Loading...

1 Samuel 23

Ruth  «  1 Samuel 22  ‹  1 Samuel 23  ›  1 Samuel 24  »  2 Samuel


ԴԱՒԻԹ Կ’ԱԶԱՏԷ ԿԷԻԼԱ ՔԱՂԱՔԸ

1

Դաւիթի իմացուցին՝ ըսելով. «Ահա՛ Փղշտացիները Կէիլայի դէմ կը պատերազմին եւ կալերը կը կողոպտեն»։

2

Դաւիթ Տէրոջ հարցուց. «Երթա՞մ ու զարնե՞մ այս Փղշտացիները»։ Տէրը Դաւիթի ըսաւ. «Գնա՛, Փղշտացիները զա՛րկ եւ Կէիլան ազատէ՛»։

3

Դաւիթի մարդիկը անոր ըսին. «Ահա՛ մենք հոս՝ Յուդայի մէջ կը վախնանք. ալ ո՜րչափ աւելի՝ եթէ Կէիլա երթանք, Փղշտացիներու զօրասիւներուն դէմ»։

4

Դաւիթ վերստին Տէրոջ հարցուց։ Տէրը անոր պատասխանեց. «Կանգնէ՛, Կէիլա՛ իջիր, քանի որ Փղշտացիները քու ձեռքդ պիտի մատնեմ»։

5

Ուստի Դաւիթ իր մարդոցմով Կէիլա գնաց, Փղշտացիներուն դէմ պատերազմեցաւ, անոնց խաշինքը 1առաւ ու զանոնք մեծ պարտութեան մատնեց։ Այսպէս Դաւիթ Կէիլայի բնակիչները ազատեց։

6

Երբ Աքիմելէքի որդին՝ Աբիաթար, Դաւիթի քով՝ Կէիլա փախաւ, եփուտը ձեռքը բռնած էր՝ իջնելու ատեն։

7

Երբ Սաւուղի իմացուցին թէ Դաւիթ Կէիլա մտած է, Սաւուղ ըսաւ. «Աստուած իմ ձեռքս մատնած է զայն, քանի որ փակուած է՝ դռներ եւ նիգեր ունեցող քաղաքի մը մէջ մտնելով»։

8

Սաւուղ ամբողջ ժողովուրդը պատերազմի կանչեց, որպէսզի Կէիլա իջնէ ու Դաւիթը եւ անոր մարդիկը պաշարէ։

9

Իսկ Դաւիթ, գիտնալով թէ Սաւուղ 2գաղտնի չարիք կը մտադրէ իրեն դէմ, Աբիաթար քահանային ըսաւ. «Եփո՛ւտը մօտեցուր»։

10

Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, Իսրայէլի՛ Աստուած, քու ծառադ ստուգապէս լսեց թէ Սաւուղ Կէիլա գալ 3կ’ուզէ, որպէսզի քաղաքը իմ պատճառովս կործանէ.

11

Արդեօք Կէիլայի 4բնակիչները զիս անոր ձեռքը պիտի մատնե՞ն, ու ծառայիդ լսածին համաձայն՝ Սաւուղ հոս պիտի իջնէ՞. ո՛վ Տէր, Իսրայէլի՛ Աստուած, կ’աղերսե՛մ, ծառայիդ յայտնէ՛»։ Տէրը ըսաւ. «Պիտի իջնէ»։

12

Դաւիթ ըսաւ. «Կէիլայի բնակիչները զիս եւ իմ մարդիկս Սաւուղի ձեռքը պիտի մատնե՞ն»։ Տէրը ըսաւ. «Պիտի մատնեն»։

13

Ուստի Դաւիթ եւ իր մարդիկը, վեց հարիւր մարդու չափ, կանգնեցան ու Կէիլայէն ելան, եւ ո՛ւր որ կրնային երթալ՝ գացին։ Երբ Դաւիթի Կէիլայէն խոյս տալը Սաւուղի իմացուցին, Սաւուղ հոն երթալէն հրաժարեցաւ։


ԴԱՒԻԹ ԱՄՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

14

Դաւիթ անապատը բնակեցաւ՝ ամրութիւններու մէջ. լեռնակողմը կեցաւ՝ Զիփի անապատին մէջ։ Սաւուղ ամէն օր կը փնտռէր զինք, բայց Աստուած անոր ձեռքը չմատնեց զինք։

15

Դաւիթ տեսաւ թէ Սաւուղ դուրս ելեր է՝ իր անձը փնտռելու. ուստի Դաւիթ Զիփի անապատը մնաց՝ անտառի մը մէջ։

16

Սաւուղի որդին՝ Յովնաթան կանգնեցաւ, անտառը գնաց՝ Դաւիթի քով, եւ անոր ձեռքը Աստուծմով ուժովցուց։

17

Անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, քանի որ իմ հօրս՝ Սաւուղի ձեռքը քեզ պիտի չգտնէ։ Դուն Իսրայէլի վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս, ու ես քու 5փոխանորդդ պիտի ըլլամ։ Ասիկա իմ հայրս՝ Սաւուղ ալ գիտէ»։

18

Երկուքը Տէրոջ առջեւ ուխտ կնքեցին. Դաւիթ անտառին մէջ մնաց, իսկ Յովնաթան իր տունը գնաց։

19

Զիփացիները Գաբաա բարձրացան՝ Սաւուղի քով, եւ ըսին. «Ահա՛ Դաւիթ մեր քով պահուըտած է՝ անտառին ամրութիւններուն մէջ, Եքեղա բլուրին վրայ, Եսիմոնի հարաւային կողմը։

20

Ուստի հիմա, ո՛վ թագաւոր, քանի քու անձդ իջնելու կը փափաքի՝ իջի՛ր, ու մե՛նք զայն թագաւորին ձեռքը պիտի մատնենք»։

21

Սաւուղ ըսաւ. «Դուք Տէրոջմէն օրհնեա՜լ ըլլաք, քանի որ իմ վրաս արգահատեցաք։

22

Այժմ գացէ՛ք, աւելի՛ ստուգապէս գիտցէ՛ք ու տեսէ՛ք անոր ոտքին կոխած տեղը, եւ հասկցէ՛ք թէ ո՛վ զայն հոն տեսեր է. արդարեւ ինծի ըսած են թէ ան շատ խորամանկ է։

23

Ուստի նայեցէ՛ք, անոր բոլոր թաքստոցները գիտցէ՛ք՝ ուր կը պահուըտի, եւ այսպէս ստուգելով՝ ինծի՛ վերադարձէք, որպէսզի ձեզի հետ երթամ. եթէ ան այդ երկրին մէջ է, Յուդայի բոլո՛ր հազարաւորները պիտի խուզարկեմ՝ զայն գտնելու համար»։

24

Անոնք ալ կանգնեցան եւ Սաւուղի առջեւէն Զիփ գացին. իսկ Դաւիթ իր մարդոցմով Մաոնի անապատն էր, դաշտին մէջ, Եսիմոնի հարաւային կողմը։

25

Սաւուղ իր մարդոցմով զայն փնտռելու գնաց։ Երբ Դաւիթի իմացուցին՝ ժայռը իջաւ, եւ Մաոնի անապատը բնակեցաւ։ Սաւուղ լսեց, ու Դաւիթը հետապնդեց Մաոնի անապատին մէջ։

26

Մինչ Սաւուղ լերան այս կողմէն կ’երթար, Դաւիթ ալ իր մարդոցմով լերան միւս կողմէն կ’երթար։ Դաւիթ կ’աճապարէր որ Սաւուղի 6առջեւէն փախչի, իսկ Սաւուղ եւ իր մարդիկը Դաւիթն ու անոր մարդիկը շրջապատեցին՝ որպէսզի զանոնք բռնեն։

27

Բայց լրաբեր մը եկաւ եւ Սաւուղի ըսաւ. «Շտապելո՛վ եկուր, որովհետեւ Փղշտացիները երկրին վրայ յարձակեցան»։

28

Ուստի Սաւուղ Դաւիթը հետապնդելէն 7դադրեցաւ, որպէսզի Փղշտացիներուն 8դիմադրէ. հետեւաբար այդ տեղը 9Սելա-Մահլեքոթ կոչուեցաւ։



1 Եբր.՝ տարաւ
2 Եբր.՝ լուռ կերպով
3 Եբր.՝ կը փնտռէ
4 Եբր.՝ տէրերը
5 Եբր.՝ երկրորդդ
6 Եբր.՝ երեսէն
7 Եբր.՝ դարձաւ
8 Եբր.՝ դէմ երթայ
9 Այսինքն՝ վէմ բաժանումներու