախնար. արդարեւ իմ անձս փնտռողը քու անձդ ալ կը փնտռէ, բայց դուն քովս 8ապահով ես»։